Չորեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհ. Քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ:
Դոկտ. Հրայրը, Սրբազան Հօր ներկայացուց եւ ապա նուիրեց Աստուածաշունչի ընկերութեան գերմաներէնէ հայերէնի թարգմանուած մանուկներու յարմար նոր Աստուածաշունչը՝ «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ» խորագրով եւ միասնաբար քննարկում եւ արժեւորում մը կատարեցին: Ապա, անոնք ուղղուեցան Նարեկ Վարժարան, ուր Տնօրէնուհի՝ Տիկին Վերա Մկրտիչեան – Թահմազեանի հետ այցելեցին Նախակրթարանի վերջին հինգ դասարանները եւ 122 աշակերտներու նուիրեցին նոր հրատարակուած Աստուածաշունչը, նախ ներկայացուցին նոր հրատարակուած մանկական Աստուածաշունչը, հարցումներ ըրին եւ բացատրութիւններ տուին աշակերտներէն իրենց ուղուած հարցերուն:
Յայտնենք, որ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը, միջեկեղեցական ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է եւ անդամ՝ Համաշխարհային Միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերութիւններուն: Սոյն կազմակերպութեան առաքելութիւնն է Աստուածաշունչը թարգմանել եւ բաժնել, որպէսզի աշխարհի բոլոր ժողովուրդները Աստուածաշունչը կարդան իրենց մայրենի լեզուով:
25 Նոյեմբեր 2021 Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի
Նիկոսիա – Կիպրոս