Չորեքշաբթի,17 Յուլիս 2019-ին, Պէյրութի մէջ, Լիբանան, տեղի պիտի ունենայ «Կիլիկիա՝ Առիւծներու Երկիրը» ժապաւէնին նախագծային հատուածներու անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Փաստավաւերագրական այս կարճամեթրաժ ժապաւէնը ցոյց կու տայ Հայոց Պատմութեան մեծագոյն էջերէն մէկը, Փոքր Ասիոյ մէջ հիմնուած Կիլիկիոյ Թագաւորութիւնը, իր երեք դարերու գոյութեան ընթացքին (1080-1375), երբ հայերը դիմադրեցին ամէն տեսակ թշնամիներ, պայքարեցան ազատութեան համար, ստեղծեցին իշխանութիւն, ապա՝ հզօր թագաւորութիւն: Ժապաւէնը կը բաղկանայ երեք մասերէ:
Այս արտադրութիւնը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի հայ մշակոյթին համար, որովհետեւ երեք դարերու շնչահեղձ պատմութիւնը աւելի քան բաւարար էր իր կարեւոր տեղը ապահովելու պատմութեան էջերուն եւ ողջ հայութեան սրտերուն մէջ:
Ժապաւէնը կը պատմէ Կիլիկիոյ փառահեղ ու հզօր թագաւորութեան մասին: Պատմական բնոյթ կրող առկայ ժապաւէններուն մէջ սոյն արտադրութիւնը իր ոլորտին մէջ միակն է:
Ժապաւէնը նախաձեռնած է Լիբանանի Խաչատուրեան ընտանիքը եւ ԳՈՀԱՐ-ը, Յարութ Խաչատուրեանի անգնահատելի մեկենասութեամբ` նպաստելու Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութեան փառահեղ պատմութեան պահպանման ու տարածմանը:
Եռամաս ժապաւէնին արտադրութիւնը կը համապատասխանէ պատմական տեսակի ժամանակակից բոլոր չափանիշները, Հայաստանի մէջ գործող՝ «Տոմինօ Փրոտաքշըն» ընկերութեան արտադրութեամբ, արհեստագիտական եւ մասնագիտական յառաջադէմ արտադրութիւն մը: Այս տեսակի եւ նմանօրինակ արտադրութիւն ցարդ չէ ներկայացուած հայկական աշխարհին մէջ:
Ժապաւէնի առաջին բաժինը կը ներկայացնէ Կիլիկիոյ երեք դարերու պատմութեան առաջին շրջանը՝ (1080-1198) սկսելով 11-րդ դարու իշխանութեան հիմքերէն, մինչեւ մեծագոյն հայ թագաւորները՝ Ռուբինեան տոհմին Լեւոն թագաւորը: Առաջին ժապաւէնին գլխաւոր հերոսներն են Թորոս Բ. Իշխան, Լեւոն Բ. Իշխանը՝ ծանօթ իբրեւ «Լեռներու Տէրը», որ Խաչակիրներու արշաւանքներուն հետ իր մասնակցութիւնը բերելով, յայտարարեց Կիլիկեան Թագաւորութիւնը եւ պսակադրուեցաւ իբրեւ Լեւոն Ա. Թագաւոր։
Երկրորդ ժապաւէնը ոչ միայն կը յենի պատմական փաստերու վրայ, այլ նաեւ խորաթափանց կերպով կը նկարագրէ Կիլիկիոյ իշխաններուն միջեւ հակամարտութիւնները եւ ներքին հալածանքները, պատկերացում մը կու տայ ազնուական ընտանիքներուն միջեւ տիրող փոխյարաբերութիւններուն մասին: Հիմնականը՝ ան կը կեդրոնանայ Կիլիկիոյ գահին միակ ժառանգորդ Զապէլին շուրջ: Անոր ամուսնութիւնը իր իշխանին զաւակին՝ Հեթում Ա.-ին հետ, յետագային Ռուբինեան Հարստութիւնը անուանելով Հեթումեան Արքայատոհմ՝ նոր թագաւորին անունով։
Վերջին կարժամեթրաժը ցոյց կու տայ այն ժամանակները, երբ Կիլիկիան, իբրեւ հզօր հիմքերու վրայ ստեղծուած թագաւորութիւն, բազմաթիւ մշակութային եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունեցած է Եւրոպայի հետ: Սակայն յետագային մնայուն թշնամական արշաւանքներու պատճառով, աստիճանաբար կը թուլանայ Կիլիկիոյ Թագաւորութեան հզօր ուժը: Վերջին քանի մը կատաղի մարտերը, գերհզօր Մեմլուքներու բանակներուն դէմ, մահացու կը դառնան Կիլիկիոյ թագաւորութեան համար։ Երեք հարիւրամեակներու ուշագրաւ պատմութենէն ետք, թագաւորութիւնը կը կործանի: Ժապաւէնին վերջին տեսարանը կը ներկայացնէ Կիլիկիոյ վերջին թագաւոր Լեւոն Ե. թագաւորի յուղարկաւորութեան պատկերը: Անոր գերեզմանը կը գտնուի Ֆրանսայի Սէնթ-Տընիզ քաղաքը:
Կիլիկիոյ Թագաւորութեան մասին «Կիլիկիա՝ Առիւծներու Երկիրը» վաւերագրական կարճամեթրաժ եռամաս ժապաւէնը առաջին շարժանկարային (cinematography) արտադրութիւնն է: Անոր հեղինակները նպատակ կը հետապնդեն միջազգային շուկայ հասցնել ժապաւէնը: