Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն մէկուն էր:
Մեր թեկնածուներէն մէկը կը խօսէր կրակոտ ճառեր, որոնք կը վերջանային սրտագին կոչով մը՝ ուղղուած «հայ, ասորի, սրիանի, աշուրի, քլդանի, յոյն, կաթողիկէ, աւետարանական…» համայնքներուն եւ հայցելով անոնց անվերապահ զօրավիգը…:
Եւ թերթերը կը փութային բառացի տպել անոր ոգեւորիչ ճառերը:
Առաջին ընթերցումիս չհաւատացի աչքերուս, որ երեսփոխան մը ասորին եւ սրիանին նկատէ երկու տարբեր համայնքներ. ուստի գրեցի խմբագրութեան՝ բացատրելով, որ ասոնք նոյն բանն են, խնդրելով, որ տեղեակ պահէ արժանապատիւ ենթական այս ամօթալի շփոթին: Եւ ահա քանի մը օր ետք կարդացի նոյն թերթին մէկ այլ թղթակցութիւնը, ուր ասորին եւ սրիանին դա՛րձեալ կը ներկայանային իբրեւ երկու տարբեր համայնքներ: Պարզ է, որ եթէ մեր ապագայ երեսփոխանին համար կարեւորութիւն չունէր նման շփոթ մը, ան կարեւորութիւն չունէր անոր ճառերը տպող թերթին համար եւս. չէ՞ որ նման գտանէ զնման իւր:
Լուսահոգի Յակոբ Իսկենտերեանը, հրաշալի զրուցակից մը ըլլալէ բացի, նաեւ փիլիսոփայ էր եւ նման կացութիւններու առթիւ լայն ու առինքնող ժպիտով մը կ’ըսէր. «Ամէն որդնոտած լուբիա իր գնորդը կ’ունենայ»,− եւ անշուշտ թրքերէն կ’ըսէր, որովհետեւ ասոյթին ծագումը թրքական է եւ համն ալ… ճի՛շդ անոր մէջն է:
* * *
Նոր սերունդին համար այս անունները գրեթէ բոլորովին օտարոտի են, իսկ մնացեալին համար ալ բաւական շփոթելի: Ասոնց պատշաճ իմացութիւնը կ’ենթադրէր հայոց եւ ընդհանուր ազգաց պատմութեան ուսուցումի այնպիսի որակ մը, որ երկար ատենէ ի վեր դադրած է գոյութիւն ունենալէ:
Ստորեւ քանի մը շատ նախնական ծանօթութիւններ՝ ի պէտս ապագայ թեկնածուաց մերոց, երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ:
1.Ասորեստանցիներ կամ ասուրներ
Ասորեստանը եղած է հին աշխարհի հզօրագոյն թագաւորութիւններէն մէկը, որ հիմնուած է մօտաւորապէս 2500-ին Քա.՝ դառնալով ահն ու սարսափը շրջակայ ժողովուրդներու: Ան կը գտնուէր պատմական Հայաստանի հարաւը, արդի Իրաքի հիւսիսը, եւ բազմիցս յիշատակուած է Հին կտակարանի մէջ: Անոր թագուհիներէն մէկն էր՝ հեքիաթային Շամիրամը, որ խելքը տուած էր մեր Արա Գեղեցիկին, որուն այնպէս ալ չկրցաւ տիրանալ: Ունեցած է քանի մը մայրաքաղաքներ, վերջինը եղաւ Նինուէն, որ 609-ին Քա. գրաւուեցաւ ու կործանեցաւ դրացի Բաբելոնի (Babylone) կողմէ, որ սահմանակից էր իրեն:
Ֆրանսերէն անուանումն է Assyrie, լեզուն՝ assyrien, արաբերէն՝ Աշուր եւ աշուրի:
- 2. Քաղդէացիներ
Ասոնք պատմական Բաբելոնի բնակչութեան մէկ բաղադրիչն էին, որոնք հետզհետէ զօրանալով տիրեցին անոր 6-րդ դարուն Քա. եւ վերանուանեցին զայն Քաղդէաստան: Քաղդէացիներու Նաբուգոդոնոսոր Բ. արքան էր, որ 587 թուին գերեվարեց հրեաները դէպի Բաբելոն, ուր անոնք մնացին մօտաւորաապէս ութսուն տարի: Ու երբ վերադարձան Պաղեստին, անոնք մոռցած իրենց լեզուն եւ այբուբենը:
Ֆրանսերէն անուանումն է Chaldée, լեզուն՝ chaldéen, արաբերէն` Քալդու, քլդանի:
- Ասորիներ
12-րդ դարուն Քա. արդի Սուրիա կը ներխուժեն սեմական մեծաթիւ ցեղախումբեր, որոնք ծանօթ են արամէացի անունով: Այստեղ անոնք կը հիմնեն զանազան թագաւորութիւններ եւ կը յաջողին տեղացիներուն պարտադրել իրենց լեզուն՝ արամէերէնը: Արամէացիք մնայուն նշաւակ դարձան Ասորեստանի, աւելի ուշ Բաբելոնի եւ վերջապէս պարսիկներու: Այս անհիւրընկալ միջավայրը հիւծեց զիրենք, եւ անոնցմէ վերապրեցաւ շառաւիղ մը միայն՝ ասորիները, որոնք յաջողեցան ի վերջոյ հիմնել կարճատեւ (132Քա. – 216Քե.), սակայն կայուն, Հայաստանի սահմանակից՝ Օսրոենի փոքրիկ թագաւորութիւնը՝ Եդեսիա կամ Ուռհա (Ուրֆա) մայրաքաղաքով Եփրատի ափին:
Այս թագաւորութիւնը անուանի է Աբգար տիտղոսը[1] կրող արքաներու երկար շարքով մը՝ թիւով տասնմէկ: Ենթադրելի է, որ ասոնցմէ մէկ քանին հայեր եղած ըլլան: Խորենացի կը թուէ մասնաւորաբար Մծբին (Nisibine) քաղաքի հիմնադիր Աբգարը՝ իբրեւ հայ: Այս այն թագաւորն է, որ իր ամբողջ հարստութեան մինչեւ վերջին լուման ծախսեց քաղաքի կառուցումին ու շէնացումին համար. ի պատիւ իր այս նուիրումին՝ այնտեղ կանգնեցուցին իր արձանը, որուն ցուցամատին ու բթամատին միջեւ սեղմուած էր դահեկան մը, որ իրեն մնացած միակ դրամն էր:
* * *
Այլապէս անուանի է ուրիշ Աբգար մը՝ հինգերորդը,– այս եւս հայ կոչողներ չեն պակսիր,– որ կ’ապրէր Քրիստոսի օրով եւ բորոտ էր: Լսած ըլլալով Քրիստոսի հրաշքները ու մանաւանդ բուժումները, ան Հրէաստան կը ղրկէ երկու սուրհանդակներ՝ նամակով մը, հրաւիրելով Յիսուսը իր մայրաքաղաքը: Նամակը Յիսուսին կը յանձնուի Աւագ չորեքշաբթի, եւ Յիսուս կը ստիպուի մերժել հրաւէրը, քանի միւս օրը տեղի պիտի ունենար իր առաքելութեան պսակումը՝ խաչելութիւնը: Սակայն, հիանալով Աբգարի հաւատքին վրայ, ան երեսը կը շփէ պաստառով մը, որուն վրայ կը տպուի դիմանկարը, եւ կ’երաշխաւորէ խնդրարկուները, որ այդ դիմանկարը բաւարար էր իր փոխարէն բուժելու հիւանդ թագաւորը:
Անշուշտ այս բոլորը կը թելադրեն, որ ասորիները շատ կանուխ, թէկուզ Քրիստոսի կենդանութեան իսկ, արդէն քրիստոնեայ էին: Անոնք եղած են Աստուածաշունչը առաջին թարգմանողներէն[2]: Սահակ Պարթեւ 2-րդ. դարու միակ տրամադրելի ասորական բնօրինակի մը վրայէն թարգմանեց հայերէն Աստուածաշունչը մօտաւորապէս 410-ին, իսկ անկէ քսան տարի ետք վերանայեցաւ զայն յունական ՝ Եօթանասնից կոչուած օրինակի մը հիմամբ:
* * *
Հայ-ասորական մերձաւորութիւնը շատ խոր արմատներ ունի:
Ասորական քաղաքները բնակուած էին հոծ հայութեամբ. Եդեսիոյ, Մծբինի բնակչութեանց մինչեւ կէսը ենթադրաբար հայ էր[3]: Միւս կողմէ՝ մեր սահմանամերձ Աղձնիք նահանգը կը բովանդակէր ասորական պատկառելի համայնք մը: Այս համատարած բնակակցութիւնները մասնաւոր հարցեր չեն ստեղծած, եւ երկու ժողովուրդները իրենց ամբողջ պատմութիւնը ապրած են հաշտ ու համերաշխ:
Այս իրողութեան նպաստած է մասնաւորաբար մեր գիրերու գիւտը, որ տեղի ունեցաւ Եդեսիոյ մէջ. արդարեւ, իր հետազօտութիւնները կատարելու համար Մեսրոպ օրին ուղղուեցաւ Եդեսիա, ուր գոյութիւն ունէր աստուածաբանական դպրոց մը ու մանաւանդ հարուստ մատենադարան մը: Ահա այս միջավայրին մէջ է, որ Մեսրոպ հնարեց մեր այբուբենը՝ ասորի հայրերու սիրալիր սպասարկութեան եւ ջերմ հիւրընկալութեան պայմաննրուն մէջ:
Կար մեր երկու ժողովուրդները իրարու զօդող այլ կարեւոր հանգամանք մը, որ էր դաւանանքը. ասորիները իրենք եւս միաբնակ ուղղափառ էին, գէթ սկզբմնապէս: Հետագային անոնց ծոցին մէջ յառաջացան զանազան հերձուածներ, եւ ինչ որ զարմանալի է, իւրաքանչիւր հերձուած ջանաց կրցածին չափ հեռանալ մայր զանգուածէն[4]՝ ջանալով հնարել իր սեփական այբուբենը՝ թէկուզ հիմնուելով մայր այբուբենին վրայ, որ Էստրանգելո[5] ըսուածն է:
Այս բոլորը շատ տարտղնեցին ու տկարացուցին ասորի ժողովուրդը, որ չկրցաւ հայրենիք մը կերտել ու հետզհետէ անշքացաւ: Առաւել տուժողը եղաւ լեզուն, որ հետզհետէ մոռացութեան մատնուեցաւ, եւ ասորական փոքր համայնքներ գոյատեւեցին Արեւելքի (մեր օրերուն նաեւ՝ Արեւմուտքի) զանազան երկիրներու մէջ իբրեւ կրօնական, քան թէ ազգային խմբաւորումներ, ճիշդ հրեաներուն պէս՝ նախքան ասոնց Հրէասատան վերադարձը:
Ուրեմն՝ բանալի բառեր.
—Ասորեստան, ասուրի, ասուրերէն, Assyrie, assyrien, Աշուր, աշուրի
—Քաղդէաստան, քաղդէացի, քաղդէերէն, Chaldée, chaldéen, Քալդու, քլդանի
—Օսրոեն, ասորի, ասորերէն, Osroène, syriaque, Ռուհա, սրիանի
Քրիստոսի դիմանկարը Արդի Եդեսիա (Ուրֆա)
Առաջին շարքը՝ փիւնիկեան այբուբենն է:
Մնացած երեքը՝ ասորական տարբեր այբուբենները.
ասոնց առաջինը՝ Էստրանգելոն է:
[1] أبجر Կը նշանակէ մեծ, հզօր, անպարտելի: Յատկանշական է, որ հայերէն բացի ոչ մէկ ժողովուրդ այս անունով կը կոչէ իր զաւակները:
[2] Եւ ոչ միայն. ասորիները եղած էին առաջին քարոզիչները, որոնց առաքելութիւնը հասած է մինչեւ Իսլանտա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Եթովպիա: Անոնք այբուբեն հնարած են բազմաթիւ ժողովուրդներու՝ աւելի մատչելի դարձնելու համար Քրիստոսի վարդապետութիւնը:
[3] Ներսէս Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» աշխատութիւնը ցոյց կու տայ, որ իր օրերուն քաղաքը գրեթէ լրիւ հայացած էր:
[4] Մարոնիները, օրինակ, ասորի հերձուած մըն են, որոնք ապաստանած են Լեռնալիբանան:
[5] Յունարէն՝ στρογγύλη, որ կը նշանակէ բոլորգիր: