ՏՈԹՔ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1.Անուն, անում
Տիպար հնդեւրոպական արմատ մը, որ հայերէնը իւրացուցած ու կրած է իր ողջ պատմութեան ընթացքին:
Սկզբնաձեւը եղած է nomn, եւ այս ձեւի թեթեւ այլափոխումներով ան մտած է աշխարհի մօտաւորապէս 40 տարբեր լեզուներու մէջ (տեսնել Աճառեան, «Արմատական»):
Մեզ հետաքրքրողը հետեւեալն է. ինչպէ՞ս nomn կրնար դառնալ անուն:
Արդ, ճիշդ ի՞նչ տարբերութիւններ կան այս երկուքին միջեւ:
ա) Առաջինը հայերէնի բառասկիզբի ա ձայնաւորն է, որ միւս լեզուները չունին:
Այս ձայնաւորը յաւելուածաբար կը գտնենք մեր այլ բառերու մէջ եւս. օրինակ՝ արագ կամ երագ բառին բուն արմատն է rag, որ պարսկերէն է. սա անցնելով հայերէնին՝ օժտուած է ա կամ ե նախաձայնաւորով՝ առանց իմաստային որեւէ փոփոխութեան:
Քանի մը տասնեակ լեզուներու մէջ միայն հայերէնի առիւծ-ը օժտուած է ա-ով:
Մօտաւորապէս 20 լեզու ունի ագռաւ-ը՝ crow, corbeau, κόραξ, غراب. միայն հայերէնի մէջ ան կը սկսի յաւելեալ ա-ով մը:
Զանց կ’ընենք բառասկիզբի այլ ձանաւորներու յաւելումը, ինչպէս՝ (ե)րանգ-rang, (ե)րաշտ-rašt եւ այլն:
բ) Յաջորդ շեղումը հնդեւրոպական մայր ձեւէն m > ւ հնչիւնափոխութիւնն է, այլ խօսքով՝ հնդեւրոպական m հնչիւնի հայերէնի մէջ ւ դառնալն է:
Այս ալ բացառիկ երեւոյթ չէ, մանաւանդ միակը չէ:
Պաշտօն բառը, որ նմանապէս պարսկական ծագում ունի, նախապէս պաշտաւն էր (օ=աւ): Ասոր յոգնակին պաշտամունք է: Այստեղ յստակօրէն կ’երեւի աւ=ամ հաւասարութիւն մը, որ կը բխի ւ>մ հնչիւնափոխութենէն:
Մ > ւ հնչիւնափոխութիւն կը գտնենք մրջիմն եւ մրջիւն տարբերակներուն միջեւ եւս:
Այսքանը՝ nomn > անուն անցումին համար:
Ծանօթ.− Ուսումնասիրութեան շատ հետաքրքրական նիւթ մը պիտի ըլլար ծագումնաբանութիւնը անգլերէնի noun բառին, որ մերինին երկուորեակն է (ա)նուն: Այս առումով ան հայերէնէն դուրս միակն է այն 40 լեզուներէն, որոնց ակնարկուեցաւ վերը:
* *
*
Անուն բառաձեւը յատուկ էր դասական հայերէնին. Աստուածաշունչը 1269 անգամ գործածած է զայն: Սակայն չմոռնանք, որ գրաբարը միակ հայերէնը չէր Պատմական Հայաստանի անծայրածիր տարածքին վրայ: Այստեղ կային բարբառներ, որոնք գոյութիւն ունէին գրաբարին հետ, երբեմն աւելի կանուխ ալ եւ որոնք ունէին իրենց առանձնայատկութիւնները: Եւ ահա այդ բարբառներուն մէջ պահուած կը գտնենք անում ձեւ մը. նման օրինակ մը կար Քանաքեռի բարբառին մէջ՝ Խաչատուր Աբովեանի օրով. արդարեւ, «Վէրք Հայաստանի»-ի Գ. գլուխի 6-րդ հատուածին մէջ, հերոսին մօր մէկ նամակէն կը կարդանք. «Անումի՛դ մեռնիմ, արեւի՛դ մեռնիմ, Աղասի՛ ջան»:
Աճառեան կը թուէ քանի մը այլ գաւառականներ, որոնք նմանապէս պահած են մ բաղաձայնը, ասոնք են՝ Երեւանի, Տփխիսի, Արցախի, Շամախի բարբառները:
2.Աման-չաման, հաց-մաց
Ի՞նչ կը հասկնաք հետեւեալէն, որ ծանօթ մը կրնայ ըսել ձեզի.
–Շուկայ գացի, քիչ մը աման-չաման գնեցի:
Ըստ ձեզի՝ ճիշդ ի՞նչ գնեց կամ կրնայ գնած ըլլալ այսպէս ըսողը :
Ամէն հայու համար աման-չաման կը նշանակէ՝ աման, առաւել ամանին շուրջ դարձող, զայն լրացնող այլ պիտոյլքներ, օրինակ՝ տապակ, սրճեփոց, գաւաթ, դանակ, դգալ-պատառաքաղ եւ սոյնպիսիք, եւ ոչ անպայման ամանի՝ անօթի տեսականի, միւս կողմէ՝ սակայն երբեք ու երբեք՝ աման, առաւել լոլիկ, վարունգ, հազար եւ այլն:
Հիմա մտածենք քիչ մը «պատառ մը հաց-մաց ուտելու» առաջարկին մասին:
Հաց-մացն-ն ալ այս պարագային պիտի նշանակէ հաց եւ հետը անմիջականօրէն գտնուող ու ճարուող համեստ ուտելիքներ՝ պանիր, ձիթապտուղ, վարունգ, մածնի եւ նմանները, եւ ոչ հացի տեսականի՝ լաւաշ, ֆրանսական, արաբական եւ այլն: Չմոռնանք, որ հացը կը խորհրդանշէ ամենապարզ ու անշուք ուտելիքը, աւելի պարզացնելու համար չենք վարանիր ըսելու՝ «չոր հաց», որ է ամէն ընկերէ զրկուած, սոսկական հացը, որ անպայման քարացած, չորցած չէ: Այս պարագային ալ բացառուած է խորովածը, քիւֆթէն, դոլման եւ նման արքայական ուտեստեղէնը. հաց-մաց ուտելու հրաւէր ստացողը մտքէն պիտի չանցընէր այսպիսի արքայական պերճանքներ:
Ինչպէս կը տեսնենք, երկու պարագաներուն ալ մեր ժողովուրդի զաւակները զիրար շատ լաւ կը հասկնան, վասնզի ժողովրդախօսակցական միջավայրի մէջ ծնունդ առած ոճեր ու կապակցութիւններ են ասոնք, եւ մասնաւոր գիտութեան ու զարգացումի չեն կարօտիր ըմբռնելի դառնալու համար:
* *
*
Ի՞նչ կառոյց ունին չաման-ն ու մաց-ը:
Ասոնք աման ու հաց գոյականներու վրայ աւելցած մեր երկու ժխտական մասնիկներն են՝ չ եւ մ(ի). այս վերջինը մտածուած է իբրեւ մի+հաց ու դարձած է մաց: Ուրեմն երկուքն ալ կը ծառայեն ժխտելու առաջին եզրերը. աման-չաման, այսինքն՝ աման եւ ինչ որ աման չէ (ամանէն քիչ մը տարբեր), եւ հաց-մաց, այսինքն՝ հաց եւ ինչ որ հաց չէ (հացէն քիչ մը տարբեր):
* *
*
Արեւելահայ բոլոր բառարանները ունին աման-չաման, արեւմտահայերէն ունի միայն Գնէլ Ճերեճեանը՝ աման-չաման եւ աման-մաման զոյգ ձեւերով: Թէեւ այս վերջինը այնքան ալ ծանօթ չէ, բայց եւ այնպէս բացառուած ալ չէ. հաց-մաց, պանիր-մանիր ըսողը կրնայ նաեւ բոլորովին բնական հակումով ըսել աման-մաման:
Հաց-մաց կամ ասոր մէկ այլ ներկայացուցիչը դրուած չէ որեւէ բառարանի մէջ:
Ուրեմն գրեթէ բոլորն ալ աման-չաման-ը կը մեկնաբանեն իբրեւ ամանեղէն, անօթեղէն, այսինքն՝ ամանի տեսակներ: Ինչ որ ճիշդ չէ: Աման-չաման-ը ամանն է, առաւել ինչ որ աման չէ, սակայն կը դառնայ ամանին շուրջ, կը լրացնէ ամանին գործածութիւնը կամ միատեղ կը գործածուի, բայց անպայման տարբեր է ամանէն:
Այս տարբերութեան գաղափարը շատ յստակ երեւան կ’ելլէ, ինչպէս տեսանք, հաց-մաց զոյգէն. եւ կը շեշտենք, հաց-մաց՝ հացեղէն, հացի տեսակներ չի նշանակեր: Կը նշանակէ հաց առաւել հացին հետ անմիջապէս ճարուող եւ հացը լրացնող ուտելիքներ, որոնք հաց չեն:
Չմոռնանք, աման-չաման եւ հաց-մաց նոյն լեզուամտածողութեամբ յառաջացած են, եւ ուրախալի է տեսնել, որ Գնէլ Ճերեճեան նկատած ու նոյնհետայն իրարու կից նշանակած է՝ աման-չաման եւ աման-մաման զոյգերը:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան