Հինգշաբթի առաւօտեան, Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին նուիրուած լիագումար նիստ: Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ կիպրոսի խորհրդարանի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը: Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առիթով, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ երթ մայրաքաղաք Նիկոսիայի մէջ: Երթին մասնակիցները ծաղկեպսակ պիտի զետեղեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին մօտ: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք պիտի առնեն երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեանը, Կիպրոսի բարեջան առաջնորդ արքեպիսկոպոս Վարուժան Հերկելեանը եւ Նիկոսիոյ քաղաքապետ Ստրովովոս Լազարոս Սավիեսը: Շաբաթ, 20 Ապրիլին, հայ համայնքի զաւակներ արեւան տուուչութիւն պիտի կատարեն Կիպրոսի գլխաւոր հիւանդանոցի արեան դրամատան: