Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց գրառումներ, որոնք կը վերաբերին Կիներու միջազգային օրուան եւ Ուսուցչաց տօնին:
Առաջին առիթին վերաբերող գրառումին մէջ երեսփոխան Բագրատունի կը նշէ. «Կինը հասարակութեան կէսը չի կազմեր, այլ անոր հիմքը: Հայրենասիրութեան անոր դաստիարակութիւնը կը կերտէ պարկեշտ քաղաքացին, իսկ անոր մարմնաւորած դիմադրութիւնը կը կերտէ տոկացող ժողովուրդ մը: Կիներու միջազգային օրուան առիթով սիրոյ եւ արժեւորման ողջոյն անոր»:
Ուսուցչաց տօնին առիթով Յ. Բագրատունի գրեց հետեւեալը. «Հայրենիքները կարելի չէ կերտել առանց կրթութեան եւ ուսման … Անպայման պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք անոնց, որոնք մեր կրթութեան մէջ ներդրում ունեցան, եւ անոնց, որոնք նման ներդրում պիտի ունենան նորահաս սերունդներուն պարագային: Շնորհակալութի՛ւն ուսուցիչներուն»: