Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
«Ազդակ»-ի 12-7-19-ի «50 տարի առաջ»-ը (էջ 8) կը կազմէ Պօղոս Սնապեանի մէկ յօդուածը՝ նուիրուած Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Հայոց լեզուի նոր բառարան»-ին: Բերուած է այս վերջինի յառաջաբանը եւս:
Յօդուածին միտք բանին այն է, թէ ըստ ամենայնի գոհացուցիչ է տուեալ բառարանը, որ կը համարէ հայ բառարանագրութեան հարուստ օժիտը զարդարող «գեղեցիկ յաւելում մը», որուն կազմողները[1] «ճիգ չեն խնայած պահանջուած բծախնդրութեամբ, գուրգուրանքով ու պատասխանատւութեամբ մօտենալու գործին», որով ան դարձած է « վստահութիւն ներշնչող, մաքուր ու ակնահաճոյ բառարան մը»:
Այսուհանդերձ, Սնապեան կը մատնանշէ կարեւոր թերութիւն մը, որ է անոր՝ «հայ գրականութեան գլուխ-գործոցները իբրեւ աղբիւր նկատի չունենալու խոցելի կէտը»: Եւ իր դժգոհհութիւնը կը բանաձեւէ հռետորական հետեւեալ հարցումով. «Կարելի՞ է ըմբռնել այսօր բառարան մը, որ չկարենայ Վարուժանի, Մեծարենցի կամ միւս մեծերուն դժուարիմաց բառերուն վրայ ուղղակիօրէն լոյս փռել»:
Առ այս ան կը բերէ ցանկ մը Վարուժանի ու Մեծարենցի այն բառերէն, որոնք «չեն բացատրուած». ստորեւ այդ ցանկը.
Ահիպարան – ահեղ պարանոցով, խրոխտ
Անթրոց – թոնիրի կրակը խառնելու ձող
Ապաժուժ – թափուած արիւն, արիւնահոսութիւն
Աշտէ – տէգ, երկար կոթով նիզակ
Ամբուռք – հովու ուժեղ թափ, փոթորիկ
Արտալած – հալածուած, դուրս քշուած
Արդընկէց – գեղարդ արձակող, նետող
Գուն – ծունկ
Դահանակ – կանաչ կամ դեղին գոյնի թանկագին քար
Խեփոր – խեցեմորթներու պատեանը
Յափափում – յափշտակութիւն, առեւանգում
Հեռատուկ – անպատկառ, անամօթ, պոռնիկ
Ալուցք – խորութիւն
Սամսարող – կոտրտուող
Վարատական – հալածական, դուրս քշուած
Նատիր – զենիթին հակադիր կողմը
Նիմփարան – արձանազարդ, աղբիւրներով ու աւազաններով զարդարուած վայր
Աղփուն – տկար
Ընթադրել – կոխոտել
Եզրակացնելու համար, որ եթէ նոյնիսկ մէկ անգամ գործածուած է բառ մը, պէտք է ան մուտք գործէր բառարանին մէջ:
* *
*
Տեսնենք, թէ որքան հարազատ է այս ցանկը:
***աշտէ
—Բառարանը, ճիշդ է, չունի այս բառը՝ իր այս ձեւով, սակայն ունի աշտեայ, որ բառիս դասական ձեւն է: Այս ձեւով ալ կը գտնուի ան «Արմատական»-ի մէջ:
***արդընկէց
—Սնապեան սխալ կը ճանչնայ այս բառը եւ այդ սխալ ձեւն ալ փնտռած է Բառարանիս մէջ ու չէ գտած զայն: Ճիշդ ձեւն է արդնընկէց, եւ այսպէս ալ դրած է զայն Տէր Խաչատուրեան:
***արտալած
—Բառիս հանրօրէն ընդունուած ձեւն է արտահալած, եւ այսպէս ալ կը գտնուի ան Բառարանիս մէջ. արտալած-ը բոլորովին անձնական բնոյթ կը կրէ, եւ բառարանագիրը պարտաւոր չէ զայն ընդունելու:
***ալուցք
—Տէր Խաչասուրեան դրած է բառիս ուղիղ ձեւը, որ է ալք. քովն ալ տուած է ալուց ձեւը, որ ալք-ին սեռակաան հոլովն է, եւ իր կարգին ազատ կիրարկութիւն ունի: Ան ստիպուած չէր երբեք տալու բառին յոգնակին եւս:
***յափափում
—բառարանս չունի այս բառը, ճիշդ է, սակայն ունի ափլփել, որուն տրուած է ափափել բացատրութիւնը. իսկ ափափել կու տայ ափափում, որ շատ աւելի աշխարհաբար կը հնչէ, քան թէ յափափում-ը:
***նատիր
—Սնապեան սխալ կը ճանչնայ այս բառը եւ այդ սխալ ուղղագրութեամբ ալ փնտռած ու չէ գտած զայն. Բառարանս դրած է նադիր ճիշդ ձեւը, որ կը գտնենք մեր միւս բոլոր բառարաններուն մէջ:
***հեռատուկ
—Այս բառը եւս սխալ արձանագրած է Սնապեան եւ չէ գտած զայն:
Պէտք է ըլլայ հերատուկ, որ բարդ ածանցաւոր բառ մըն է. հեր(մազ)-ատ(կտրել)-ուկ(ածականակերտ ածանց). ուրեմն ամբողջ բառը կը նշանակէ «մազը կտրած»: Պատմականօրէն կը կտրէին մազը անբարոյ կիներուն, պոռնիկներուն,– ինչպէս բացատրած է Սնապեան:
Այս բառը աւանդուած է երեք ձեւով՝ հերատ (ինչպէս ունինք՝ պոչատ, աղճատ, թլփատ), հերատուկ եւ հերատակ: Տէր Խաչատուրեան ունի՛ զայն, միայն թէ գոհացած է վերջինով:
***գուն
—Այս ուղղագրութիւնը կը նշանակէ ծերպ, ջանք, ինչ որ չի յարմարիր Սնապեանի սահմանումին: Պէտք է ըլլայ գուճ, որ կը նշանակէ ծունկ եւ իրօք կը պակսի Բառարանիս:
Ուրեմն նշուած 19 բառերէն եօթն առկայ է Տէր Խաչատուրեանի բառարանին մէջ:
Անշուշտ կարելի է ցաւիլ, որ կարգ մը՝ որոշ չափով ծանօթ,– թէեւ բոլորովին անգործածական ու գրքունակ,– բառեր, ինչպէս՝ խեփոր, դահանակ, անթրոց, սամսարող, վարատական, աղփուն, ընթադրել չեն ներառուած այնտեղ:
Միւս կողմէ՝ ոչ մէկ բառարան ներառած է նիմփարան-ը. բանաստեղծը յօրինած է զայն հիմնուելով եւրոպական nymphe արմատին վրայ, որ «յաւերժահարս» կը նշանակէ. անոր արձանով եւրոպացիք կը զարդարեն իրենց շատրուանները, աւազանները եւ պուրակները. ճիշդ այդպիսի շատրուանն ու պուրակն ալ հայ բանաստեղծը կոչած է նիմփարան, որ այնքան ալ յաջող կառոյց մը չէ: Դժուար թէ որեւէ այլ բառարանագիր յօժարէր տեղ տալ անոր:
Եւ վերջապէս ահիպարան-ը եւ ամբուռք-ը որ մարդ կրնայ ամբողջ կեանքին մէջ մէկ անգած լսել կամ…չլսել: Ինքս նոր կը հանդիպիմ այսպիսի բառի:
Ահա այս է տարողութիւնը այն «թերացումներուն», որոնց պակասը մատնանշած է Սնապեան:
* *
*
Աւելցնեմ, որ իր աշխատութեան երկրորդ տպագրութեան առթիւ՝ 1992-ին, Տէր Խաչատուրեան փութաց դարմանելու հետեւեալները՝ վարատել-վարատական, խեփոր, դահանակ, ապաժուժ, անթրոց, գուճ, այլեւ՝ աշտեայ-աշտէ, ալք-ալուց-ալուցք, յափափել-յափափաում: Ակնկալելի էր (օրին՝ 50 տարի առաջ), որ Պօղոս Սնապեան անդրադառնար այս բարեփոխեալ հրատարակութեան եւս: Մտաւորական պարտք մըն էր այդ, որ տեղի չէ վճարուած:
Այսպէսով ընդմիշտ դուրս մնացին միայն նիմփարան, ահիպարան, ամբուռք, ընթադրել, սամսարել:
Որոնց համար այնքան ալ հաւար փրցնելու պէտք չկայ:
Իսկ մեր բառարաններուն մասին ըսելիք շատ աւելի կարեւոր բաներ կան եւ չեն ըսուած:
Կը սպասենք յարմար առիթի:
[1] Բառարանը հրատարակուած է 1968-ին, կը կրէ անունները Փարամազ Տօնիկեանի, Հրանդ Գանգրունիի եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի: Առաջին երկուքը ոչ մէկ վաստակ ունին անոր մէջ, եւ ամբողջ աշխատանքը Տէր Խաչատուրեանինն է: