Հայ մամուլին նուիրուած որեւէ տօնակատարութիւն կամ ձեռնարկ ինքնին մեր աշխարհատարած դրութեան եւ հայկական ցանցային աշխարհին կը վերաբերի. այսօրուան համակարգին մէջ ամէնէն շատ մամուլն է, որ իր բոլոր եղանակներով աշխարհագրական սահմանները արագօրէն կը ճեղքէ եւ իրարու կը միացնէ հայկական աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող հայ մարդիկը:
Այսօրուան այժմէական խնդիրներուն անդրադարձ կատարելով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը հռչակէր Հայ մամուլի տարի, որ շուտով իր աւարտին կը հասնի: Կը նախատեսուէր, որ տարուան ընթացքին զանազան միութիւններ, կազմակերպութիւններ այս հռչակումին ընդառաջ կազմակերպէին մամլոյ ցուցահանդէսներ, սեմինարներ, քննարկումներ կամ պարզապէս` ձեռնարկներ: Այդ բոլորը առիթ պիտի ըլլային` քննարկելու հայ մամուլի անցած ուղին, նուաճումները, դիմագրաւած դժուարութիւնները, բայց մանաւանդ` հեռանկարային խնդիրները: Թէ ի՞նչ կը սպասէ հայ մամուլին այսօր իբրեւ լրատուամիջոց, իբրեւ տեսակէտ արտայայտող հարթակ, իբրեւ վերլուծում հրամցնող միջոց եւ ամէնէն կարեւորը` հանրային կարծիք ստեղծող գործիք:
Պէտք է ըսել, որ Անթիլիասի մէջ յուլիսին տեղի ունեցած Մամլոյ համահայկական համաժողովը իր մասնակիցներու թիւով, իր արծարծած հարցերու այժմէականութեամբ եւ մանաւանդ մասնակիցներու ցուցաբերած մասնագիտական որակով կարեւոր շրջադարձ մը կը համարուի մամլոյ համահայկական համախմբումներու շարքին մէջ:
Այդ համահայկական աշխատանքը մեկնարկած էր 90-ական թուականներուն, երբ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութիւնը Երեւանի մէջ կը նախաձեռնէր նման համաժողովներ. ապա անոր միացած էր Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւնը, եւ վերջապէս, սփիւռքի նախարարութեան ձեւաւորումով յառաջացած էր համահայկական համաժողովները համակարգող մարմին, որուն մէջ ներառուած էին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն եւ սփիւռքի մէջ գործող հայկական ամենանշանաւոր լրատուամիջոցներու գլխաւոր դէմքերը:
Սփիւռքի նախարարութեան վերափոխումով անցումային շրջան էր, եւ անհրաժեշտութիւնը կար վերստին համախմբուելու: Այս ժամանակամիջոցին էր, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ձեռնարկէր Մամլոյ համահայկական համաժողովին:
Այս ելակէտը սկզբունքով յատկապէս սփիւռքի մէջ առիթ պէտք էր ծառայէր, որ իւրաքանչիւր շրջան սկսէր լրագրողական մարդուժի համախմբման աշխատանքներուն: Ոչ բոլոր շրջաններն ու համայնքներն են, որ գիտակցեցան առիթի կարեւորութեան` արժեւորելու համար ոչ միայն հայ մամուլը, այլ նաեւ` հայ մամուլի երախտաւորները: Իսկ այս առումով հիմնովին ողջունելի է Կիպրոսի թեմի հոգեւոր եւ Ազգային իշխանութիւններու նախաձեռնութիւնը` արժեւորելու հայ մամուլն ու անոր սպասարկուները:
Կ՛ապրինք յարափոփոխ աշխարհի մէջ, ուր մնայուն փոփոխութիւնը կարծէք ոչ թէ միջոց է, այլ` նպատակ: Այն, ինչ որ արդիական է հիմա, այս վայրկեանին շատ արագ կրնայ նկատուիլ ժամկէտանց: Արհեստագիտութիւնը, տեղեկագիտութիւնը մրցապայքարի մէջ ներքաշած են տարբեր ընկերութիւններ` նորութիւն բերելու եւ այդ նորութեան համար շուկայ գրաւելու իրենց վազքին մէջ:
Այս մրցավազքը որքան ունի իր առաւելութիւնները, այնքան ունի նաեւ իր անպատեհութիւնները: Եւ այս մրցավազքը ամէնէն ցցուն ձեւով կը յայտնուի տեղեկատուական հարթութիւններու վրայ, այսինքն` մերօրեայ մամուլին, եթէ կարելի է այսօրուան լրատուադաշտին տալ մամուլ անունը: Մամուլը կարծէք հնամաշ իմաստ սկսած է ստանալ, որովհետեւ անվերջ կը ձեւափոխուի լրատուամիջոց հասկացողութիւնը:
Մարդ անհատը այսօր ինքը վերածուած է լրատուամիջոցի, որ օրական կրնայ ոչ միայն լրատուութիւն տարածել, այլ նաեւ ինքը լրատուութիւն արտադրել: Անհրաժեշտութիւնը չունի նոյնիսկ կայք հաստատելու. ընկերային ցանցի վրայ կը բանայ իր էջը, կը հաւաքագրէ ընկերներու թիւ, կը ստեղծէ հազարաւոր հետեւողներու ցանց եւ անվերջ, օրը արդէն քանի անգամ, կրնայ տեղեկութիւններով, լուսանկարներով, վիտէոներով հասանելի դառնալ բազմութեան մը: Իր ցանցային ընկերներէն մէկը եթէ ուզէ, իր կարգին իր հազարաւոր ցանցին կը կիսէ այդ նիւթը, եւ առաջին սկզբնաղբիւրի արտադրանքի շուկան կը սկսի բազմապատկուիլ:
Ամէն մարդ տեղեկութիւն ունենալու ոչ միայն իրաւունքը ունի, այլ նաեւ ներկայ դիւրութիւններով կը վայելէ այդ հաճոյքը: Անհատ արտադրողը կը հասնի անհատ սպառողին, որ ճիգի պէտք չունի փնտռտուքներ ընելու. լուրերը իրեն կը հասնին կայծակնային ձեւով. 21-րդ դարու անհատը ամէնէն տեղեկացուածն է բոլոր ժամանակներուն մէջ:
Լուր արտադրելը, ստանալը, բաժնելը, տարածելը հոս չեն աւարտեր այսօրուան համակարգի տարածականութիւնը: Լուրը թողարկողը կը սպասէ ոչ միայն հաւանութեան նշաններու, այլ նաեւ` քննարկումի: Կը սկսի քննարկումը, տեսակէտներու բախումը: Այստեղ արդէն կը ջնջուին լուր տուողին եւ լուրը կարդացողին միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր սահմանները եւ, մեր հասկացողութեամբ, խմբագիրն ու ընթերցողը նոյն հարթակին վրայ կը շարունակեն քննարկումը:
Տակաւին, գրաւոր նիւթին հետզհետէ կը փոխարինէ լուսանկար եւ մէկ տող բացատրական գրութիւնը, մինչ ուղղակի վիտէօ սփռումը
հետզհետէ կը նախընտրուի ձեռնարկի մը թղթակցութեան բնոյթի նիւթէն: Որեւէ ձեռնարկի կարելի է հետեւիլ, երբ ներկաներէն մէկը պարզապէս իր ընկերային ցանցով ուզէ ուղղակի սփռել տեղի ունեցող իրադարձութիւնը:
Այս համակարգը այնքան տարածականութիւն գտած է, որ ընկերային ցանցերը նոյնիսկ կը նախընտրուին պետական ամենաբարձր պաշտօնատարներուն կողմէ. նախագահներ եւ նախարարներ եւ պետական գործիչներ իրենց թուիթըրեան էջերուն վրայ կը նախընտրեն կատարել իրենց յայտարարութիւնները` փոխանակ դասական մամլոյ ասուլիս հրաւիրելու. նոյնը կը կատարուի մեր երկրին մէջ, ուր վարչապետը կը նախընտրէ իր հիմնական յայտարարութիւնները կատարել ընկերային ցանցի վրայ:
Այս պայմաններուն մէջ դասական մամուլը ինչպէ՞ս պիտի շարունակէ իրականացնել իրեն վստահուած գործառոյթները: Ձեռնարկ մը երբ ուղղակի կը սփռուի, իմաստ կ՛ունենայ, լաւագոյն պարագային, յաջորդ օրուան թիւին մէջ հրատարակելը: Լուր մը, երբ ուղղակի կը կարդացուի, կը դիտուի եւ այն ալ բազմաթիւ աղբիւրներէ անհատին կը հասնի, ի՞նչ հրատապութիւն կրնայ ներկայացնել, երբ 24 ժամ ուշացումով պիտի տպուի տպագիր մամուլին մէջ:
Այս երեւոյթին աւելի խորը կ՛ուզենք անդրադառնալ, երբ մտաբերենք, որ համացանցէն առաջ մարդիկ, օրինակ, ուղղակի մարզադաշտ կ՛երթային ֆութպոլի խաղ դիտելու կամ հեռատեսիլէն ուղղակի կը հետեւէին, բայց յաջորդ օրը կը սպասէին օրաթերթերը այնտեղ կարդալու համար այդ խաղի նկարագրականն ու մեկնաբանութիւնը. նոյնիսկ կը սպասէին մարզական շաբաթաթերթին կամ ամսաթերթին` տարբեր դիտանկիւններէ կատարուած նկարագրականները կարդալու:
Հոգեբանական երես մը գոյութիւն ունի այս երեւոյթին մէջ. անհատը կ՛ուզէ վերստին դիտել զինք հետաքրքրած բաժինը: Կ՛ուզէ տեսնել նիւթին տրուած կարեւորութիւնը էջադրումի ճամբով, կ՛ուզէ իմանալ գլխաւոր վերնագիրը, թէ ի՛նչ շեշտած է խմբագիրը: Եւ կարդալ մանաւանդ մեկնաբանութիւնը, վերլուծումը:
Ահա այստեղ է արդէն, որ կ՛առանձնանայ դասական մամուլին իւրայատկութիւնը: Պէտք է նաեւ կարողանանք պատասխանել այն հարցումին, թէ յօդուածագիրը ինչո՞ւ կը նախընտրէ իր յօդուածը տեսնել տպագիր տարբերակին մէջ, քան` ելեկտրոնայինին, երբ խմբագիրը իրեն կ՛առաջարկէ զայն նկատի ունենալ միայն ելեկտրոնային տարբերակի վրայ:
Պէտք է պատասխանել նաեւ այն հարցումին, թէ որեւէ նախաձեռնութեան տէր ինչո՞ւ կը շարունակէ նախընտրել տպագիր մամուլի անդրադարձը իր ծրագրին կամ նախաձեռնութեան, քան` հեռատեսիլինը կամ որեւէ այլ լրատուամիջոցինը: Տպագիրը, կարծէք, մնայունի համոզումը կը փոխանցէ, արխիւայնացումի գաղափար մը հաւանաբար կայ այս բոլորին մէջ, որ ժամանակի հասկացողութեան մէջ դիմանալու նախադրեալները կը պարփակէ իր մէջ:
Բոլոր վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ վերլուծական յօդուած կամ յատկապէս մեկնաբանական գրութիւն մարդիկ կը նախընտրեն դասական ձեւով կարդալ: Միւսը արագ, հակիրճ, տեղեկացնող դրութիւնն է, որ անվերջ նորարարութիւններու պիտի ենթարկուի տակաւին: Մինչ դասականը, որքան ալ նահանջէ, պիտի շարունակէ մնալ իբրեւ անհրաժեշտութիւն, մանաւանդ երբ կ՛առաջադրենք ազատ, բայց պատասխանատու մամուլը, որովհետեւ, տպագիրի պարագային, շատ աւելի շեշտուած է պատասխանատու, հաւաստի եւ անսխալ ու անթերի ըլլալու ինքնամղումը:
Հայաստանի մէջ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը նկատէր, որ ելեկտրոնային տարածքներու վրայ շրջանառուող նիւթերուն կարեւոր բաժինը տպագիր մամուլի արտադրանքն էր: Այսինքն համացանցի եւ ընկերային ցանցերու վրայ քննարկուող հարցերը հիմնականին մէջ իբրեւ սկզբնաղբիւր ունէին տպագիր մամուլի, օրաթերթերու խմբագիրներու արծարծած խնդիրները:
Լրագրողական արուեստն ու ակնկալուած հմտութիւնը այսօր բոլոր միջոցներու լիարժէք օգտագործումն է համատեղ. փաստօրէն չկայ որեւէ տպագիր մամուլի ներկայացուցիչ, որ չունի իր կայքը եւ ընկերային ցանցերու էջերը, չունի տեսանիւթի իր բաժինը, չունի իր արխիւը թուայնացնելու բաժանմունքն ու իր ընթերցողներուն հետ մնայուն հեռակայ եւ ֆիզիքական կապի մէջ ըլլալու առիթները:
Դասական մամուլի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ այսօրուան իրականութեան եւ նորարարութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն հետ հաշուի նստելու պարտաւորութեան տակ է: Նորը պէտք չէ դիտել իբրեւ դասականի ժխտումը եւ` հակառակը: Բոլորի առաւելութիւններու համադրումն է, որ այսօր 21-րդ դարու հայ մամուլին համար կրնայ ստեղծել համեմատաբար զարգացող իրավիճակ: Եւ մամուլը, առաջին հերթին, գաղափարներ տարածողը պիտի ըլլայ մի՛շտ զարգացման ճանապարհին:
Կարելի է արձանագրել հաստատօրէն, որ այս անհրաժեշտ սկզբունքները կը կիրարկուին կիպրահայ համայնքի լրատուադաշտին մէջ: Կիպրոսի մէջ ունինք տպագիր մամուլ, ձայնասփիւռի պատմական ունեցող ժամ եւ ելեկտրոնային մամուլ. բոլորը ոչ միայն իրենց կայքային բաժինը ունին, այլ նաեւ ընկերային ցանցի վրայ` իրենց ներկայութիւնը: Ունինք զուտ ելեկտրոնային մամուլ, որ ելեկտրոնային նամակարշաւով եւ ընկերային ցանցերու վրայ իրենց աշխուժութեամբ գրաւած է բազմաթիւ լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: Այստեղէն ուղղակի կը հեռարձակուին հոգեւոր, ազգային, կուսակցական թէ միութենական ձեռնարկներու, նախաձեռնութիւններու մասին հաղորդումներ, ուղղակի սփռումներ: Տպագիր մամուլի ներկայացուցիչ «Արձագանգ»-ի յօդուածներուն առընթեր, լրատուութիւններու տարածման հիմնական աշխատանք կը կատարեն ելեկտրոնային հրատարակութիւններ «Ազատ Խօսք»-ն ու «Կիպրահայեր»-ը, իսկ ընկերային ցանցերու ճամբով առաջնորդարանի «Լրատու»-ն, «Կիպրոսէն Լուրեր»-ն ու «Այբուբեն»-ը:
Կղզի եւ կղզիացում բառերը այսօրուան համաշխարհայնացած երկրագունդին մէջ իմաստազուրկ են. չկայ մեկուսացում, չկան հեռաւոր ոչ մասնակից հատուածներ: Ցանցերը քանդած են բոլոր սահմանները եւ արագօրէն երկրագունդի հատուածները` կապած իրարու: Այս կղզին նաեւ վաղուց դուրս եկած է աշխարհագրական կղզիացումէն եւ միացած` հայկական աշխարհի տեղեկատուական ցանցին, իր ուշագրաւ դիրքով եւ լուսաբանումներով:
Կիպրահայ համայնքը տեղեկատուական եւ ցանցային կապերով նախ իրարու հետ աղերսութիւններ ձեւաւորած է եւ ապա բացուած` ամբողջ հայկական աշխարհին:
Եւ մամուլի գործիչը այսօր ուր որ ալ գտնուի, եթէ քաղաքական այժմէական հարցերուն պիտի հետեւի, եթէ կիպրական հարցի աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան մասին վերլուծում պիտի կատարէ, եթէ Սուրբ Մակարայ վանքի վերանորոգման աշխատանքներուն քաղաքական իմաստը պիտի ըմբռնէ, եթէ կիպրական հարցի միջազգայնացման մէջ հայկական գործօնի դերը պիտի տեսնէ, պիտի համոզուի, որ կիպրական պետութիւնը համայն աշխարհի պետութիւններէն ամէնէն հայանպաստ դիրքորոշումները ունի ոչ միայն Ցեղասպանութեան հարցի ճանաչումով, այլ նաեւ` քրէականացումով, նոյնիսկ նաեւ` արցախահայութեան ինքնորոշումի իրաւունքը ընդգծող. պիտի համոզուի տակաւին, որ համայնքին նկատմամբ իր կիրարկած քաղաքականութեամբ այս երկրի իրերայաջորդ կառավարութիւնները ձեւաւորած են ամէնէն բարենպաստ ենթահողը` համեմատած տարբեր երկիրներու կառավարութիւններուն: Ու դեռ պիտի անվարան հաստատէ, որ համաեւրոպական կառոյցներուն թէ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին մէջ Կիպրոսի ներկայացուցիչները մնայուն կերպով պիտի պաշտպանեն հայկական կողմին շահերը: Կիպրահայ համայնքի պատկանող թերթերուն եւ լրատուամիջոցներուն հետեւողն է, որ պիտի կարենայ ըմբռնել Նիկոսիոյ, Աթէնքի եւ Երեւանի միջեւ կնքուած եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող համագործակցութեան պայմանագրին կարեւորութիւնը, յատկապէս միեւնոյն պետութեան` Թուրքիոյ պատճառով սփիւռք ունեցող այս ժողովուրդներու հարցերը քննարկող: Կիպրահայ մեր լրատուամիջոցներն են եւ կիպրահայ մեր խմբագիրները, որոնք կը հիմնաւորեն, թէ ինչո՛ւ արցախեան հակամարտութիւնն ու կիպրական հարցը միեւնոյն համեմատութեան մէջ դնող մեր հակառակորդներուն քաղաքական վարկածները ոչ միայն պատմական աղերսներ չունին, այլ նաեւ քաղաքականօրէն ընկալելի չեն կրնար ըլլալ. Արցախը ազատագրուած է, մինչ հիւսիսային Կիպրոսը` բռնագրաւուած: Իրենց մեկնաբանութիւններուն հետեւելով է, որ բռնագրաւուած Կիպրոսի մէջ հայկական իրաւունքներու վերականգնման համար ինչ ուղիներ պէտք է փնտռէ հայ քաղաքական միտքը` եւրոպական նորմերուն ընդառաջ հայոց կրօնական եւ ազգային իրաւունքները պաշտպանելու համար: Կիպրոսի մեր թերթերը կարդացողները, ձայնասփիւռի ժամի ունկնդիրները, ելեկտրոնային կայքի թէ իմէյլարշաւի կամ ընկերային ցանցերու արտադրած նիւթերուն ծանօթացողներն են, որ կրնան ճիշդ հասկնալ կիպրական ջուրերու մէջ Թուրքիոյ կատարած ոտնձգութիւններուն վտանգաւորութեան չափը:
Պէտք է անպայման «Արձագանգ»-ի էջերը ուսումնասիրել, «Ազատ Խօսք»-ի յօդուածները կարդալ, «Կիպրահայեր»-ուն թողարկած արագ լրատուութեան հետեւիլ, առաջնորդարանի հոգեւոր եւ ազգային գործունէութեան մասին տեղեկանալ, կիպրահայութեան վերաբերող իրադարձութիւններուն տեղեկանալ օտարալեզու կայքով, թէ «Այբուբեն»-ի կամ «Կիպրոսէն Լուրեր»-ու ճամբով իմանալու համար այս համայնքի ներկայացուցած կարեւորութիւնը համահայկական աշխատանքներուն մէջ: Այս բոլորին վրայ նաեւ աւելցնել սփիւռքահայ թերթերէն «Արարատ»-ն ու «Պայքար»-ը խմբագրելու փորձառութիւն ամբարած մամուլի գործիչներու մասնակցութիւնը ընդհանուր աշխատանքին: Հայկական գործօնի մասին կիպրական նշանաւոր երեւումը կը պարտինք Հայ դատի աջակից կիպրահայ եւ կիպրացի լրագրողներուն: Այն փաստը միայն, որ Եւրոմիութեան անդամ այս երկրի կարեւոր քաղաքներէն մէկուն քաղաքապետական խորհուրդը ամենաբազմանդամ պատուիրակութեամբ կ՛այցելէ Արցախ, յստակօրէն կ՛ընդգծէ այն, որ Կիպրոսը կիպրահայ համայնքի քաղաքական գործօնի ներդրումով էապէս սատար կը հանդիսանայ Արցախի միջազգային ճանաչելիութեան: Եւ վերջապէս, Նիկոսիա-Երեւան միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման, ռազմականէն մինչեւ կրթական համակարգերու միջեւ ընթացող կապերը սերտացնելու հեռանկարին ընդառաջ ընթերցողն ու մամլոյ գործիչը, ուր որ ալ գտնուի, կը նկատէ, թէ ինչպէ՛ս հետեւողականօրէն կ՛իրականանան պատուիրակութիւններու փոխայցելութիւններն ու անոնց հետեւող գործնական արդիւնքը:
Սփիւռքահայ ազգային քաղաքական միտքը անպայման պէտք ունի հետեւելու կիպրահայ լրատուամիջոցներու թողարկած նիւթերուն, մեկնաբանութիւններուն եւ վերլուծումներուն` վերահամոզուելու, թէ ինչպիսի՛ հսկայ աշխատանք տարուած է պետական ներկայացուցիչի, հոգեւոր եւ Ազգային իշխանութեան եւ կիպրահայ կազմակերպութիւններու կողմէ` այս հանրագումարը ձեռք ձգելու համար:
Կիպրահայ լրատուադաշտն է, որ իր տպագիր մամուլով, ձայնասփիւռի ժամով, ելեկտրոնային կայքերով թէ ընկերային ցանցերով այսօր իւրայատուկ տեղ ու դեր ունի համահայկական տեղեկատուադաշտի մէջ. եւ իբրեւ այդպիսին` իր նպաստը կը բերէ համահայկական մտածողութեան եւ համահայկական հասարակութեան ձեւաւորման մէջ:
Այս առաջադրանքին մէջ մեծ է աւանդն ու ներդրումը կիպրահայ մամուլի գործիչներուն, որոնց տարիներու աշխատանքը, քրտինքն ու ժամանակը, անմնացորդ ծառայելը հարստացուցած են եւ կը հարստացնեն սփիւռքահայ մամուլը: Եւ վստահ եղէք, որ մամուլի ոեւէ գործիչ, ուր որ ալ գտնուի, տարուան ընթացքին, բազմաթիւ հանգրուաններու եւ կարեւոր իրադարձութիւններու համար իր ուշադրութիւնը պիտի շարունակէ սեւեռել կիպրահայ մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներու թողարկած լուրերուն եւ մեկնաբանութիւններուն վրայ:
Կիպրահայ մամուլը իր բոլոր ներկայացուցիչներով յաւելեալ արժէք է համահայկական լրատուադաշտին: Վարձքը կատար` այս առաքելութեան լծուած կիպրահայ մամուլի բոլոր գործիչներուն:
Շնորհակալութի՛ւն:
Շահան Գանտահարեանի խօսքը, Հայ մամուլի տարուան առիթով 11 հոկտեմբերին, Նիկոսիոյ մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին առիթով: