Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Շարադասութիւն (գ)
Ազատ շարադասութիւն
Շարադասական այն ազատութիւնը, որուն ակնարկեցինք նախորդիւ, չի վերաբերիր միայն ենթակայ-ստորոգիչ հերթագայութեան, այլ ան շատ աւելին է: Այս ցոյց տալու համար առնենք միջին ծաւալով նախադասութիւն մը, որ ենթակայէն ու ստորոգիչէն բացի օժտուած է բայական երկու (վարդին ու բոյր մը) եւ գոյականական մէկ՝ (հաճելի) լրացումներով.
ա. Բնութիւնը հաճելի բոյր շնորհած է վարդին:
Տեսականօրէն՝ այս հինգբառանի նախադասութիւնը կարելի է գրել 1x2x3x4x5=120 տարբեր շարադասութեամբ, որոնց բոլորն ալ ընդունելի չեն լեզուականօրէն, բայց բաւական կարեւոր թիւ մըն ալ ընդունելի է. բերենք քանի մը նմուշներ:
բ. Բնութիւնը վարդին հաճելի բոյր շնորհած է:
դ. Հաճելի բոյր շնորհած է բնութիւնը վարդին:
Շարադասական այս ազատութիւնը յատուկ է հոլովառու լեզուներուն, ուր նախադասութեան առարկայանիշ անդամներու շարահիւսական իմաստը կ’ընկալուի շնորհիւ անոնց կրած հոլովներուն: Մինչ հոլովէ զուրկ լեզուներուն մէջ շարադասական կայուն դիրքերու շնորհիւ է, որ կը բնորոշուի բառերուն կատարած պաշտօնը նախադասութեան մէջ, եւ այս պատճառով ալ այդ դիրքերը անհպելի, անփոփոխելի են:
Այս ընթացքով՝ ֆրանսերէնը, իտալերէնը, անգլերէնը, սպաներէնը… դատապարտուած են մեր ա. օրինակը ներկայացնել միայն մէ՛կ շարադասութեամբ, թերեւս մէկ-երկու ճղճիմ ու բռնազբօսիկ այլազանութեամբ, մինչդեռ իրենց հեռաւոր մայրը՝ լատիներէնը, որ հոլովառու էր, ազատօրէն կրնար խաղալ իր շարադասութեամբ. այսպէս, օրինակ՝
— Natura rosae iucundum odorem dedit.
Այս շարադասութեամբ ան կը նոյնանայ մեր բ. օրինակով, սակայն կարելի է սա եւս ազատօրէն փոփոխել ու ստանալ մեծաթիւ ընդունելի տարբերակներ:
Ենթադրելի է, թէ նոյն ազատութեամբ օժտուած են բոլոր հոլովառու լեզուները:
2.Պարտադիր շարադասութիւն
Այսուհանդերձ հայերէնի շարադսութեան այս համատարած թուող ազատութիւնը ունի կաշկանդումներ, որոնք ի յայտ կու գան, երբ ենթական եւ ստորոգիչը կ’օժտուին լրացումներով:
ա) Ենթակայի ( որ է նաեւ որեւէ գոյականի) լրացումներ
Հայերէնի մէջ ենթական կամ նախադասութեան գոյականական որեւէ անդամ կրնայ ունենալ երեք լրացում՝ որոշիչը, յատկացուցիչը եւ բացայայտիչը: Օրինակ՝
«Թորոսին անփորձ եղբայրը՝ Մարկոսը, ճամբորդեց»:
—Թորոսին՝ սեռական հոլով յատկացուցիչ «եղբայրը» ենթակային,
—անփորձ՝ որակական ածական՝ որոշիչ «եղբայրը» ենթակային,
—Մարկոսը՝ բացայայտիչ «եղբայրը» ենթակային:
***Որոշիչ
Որոշիչը խօսքի որեւէ մաս է, որ, դրուելով գոյականին վրայ, կը բնորոշէ կամ ցոյց կու տայ անոր որեւէ մէկ յատկութիւնը. օրինակ՝ «աշուն» գոյականին կրանք տալ հետեւեալ որոշիչները՝ ոսկի աշուն, պայծառ աշուն, այս աշունը, մէկ աշուն, ուշացած աշուն, վաղ աշուն եւ այլն. թաւագիր բառերը որոշիչներ են «աշուն» գոյականին, որ «որոշեալ» կը կոչուի:
Գրաբարի մէջ որոշիչի շարադասութիւնը առհասարակ ազատ էր արձակի թէ ոտանաւորի մէջ, սակայն ընդհանրապէս նախընտրութիւնը կը տրուէր յետադաս որոշիչին, օրինակ՝ աշխարհ հեռաւոր, քաղաքս այս, որդիք երկու, մշակք լիացեալք եւ այլն:
Աշխարհաբարը ունի իր իւրայատկութիւնները:
Արձակի մէջ որոշիչը դարձաւ նախադաս լրացում, եւ այս շարադասութիւնը շատ կայուն է, մանաւանդ եթէ կազմուած է մէկ բառէ, ինչպէս տեսանք օրինակներով: Սակայն երբ նոյն գոյականը ունի մէկէ աւելի որոշիչներ կամ եթէ որոշիչը կազմուած է մէկէ աւելի բառերով, այսինքն՝ բառակապակցութեամբ մը, ապա կարելի է դիւրաւ շրջել ու տանիլ զայն գոյականին ետեւը. օրինակ՝
–Ի՞նչ հիւանդութիւն է այս՝ անծանօթ ու անհանդուրժելի (Շաւարշ Նարդունի):
—Հայրս՝ այն ատեն քառասուն տարեկան, բարեկամի մը տան մէջ հանդիպեր էր մօրս՝ տասնութամեայ դեռատի աղջիկ… (Զապէլ Եսայեան):
Թաւագրուած են յետադաս որոշիչները, որոնք բութով մը կը տրոհուին որոշեալ ենթակայէն կամ գոյականէն, որոնք ընդգծուած են:
Իսկ ոտանաւորի մէջ ազատ է շարադասութիւնը, եւ կարելի է ըսել, որ յետադաս որոշիչը շատ փնտռուած է իր ոճական արժէքին բերումով. օրինակ՝
–Կը սիրեմ անոնց նիւսը բիւրածալ,
Ռունգերնին տամուկ, բիբերնին խոշոր,
Ուր կայ դաշտերուն երազն անայլայլ (Դ. Վարուժան):
–Սիրում եմ մեր երկինքը մուգ, ջրերը ջինջ, լիճը լուսէ,
Արեւն ամռան ու ձմեռուան վիշապաձայն բուքը վսեմ… (Ե. Չարենց):
–Մայրս ունէր ձեռներ բարակ, մոմէ մատներ՝ երկար ու նուրբ (Վ. Տէրեան):
Նկատենք, որ միակի որոշիչը բութ չ’առներ իրմէ առաջ:
* * *
Շարադասութեամբ կը զանազանուին համասեռ եւ տարասեռ որոշիչները:
ա) «Համասեռ» կը կոչենք այն որոշիչները, որոնք կը պատկանին խօսքի նոյն մասին, օրինակ՝ բոլորն ալ ածական են, կամ գոյականը կը բնորոշեն նոյն տեսանկիւնէն. օրինակ՝
«Ընդարձակ, օդասուն, լուսաւոր ու զով սենեկաներ էին»:
Չորս որոշիչներն ալ ածական են: Այս պարագային որոշիչները կը տրոհուին ստորակէտերով. վերջին երկուքը սովորաբար կը շաղկապուին եւ/ու համադասական շաղկապով, որմէ առաջ ստորակէտ չի դրուիր: Համասեռ որոշիչներուն շարադասու-թիւնը ազատ է. կարելի է տեղափոխել զանոնք, օրինակ՝
«Լուսաւոր, օդասուն, զով ու ընդարձակ սենեակներ էին»:
բ) «Տարասեռ» կը կոչենք այն որոչիչները, որոնք ընդհանրապէս կը պատկանին խօսքի տարբեր մասերու կամ կը բնորոշեն գոյականը տարբեր տեսանկիւնէ. օրինակ՝
«Այս երկու ոխերիմ թշնամիները օր մըն ալ հաշտուեցան»:
Այս՝ ցուցական դերանուն, երկու՝ քանակական թուական, ոխերիմ՝ որակական ածական: Այս պարագային որոշիչները չեն տրոհուիր եւ անոնց շարադասութիւնը կայուն է: Թոյլատրելի չէ, օրինակ, գրել՝
–Երկու այս ոխերիմ թշնամիները…
–Ոխերիմ այս երկու թշնամիները…
* * *
Պարտինք զանազանել որոշիչ ածականի հետեւեալ երկու տեսակները եւս.
ա) որակական ածական, որ օժտուած է բաղդատութեան աստիճանով. օրինակ՝ մեծ, բարձր, լուսաւոր եւ այլն. կրնանք ըսել՝ աւելի մեծ, նուազ մեծ, ամէնէն մեծ. կամ՝ աւելի բարձր, նուազ բարձր, ամէնէն բարձր եւ այլն:
բ) յարաբերական ածական, որ զուրկ է բաղդատութեան աստիճանէ. օրինակ՝ դպրոցական, դաշտային, երկաթեայ… մէկը չի կրնար աւելի դպրոցական, նուազ դպրոզական, ամէնէն դպրոցական ըլլալ կամ ալ ըլլալ աւելի երկաթեայ, նուազ երկաթեայ, ամէնէն երկաթեայ եւ այլն. նման հասկացութիւններ գոյութիւն չունին:
Երբ գոյական մը այս երկուքը իբրեւ որոշիչ ունի, ապա գոյականին կից կը դրուի որակական ածականը, զայն կը նախորդէ յարաբերականը. օրինակ՝
—քաղաքական սուր պայքար
—դաշտային բուրաւէտ ծաղիկներ
—երկաթեայ ամուր դարպաս
Օրինակ՝ «Հայր ու որդի զոհուեցան հայրենական մեծ պատերազմին:
Թոյլատրելի չէ գրել՝ «զոհուեցան մեծ հայրենական պատերազմին»:
***Յատկացուցիչ
Յատկացուցիչը որոշիչին սեռական հոլով լրացումն է. օրինակ՝ իմ տունս, Թորոսին տունը, ընկերոջս տունը, գիւղացիներուն տուները եւ այլն. թաւագրուած են յատկացուցիչները:
Այս եւս արձակի մէջ յետադաս գործածութիւն չունի, սակայն ճիշդ որոշիչին պէս՝ բազմակի կամ բազմանդամ յատկացուցիչը եւս ունի յետադաս կիրարկութիւն. օրինակ՝
–Կը զգայինք ներսէն հասնող սուր հոտը՝ ապուխտի ու երշիկի:
–Բոլորին ծանօթ էր այդ պատմութիւնը՝ սնանկացած վաճառականի:
Թաւագրուած են յատկացուցիչն ու յատկացեալները:
Իսկ ոտանաւորին մէջ բոլորովին ազատ է յետադաս կիրարկութիւնը.
Գոյականի այս երեք լրացումներուն շարադասական կաղապարը՝ յատկացուցիչ-որոշիչ-լրացեալ գոյական- բացայայտիչ կայուն է եւ ոչ մէկ փոփոխութեան ենթակայ է:
Այս երեք լրացումները իրենց կարգին կրնան ուռճանալ զանազան լրացումներով. օրինակ՝ «Դրացի Թորոսին շատ անփորձ եղբայրը՝ սափրիչ Մարկոսը, ճամբորդեց»:
Ուրեմն՝ Թորոսը օժտեցինք դրացի որոշիչով, անփորձ որոշիչը օժտեցինք շատ մակբայով, իսկ Մարկոսը բացայայտիչը օժտեցինք սափրիչ որոշիչով որ գոյական մըն է:
Այս աւելցող լրացումներուն շարադասութիւնը նմանապէս պարտադիր է:
Սա իր կարգին կրնայ տակաւին ուռճանալ ուրիշ լրացումներով՝ իրենց պարտադիր շարադսութեամբ, որ ահաւասիկ.
«Մեր դրացի Թորոսին շատ անփորձ եղբայրը՝ հանրածանօթ սափրիչ Մարկոսը, ճամբորդեց»:
Բոլոր տարբերակներուն մէջ հետեւեցանք շարադասական նոյն կաղապարին:
բ) Ստորոգիչի (բայական) լրացումներ, որոնք երկուք են՝ խնդիրներ եւ պարագաներ:
***Խնդիրները հոլաովառու բառեր են, որոնք ցոյց կու տան բայի գործողութեան անմիջականօրէն առնչուող առարկաներ՝ անձեր, անասուններ, իրերե, երեւոյթներ եւ այլն:
Օրիննակ՝ հաց ուտել, ծառին մօտենալ, տունէն հեռանալ, արարքով հպարտանալ,− հաց, ծառին, տունէն, արարքով խնդիրներն են համապատասխան բայերուն:
***Պարագաները իրենց կարգին երբեմն հոլովառու բառեր են, երբեմն բառակապակցութիւններ, որոնք ցոյց կու տան բայի գործողութեան զանազան հանգամանքները՝ տեղը, ժամանակը, չափը, ձեւը, նպատակը, հիմնաւորումը եւ այլն:
Օրինակ՝ ծառին տակ նստիլ, նոյն օրը ճամբորդել, երկու անգամ հարցնել, անփոյթ վարուիլ, ջուր բերելու երթալ, աչքերէն ճանչնալ եւ այլն,− թաւագրուած բառերն ու բառակապակցութիւնները պարագաներ են:
Բայական լրացումները, ենթակայ ըլլալով հանդերձ որոշ սեղմումներու, կը վայելեն շարադասական զանազան ազատութիւններ, եւ մեր՝ վերը ակնարկած ազատութիւնը կը յենի մասնաւորաբար այս լրացումներուն վրայ:
Ամբողջ հարցը այն է, թէ, ինչպէ՞ս տնտեսել այս ազատութիւնը, յատկապէս երբ բայը խճողուած է այլազան լրացումներով: Առ այս վերադառնանք ա. օրինակին.
«Բնութիւնը հաճելի բոյր մը շնորհած է վարդին»:
Այստեղ ունինք երկու խնդիրներ՝ բոյր մը եւ վարդին:
Շարադրողը ասոնք տնտեսած է՝ մէկը դնելով բայէն առաջ, միւսը՝ բայէն ետք: Ընտիր տնտեսումը ճիշդ ա՛յս է, որ լրացումները մէկտեղ չկուտակուին, եւ բայը անոնց միջեւ գրաւէ որքան կարելի է կեդրոնական դիրք մը:
Ընդունելի է «Բնութիւնը վարդին շնորհած է հաճելի բոյր մը» կաղապարը եւս:
Ծանօթ.− Ենթադրելի է, որ ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը պիտի նախընտրէր առաջինը, ուր «հաճելի բոյր մը» ուղիղ խնդիրը կը կանխէ բայը, իսկ «վարդին» անուղղակի խնդիրը կը հետեւի բային: Այո, ասոնք լեզուին թաքուն նախասիրութիւններն են:
Իսկ մերժելի են հետեւեալները.
— Բնութիւնը վարդին հաճելի բոյր մը շնորհած է:
— Բնութիւնը շնորհած է վարդին հաճելի բոյր մը:
Մեր օրինակը օժտենք ժամանակի պարագայով մը՝ այս տարի:
–Բնութիւնը այս տարի հաճելի բոյր մը շնորհած է վարդին:
—Բնութիւնը հաճելի բոյր մը շնորհած է վարդին այս տարի:
Եթէ հանգիստ կեդրոնանաք, ապա պիտի զգաք, որ երկուքն ալ աւելի կամ պակաս… խոցելի են, տաղտկալի բան մը ունին, մէկը աւելի, միւսը պակաս…
Փորձենք հետեւեալը.
—Այս տարի բնութիւնը հաճելի բոյր մը շնորհած է վարդին:
Կարծեմ բոլորիս ալ փնտռածը այս վերջին հեզասահ կառոյցն էր: