Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
1.Կէտադրական
Կարդանք հետեւեալ երկուքը.
ա) Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գար, եւ ըսաւ …
բ) Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գար եւ ըսաւ…
Ինչպէս նկատելի է, ասոնք կը տարբերին եւ շաղկապի կէտադրութեամբ:
Նման տարբերութիւններու ճիշդ արձանագրումը շատ յաճախ կը խուսափի մեզմէ:
Առաջինին մէջ եկողը եւ ըսողը տարբեր անձեր են: Այս իրողութիւնը կը թարգմանուի այն ստորակէտով, որ դրուած է եւ շաղկապէն առաջ. եւ-էն առաջ ստորակէտ կը դրուի, երբ ենթակայի փոփոխութիւն կայ: Այստեղ եւ-էն առաջ գտնուող ենթական է որ յարաբերական դերանունը՝ «որ…կու գար», իսկ այդ որ-ը կը փոխարինէ Յիսուսը (Յիսուսը, որ կու գար): Իսկ ստորակէտէն ետք եկող ենթական Յովհաննէսն է [Յովհաննէս (տեսաւ եւ) ըսաւ]:
Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ երկրորդը. այստեղ եկողը եւ ըսողը ենթադրուած են ըլլալ նո՛յն ենթական, որ նշանակուած է որ դերանունով, այսինքն՝ Յիսուս. այլ խօսքով՝ «Յիսուսը, որ կու գար եւ ըսաւ»: Իսկ բոլորս գիտենք, նոյնիսկ Մակար Գաղիացին սորվեցաւ (թէեւ շատ յոյս չունիմ), որ երբ ենթական նոյնն է, եւ-էն առաջ ստորակէտ չի գար[1]:
–Թորոս երգեց եւ/ու պարեց…
–Թորոսը երգեց, եւ/ու Մարկոսը պարեց…
2.Սեմ եւ բարաւոր
«Հասկ»-ի վերջընթեր թիւին մէջ կը կարդանք. «[Մորթուած գառնուկներուն արիւնը] քսեցին իրենց տուներու վրայի սեմին» (Ելից, 12/22):
Այսինքն՝ «տուներուն վրայ գտնուող սեմին…»:
Ինչ որ առեղծուածային է, քանի որ սեմը տունին վրայ չի գտնուիր:
Դուք այսպիսի՝ «տունի վրայ գտնուող սեմ» կը պատկերացնէ՞ք, տեսա՞ծ էք…
Սեմը կը գտնուի «դռան մուտքին» եւ կը կազմէ անոր շրջանակին ստորին մասը:
Իսկ տունի վրայ գտնուող սեմի հասկացութիւնը անըմբռնելի է:
Աստուածածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութիւնը նման կացութիւններ յաճախ կը ստեղծէ, որովհետեւ ան շատ տուրք տուած է ժողովրդախօսակցական ոճին:
Գրաբար թարգմանութեան համապատասխան համարին մէջ կը կարդանք. «Եւ առնուցուք մշտիկ զոպայի թաթաւեալ յարեան, որ առ դրօքն իցէ, և սրսկեսջի՛ք զբարաւորաւն…»[2]:
Այստեղ «տուներու վրայի սեմ»-ին համապատասխանող բառը բարաւոր(աւն)-ն է:
Բարաւոր-ը, որ ռամիկը կը կոչէ նաեւ «վերի սեմ», դռան քառանկիւնին վերի՝ հորիզոնական մասն է, ճիշդ ստորին սեմին հակադրուածը. ան սովորաբար միակտուր քար մըն է, որուն վրայ կը հանգչին աղիւսները կամ շինութեան աւելի մանր քարերը[3]:
Զբարաւորաւ կը նշանակէ «բարաւորին շուրջ»:
Տեղի ունեցածը նախաքրիստոնէական դարերուն եւ յատկապէս Հրէաստանին մէջ ընդհանրացած արարողութիւն մըն է, որ կրօնական բնոյթ ստացած էր:
Յօդուածագիրը, որ Հայ եկեղեցիի բարձրաստիճան մէկ սպասաւորն է, կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Այդ արիւնը կը նախապատկերացնէր ու կը խորհրդանշէր Յիսուսի արիւնը» (անդ):
Բաւական… բան է այս. «Ելից» գիրքի հերոսը Մովսէս մարգարէն է, եւ տան բարաւորը մատաղին արիւնով թաթաւելու սովորութիւնը հասատողն ալ անխուսափելիօրէն նոյն ինքն Մովսէսն է՝ հրէութեան օրէնսդիրը. արդ, ինչպէ՞ս կրնար ան գործել ի յիշատակ աւելի քան հազար տարի ետք նոյն հրէութեան ձեռքով խաչուելիք Քրիստոսին եւ հաստատել անոր արիւնը նախապատկերացնող օրէնք մը:
Այս ալ ուրիշ առեղծուած մըն է:
Հետագային քրիստոնեայ ժողովուրդները,− ընդ որս եւ հայք,− այս սովորւթիւնը փոխարինած են դռան փեղկին վրայ իսկ, մարդահասակ բարձրութեամբ, մատաղին թարմ արիւնով գծուած խաչով մը:
3.Հարց
Եթէ կարմիր մատիտ մը ի ձեռին կարդաք ձեր թերթը,– ի մասնաւորի «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերը,– ինչպէս ես կը կարդամ ամէն գրութիւն, եւ համբերութեամբ ընդգծէք հանդիպած հարց բառը, ապա պիտի նկատէք, որ այս բառի սպառումի ահարկու չարաշահութիւն մը կայ արդի գրողներու ու յատկապէս լրագրոներու քով:
Բոլորովին նոր երեւոյթ մըն է այս, որ յառաջացաւ վերջին մօտաւորապէս տասը տարիներուն եւ անարգել կը զարգանայ՝ օր ըստ օրէ ընդարձակելով իր տիրոյթը եւ կուլ տալով բազմաթիւ ուրիշ բառեր եւ ամէն օր քիչ մը աւելի աղքատացնելով ու շնչահեղձ դարձնելով յատկապէս արեւմտահայերէնը:
–Ռուսիա կը շարունակէ օգնել կողմերուն՝ անոնց միջեւ վստահութիւն ստեղծելու հարցին մէջ:
Դուք այստեղ որեւէ հարց կը տեսնէ՞ք:
Յայտնապէս գոյութիւն ունին երկու անհաշտ կողմեր, եւ Ռուսիա կը փորձէ վստահութիւն հաստատել անոնց միջեւ. հարցը ո՞ւր է:
Փոխանակ «հարցին մէջ» գրելու, այստեղ պարտէինք գրել պարզապէս համար:
«Ռուսիա կը շարունակէ օգնել կողմերուն՝ անոնց միջեւ վստահութիւն ստեղծելու համար»:
–Վարդան Տողանյանն ու Սերգեյ Վերշինինը քննած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ խնդիրներու լուծման հարցը:
Նոյն անհեթեթ մտածողութիւնն ու երկիցս անհեթեթ բանաձեւումը. Տողանեանն ու Վերշինինը պարզապէս փորձած են լուծել Ղարաբաղի մէջ «առկայ խնդիրները»,– եւ ոչ թէ «առկայ խնդիրներու լուծման հարցը»:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Ուշադիր ընթերցողը պիտի նկատէ, որ առաջին եւ-էն առաջ կ’առնենք պզտիկ դադար մը, որ կը բացակայի երկրորդին մէջ:
[2] «Պիտի առնէք արիւնաթաթախ մշտիկի խուրցը, որ կը գտնուի դռան կից, եւ սրսկէք բարաւորին շուրջ»:
[3] Բարաւորին, երբեմն ալ անոր շարունակութեան վրայ՝ դէպի վեր եւ ի ցոյց հաւատացելոց կը փորագրեն եկեղեցիին առնչուող արձանագրութիւններ՝ շինութեան տարեթիւը, օրուան կաթողիկոսին եւ կամ առաջնորդին անուն(ներ)ը, երբեմն նաեւ նուիրատուին եւ այլն: