ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».- Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Կիրակի օր հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Միշելի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի աւարտին, Ալիեւ յայտարարեց. «Կը գտնուինք ենթակառոյցներու կառուցման աշխուժ փուլին մէջ» եւ պնդեց, թէ Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ «պիտի կառուցուին 3 միջազգային օդակայաններ, առաջինը՝ Ֆիզուլիի մէջ (Վարանդա), որ պիտի գործարկուի տարեվերջին, երկրորդը՝ Զանգելանի (Կովսական) մէջ, երրորդը՝ Լաչինի (Բերձոր) մէջ: Վերջինիս կառուցումը կը նախատեսուի աւարտին հասցնել 2023ին»:
«Շրջանին մէջ հաղորդակցական կապերու բացումը Ատրպէյճանին պիտի արտօնէ Հայաստանի տարածքով ապահովել կապը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ: Նոյն ժամանակ սկսած է երկաթուղիի կառուցումը Հայաստանի հետ սահմանի երկայնքով, սկսած է մայրուղիներու կառուցումը Հայաստանի հետ սահմանի երկայնքով: Մեր տարածքին մէջ մենք պէտք է շուրջ 100 քիլոմեթր երկարութեամբ մայրուղիներ եւ երկաթուղիներ կառուցենք դէպի Հայաստան, Հայաստանի տարածքին մէջ պիտի ըլլայ շուրջ 40 քիլոմեթր: Շրջանին մէջ հաղորդակցական ուղիներու բացումը զուգահեռ պէտք է տեղի ունենայ», ըսաւ Ալիեւ՝ նշելով, որ ասոնք Հայաստանի համար պիտի ապահովեն կապը Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ, իսկ Ատրպէյճանի համար կարելիութիւն պիտի ստեղծեն յաւելեալ կապ ունենալու Նախիջեւանի հետ:
Ըստ անոր, շրջանի 4 երկիրներ կ՛աջակցին այս մօտեցումին՝ Ատրպէյճան, Իրան, Ռուսիա եւ Թուրքիա:
«Հաղորդակցութեան բոլոր կապերը պէտք է միաժամանակ բացուին, եւ որեւէ խտրականութիւն պէտք չէ դրսեւորուի այս առումով», աւելցուց Ալիեւ՝ շեշտելով. «Կը սպասեմ Հայաստանի դրական արձագանգին, որ պէտք չէ ընտրովի ըլլայ, անկէ ետք շրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ բարգաւաճումը իրականութիւն պիտի դառնան»: