ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Շարադասութիւն (բ)
Մեր նախորդ առաքումը յատկացուած էր դիմաւոր բայի, կամ ստորոգիչի, շարադա-սութեանը աշխարհաբարի մէջ՝ յատկապէս ծանրանալով զայն նախադասութեան վերջը ձգելու յոռի սովորութեան վրայ, որ մաքուր թրքաբանութիւն է եւ բոլորովին ներհակ է հայեցի բնիկ շարադասութեան, որ մեզի կտակած են մեր առաջին թարգմանիչները:
Պատշաճ է, որ, շարունակելէ առաջ, հակիրճ անդրադարձ մը կատարենք նաեւ ենթա-կայի շարադասութեան:
- Ենթակայ
Եթէ բայի շարադասութեան մէջ իր յատուկ ազդեցութիւնը գործած է թրքերէնը, ենթակայի շարադասութեան մէջ հաւասարապէս ազդած են թրքերէնը եւ օտար լեզուները՝ ֆրանսերէնը, իտալերէնը, անգլերէնը եւ այլն, որոնց բոլորը կը հետեւին ենթակայ-ստորոգիչ պարտադիր հերթագայութեան՝ հետեւեալ տիպարի հիմամբ.
Սոխակը կ’երգէ: Ջուրը կը հոսի: Գարունը հասաւ:
Եթէ հայերէնը ընդհանրապէս կը հետեւի այս շարադասութեան, ապա միւս կողմէ ան կը պահէ լայն ազատութիւն մը, արձակի թէ ոտանաւորի մէջ, շրջելու այս կարգը եւ ըսելու՝ «կ’երգէ սոխակը», մինչ վերոնշեալ լեզուներուն համար անսովոր է ան:
— Կը պարզուէր Հայոց աշխարհի ամենագեղեցիկ առաւօտներէն մին:
— Եւ ահա որ գայթակղեցաւ Զենոբ Գլակ:
— Այսպէս խօսեցաւ Զենոբ Գլակ:
— Գլուխը կայ կարմիր սաղաւարտ մը:
— Գաւթակին առջեւ կան չորս սիւներ:
Օրինակները առնուած են Շահնուրի «Առաւօտեան շեփոր»-ի մուտքէն:
Անշուշտ աւելորդ է ըսել, որ այս նոյն տեղը կը գերակշռէ ուղիղ՝ ենթակայ-ստորոգիչ շարադասութիւնը, եւ ընդհանրապէս այսպէս է արձակի մէջ:
Ոտանաւորի մէջ աւելի մեծ համեմատութեամբ կը գտնենք շրջուն շարադասութիւնը.
— Ու չեն խայտար քո ալեակք:
— Եւ կամ միթէ կը զմայլի՞ն ալեակքդ երկնի կապոյտին…
— Այլ եթէ գոգդ ալ թափին բոյլքն աստեղաց երկնքին…
— Նմանիլ չես կրնար դուն…
— Հոն կայ մոխիր…յիշատակ…
Առանց այս շրջումներուն՝ հայերէնը, յատկապէս ոտանաւորը, շատ բան պիտի կորսնցնէր իր քնարականութենէն ՝ իյնալով տաղտկալի միօրինակութեան մը հոսանքին մէջ: Մեր գրողները կը փնտռեն զայն՝ լաւ անդրադառնալով անոր ոճաբանական արժէքին. այդ արժէքը հաստատելու համար, կարդացէ՛ք, օրինակ, «Լճակ»-ը՝ ջնջելով բերուած օրինակներուն շրջումը ու փոխարէնը կիրարկելով միայն ենթակայ-ստորոգիչ ուղիղ շարադասութիւնը:
- Շարադասական ազատութիւն
Այս բոլորը հակում ունինք վերագրելու շարադասական այն լայն ազատութեան, որով օժտուած է հայերէնը հաւանաբար իր կազմաւորումի անյիշելի ժամանակներէն սկսեալ:
Այսուհանդերձ գոյութիւն ունին շարադասական կարգ մը պարտադրանքներ եւս, որ թոյլատրելի չէ զանց առնել: Տեսնենք մէկ քանին:
ա) Ուրիշի խօսք
Մենք մեր խօսքին մէջ յաճախ հարկ կը տեսնենք մէջբերլու ուրիշին խօսք(եր)ը՝ լրագրողի մը, գրողի մը, բարեկամի մը կամ պատահական մէկուն. օրինակ՝ առնենք թերթի մը հետեւեալ լուրը. «Հացը պիտի սղի»: Դուն կարդացած ես այս լուրը եւ կը փութաս փոխանցել զայն մէկ խօսակիցիդ կամ ընթերցողիդ: Ունինք երկու ձեւ.
— Այսինչ թերթը գրած է. «Հացը պիտի սղի»:
— «Հացը պիտի սղի»,− գրած է այսինչ թերթը:
Ուրեմն առաջին տարբերակին մէջ, ուր նախադաս է հեղինակային խօսքը, ունինք ենթակայ-ստորոգիչ շարադասութիւնը, որ պարտադիր է: Ընդունելի չէ շրջել ու ըսել. «Գրած է այսինչ թերթը. “Հացը պիտի սղի”»:
Յետադաս հեղինակային խօսքի պարագային կիրարկած ենք ստորոգիչ-ենթակայ շարադասութիւնը, որ իր կարգին պարտադիր է եւ կարելի չէ փոխել ու ըսել. «“Հացը պիտի սղի”,− այսինչ թերթը գրած է», ինչ որ շատ խորթ կը հնչէ եւ կը մատնէ ճաշակի ամբողջական անմշակուածութիւն:
Ծանօթ. 1. Մէջբերուած խօսքը երկու պարագաներուն ալ կը դրուի չակերտներու մէջ:
- Նախադաս հեղինակային խօսքը ուրիշի խօսքէն կը տրոհուի միջակէտով, յետադաս հեղինակային խօսքը ուրիշի խօսքէն կը տրոհուի ստորակէտ-անջատման գիծով:
բ) Դերբայական դարձուած
Պարզ նախադասութիւնը կրնայ իր ծոցին մէջ կրել դերբայական դարձուած մը, որ է դերբայ մը՝ իր լրացումներով հանդերձ. նման խճողուած կառոյցը ունի շարադասական եւ այլ կարգի սեղմումներ, որոնց կ’անդրադառնանք ստորեւ:
Առնենք հետեւեալ օրինակը.
ա. Զգալով որսորդին գերակայութիւնը՝ արջը նախընտրեց արագ փախչիլ:
բ. Արջը, զգալով որսորդին գերակայութիւնը, նախընտրեց արագ փախչիլ:
գ. Արջը նախընտրեց արագ փախչիլ՝ զգալով որսորդին գերակայութիւնը:
Այստեղ դերբայն է զգալով, իսկ դարձուածը՝ ամբողջ թաւագրուած հատուածը:
***Ուրեմն սկսինք ենթակայ-ստորոգիչ շարադասութենէն:
Նախադաս դերբայական դարձուածի պարագային (ա.) ենթական (արջը) կը դրուի յետադաս հեղինակային խօսքի բոլորովին սկիզբը: Ստորոգիչ-ենթակայ շրջումը մերժելի է:
Միջադաս դերբայական դարձուածի պարագային (բ.) ենթական կը դրուի նախադա-սութեան սկիզբը, իսկ ստորոգիչը (նախընտրեց) դարձուածէն անմիջապէս ետք. ընդունելի չէ հետեւեալը. «Արջը, զգալով որսորդին գերակայութիւնը, արագ փախչիլ նախընտրեց»:
Յետադաս դերբայական դարձուածի պարագային (գ.) կը պահպանուի ենթակայ-ստորոգիչ ուղիղ շարադասութիւնը:
***Գալով դարձուածի անդամներու շարադասութեան, ապա կը նկատենք, որ բոլոր դիրքերու վրայ կայուն պահեցինք այս մէկը՝ դերբայ-յատկացուցիչ-յատկացեալ (որ է նաեւ ուղիղ խնդիրը զգալով դերբային): Այս շարադասութիւնը բացարձակ չէ. կարելի է, օրինակ, առաջինին (ա) պարագային առանց մեծ մեղանչումի գրել նաեւ՝ «որսորդին գերակայութիւնը զգալով»: Երկրորդին մէջ (բ.) չունինք այդ ազատութիւնը: Իսկ երրորդին մէջ (գ) բոլորովին պարտադիր է բերուած շարադասութիւնը. այստեղ յատուկ յիշատակութեան արժանի է զգալով դերբայը, որուն նախադաս դիրքի պահպանումը պարտադիր է: Անթոյլատրելի է գրել. «Արջը նախընտրեց արագ փախչիլ՝ որսորդին գերակայութիւնը զգալով»:
***Չանտեսենք նաեւ կառոյցին կէտադրութիւնը:
— Նախադաս եւ վերջադաս դերբայական դարձուածնհրը (ա. եւ գ.) բուն կամ լրացեալ նախադասութենէն կը տրոհուին բութով:
— Միջադաս դերբայական դարձուածը (բ.) ստորակէտով կը տրոհուի երկու կողմերէն: