Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
1.Արմէնպրես
Օրերս հայրենի այլազան շրջանակներ՝ ակադեմականներ, գիտնականներ, գրողներ, քաղաքական դէմքեր, զինուրականներ, դատաւորներ, իրաւաբաններ ու անհատներ կը ջանան զիրար գերազանցել՝ միաբերան շնորհաւորելով «Արմէնպրես»-ի հիմնադրութեան 103-ամեակը եւ միահամուռ գովաբանելով անոր արժանիքները լրատուական ասպարէզին մէջ:
«Արմէնպրեսը»-ը կը մնայ Հայաստանի ամենապարկեշտ լրատուն, եւ շռայլուած գովասանքները չեն զարմացներ սփիւռքահայը:
Սակայն նոյն սփիւռքահայը իրաւունք ունէր ակնդէտ սպասելու, որ գտնուէր գոնէ մէկը, որ ակնարկէր նոյն «Արմէնպրես»-ի օտարաբանութիւններու չարաշահումին եւ լեզուական այլ թերութիւններուն, յատկապէս՝ ստրկամիտ ռուսաբանութեան:
Թող որ, եթէ գտնուէր այնպիսին, ապա ան ինչ-որ տարեդարձ սպասելու պէտք պիտի չունենար եւ կրնար այդ թերութիւններուն ակնարկել տարուան որեւէ մէկ օրը եւ որեւէ մէկ առիթով:
Եւ ոչ միայն «Արմէնպրես»-ին, այլ լրատուական բոլոր միջոցներուն անխտիր, տպագիր թէ ելեկտրոնային, գրաւոր թէ բանաւոր, եւ ոչ միայն լրատուամիջոցներուն, այլ հայոց լեզուի կիրրակութեան անխտիր բոլոր մարզերուն, սկսած Ազգային ժողովի հարթակներէն մինչեւ փողոցը, դպրոցները, շուկան եւ բոլոր անկիւնները:
Հայերէնի աղարտումը համատարած երեւոյթի վերածուած է հայրենի հողին վրայ, ուր ան ենթադրուած էր գտնել իր միակ պաշտպանութիւնը: Բուռ մը գեղարուեստական գրականութիւն մշակողներ միայն յարաբերաբար զերծ են այս համատարած մեղսակցութենէն, սակայն այս չնչին փոքրամասնութեամբ լեզու չի պահպանուիր. եւ հայերէնի ապագան վտանգուած է նոյնինքն հայրենի հողին վրայ, ուր Ռաֆֆիներու, Զօրեաններու, Մահարիներու լեզուն սկսած է դիմագիծ փոխել, վերածուիլ ուրիշ լեզուի մը, մուրացածոյ օտարաբանութիւններով խարանուած ամօթալի ու դաւադիր խառնարանի մը, այն աստիհճան, որ այս ընթացքով մօտիկ ապագային նոր սերունդները այլեւս պիտի չկարենան ըմբռնել Շիրազ ու Տէրեան, Կապուտիկեան ու Սարմէն՝ առանց բառարանի օգնութեան, եթէ իրապէս յօժարին ամէն տողի համար բառարան բանալ:
Յայտնութենական տրամադրութիւններէ տարուած չէ որ գրուին այս տողերը, այլ հիմնուելով այն լեզուին վրայ, որ այսօր կը կիրարկուի Հայաստանի մէջ, այլեւ նկատի առած այն հաշտուողական տրամադրութիւնները, որոնք կը ցուցաբերուին անոր ներկայիս պարզած վիճակին հանդէպ:
Եւ մանաւանդ, մանաւանդ աչքի առաջ ունենալով այն նոր սպառնալիքները, որոնք կը ցցուին անոր առջեւ նորայայտ լեզուներու՝ անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի ճամբով, որոնց մատչեցաւ արեւելահայը անկախութենէն ետք՝ Եւրոպաներու եւ Ամերիկաներու քառուղիներուն վրայ:
Այս մասին որքան շատ խօսուի, այնքան քիչ է, որովհետեւ մենք դէմ-յանդիման կը գտնուինք վէրքի մը, որ բաց կը մնայ եւ ոչ մէկ սպեղանի կը գտնէ, այլեւ յարատեւ կը բորբոքի: Մեր թշնամին միայն սահմաններուն վրայ չէ, այլեւ ներսը, մեր հարազատ ծո- ցին մէջ իսկ կը կրենք նոյնքան, եթէ ոչ աւելի մեծ թշնամի մը, որ հայերէնաթափումն է:
2.Դա՛րձեալ շրուանդ
Հարցասէր ընթերցող մը կ’ուզէ գիտնալ, թէ շրուանդ-ը կիրարկելի՞ է կամ կիրարկուա՞ծ է խաղողի հատազուրկ ողկոյզէն տարբեր առարկաներու եւս:
Ճիշդը՝ շփոթած եմ եւ դժուարութիւն ունիմ պատասխանելու, քանի որ այս բառը իր բուն իմաստով իսկ նորութիւն էր ինծի, ալ ո՛ւր մնաց անոր հոմանշային կամ փոխաբերական կիրարկութիւնները: Թող որ մեր բառարաններէն ոմանք նոյնիսկ չեն յիշատակած զայն: Այլ խօսքով՝ ոչ մէկ արմատակալում ու ճառագայթում ունեցած է ան արեւմտահայ բարքերու մէջ:
Ուրեմն ուրիշ ճամբով պիտի պատասխանեմ հարցումին:
Այդ ճամբան… թրքերէնն է:
Թրքերէնի մէջ շրուանդ-ին հոմանիշն է koçan-ը “քոչան”:
Թուրքերը այս բառով կը բնորոշեն նախ եւ առաջ մեր գիտցած շրուանդ-ը՝ հատազուրկ ողկոյզը: Ենթադրելի է, որ այս եղած ըլլայ անոր բուն նշանակութիւնը, որ հետագային իմաստային ընդլայնումով տարածուած է նաեւ հազարի, կաղամբի, եգիպտացորենի, արմաւի հատազուրկ կամ ուտելի մասերէն մերկացած, զրկուած մնացուկին վրայ: Կարելի է միայն հիանալ բառիս ստացած այս զարգացումին:
Եւ այս չէ միայն:
«Քոչան» կը կոչուի նաեւ իր թերթերէն զրկուած որեւէ տրցակի՝ կցուած ստացագրերու, վաւերաթուղթերու, տետրակի եւ այլնի թափելի մնացորդը: Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ որքա՜ն յառաջդիմած է թուրք լեզուաբանական միտքը:
Մեր աշխարհաբարը բաւական խոր կրած է թրքերէնի ազդեցութիւնը, եւ ան կը շահի իր կարգին շրուանդ-ով բնորոշելով թրքերէնի յիշեալ բոլոր առարկաները կամ հասկացութիւնները: Ներկայիս մենք ասոնցմէ ոչ մէկը ունինք. պատկերացուցէք շուկայէն բերուած կաղամբի կամ հազարի գլուխ մը, որուն բոլոր թերթերը հեռացուց տանտիկինը, ինչպէ՞ս պիտի անուանէիք կոնաձեւ այն նեցուկը (support), որ կ’աւելնայ եւ որը կա՛մ կը թափենք, կա՛մ կը կեղուենք ու կ’ուտենք: Կամ պատկերացուցէք արմաւի ողկոյզ մը, որմէ կը քաղենք անոր բոլոր հատիկները, մնացածը ինչո՞վ կը տարբերի խաղողի շրուանդէն: Կամ իր հատիկներէն մերկացած եգիպտացորենը:
Այլեւ ասոնք թելադրող այլ պտուղներ, բանջարեղէն ու նիւթեր:
Ուրեմն առաջարկս որեւէ փոխառութիւն կատարել չէ, այլ լեզուական պարզ ու թոյլատրելի հետեւողութիւն մը, որ ոչ մէկ ձեւով կ’աղարտէ մեր լեզուի հայեցի դիմագիծը: Ընդհակառակը, կը շահի ան: Կը շահինք բոլորս: