ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Շարադասութիւն (ժբ)
Բարդ ստորադասական նախադասութիւն
Հայերէնը բարդ ստորադասական նախադասութիւնը կը կազմէ յարաբերական դերանուններով եւ ստորադասական շաղկապներով:
1.Յարաբերական բարդութիւններ
Խնդրոյ առարկայ դերանուններն են մասնաւորաբար ՝ որ, որոնք, ուր, երբ, որքան, որչափ, ինչպէս, ինչպիսի եւ ասոնց հոլովուած տարբերակները. օրինակ՝
–Է՜հ, մնաք բարով, Աստուած եւ արեւ, որ կը պլպլաք իմ հոգւոյս վերեւ:
—Լեզուն, որով գրեցի, երկրի երեսը քիչեր կը խօսէին զայն արդէն…
–Սէրս այն դուռն էր կարծես, ուրկէ ոչ ոք մտաւ ներս:
–Ինձ թաղէք, երբ կարմիր վերջալոյսն է մարում:
—Որքան ունիս դու ալի, ճակատս այնքան խոկ ունի:
—Որչափ շատ ծիծաղ քաղեմ, այնչափ նուազ մոլութիւն պիտի գտնեմ:
–Փոքրիկը ուրախ էր, ինչպէս գարնանային ծիծեռնակը:
–Պէտք է կառուցել լաւագոյնը, ինչպիսին կը կառուցէ իրաւ հայրենասէրը:
Բերուած օրինակները կազմուած են մէկ գլխաւոր կամ գերադաս եւ մէկ երկրորդական կամ ստորադաս բաղադրիչէ. ասոնք բարդ ստորադասական նախադասութեան պարզագոյն տեսակն են:
- Յարաբերեալ
Ամէն յարաբերականի գերադաս նախադասութեան մէջ կը համապատասխանէ յարաբերեալ մը, որուն փոխարինիչն է ինք՝ այդ յարաբերականը, ստորադաս նախադասւթեան մէջ. օրինակ՝ վերը բերուած առաջին նախադասութեան որ յարաբերականի յարաբերեալն է Աստուած եւ արեւ. ստորադաս նախադասութեան մէջ պլպլացողը ձեւականօրէն որ յարաբերականն է, լռելեայն կ’իմացուի սակայն բո՛ւն պլպլացողը՝ «Աստուած եւ արեւ»:
Միւսներուն մէջ յաջորդաբար ունինք հետեւեալ յարաբերեալ-յարաբերական զոյգերը՝ լեզուն-որով, դուռն-ուրկէ, որքան-այնքան, որչափ-այնչափ, լաւագոյնը-ինչպիսին: Երբ յարաբերականին յարաբերեալը լռելեայն կ’ըմբռնուի՝ պահուն, ատեն, ժամանակ բառերէն մէկը: Իսկ ինչպէս-ին յարաբերեալն է այնպէս, որ նմանապէս լռելեայն կ’ընկալուի:
- Շարադասական այլընտրանքներ
Ստորադաս բաղադրիչներըը ունին շարադասական հետեւեալ այլընտրանքները.
***որ դերանունով կազմուածները ընդհանրապէս յետադաս են, կրնան նաեւ միջադաս կիրարկուիլ, սակայն երբեք նախադաս[1]. օրինակ՝
–Ահա, ընկեր, քեզ մի դրօշ, որ իմ ձեռքով գործեցի:
–Այն ճիւղն ուռի, զոր դուն ձեռքովդ տնկեցիր, վրաս կ’ընէ հովանի:
***ուր, երբ դերանուններով կազմուածները կրնան ամէն դիրքի վրայ կիրարկուիլ. օրինակ՝
–Սէրս այն դուռն էր կարծես, ուրկէ ոչ ոք մտաւ ներս:
–Այն պանդոկը, ուր դուն կ’իջեւանէիր, հիմա փակուած է:
—Ուր ալ երթաս, մեզ դէմդ կանգնած պիտի գտնես:
–Ներկայացիր այն օրը, երբ քեզ կը կանչեն:
—Այն ամբողջ ժամանակը, երբ դուք ճակատն էիք, մենք մշակեցինք արտերը:
—Ու երբ վերջին արեւիս վերջին ճաճանչն ալ մարի,
Անունդ ի շուրթ դեռ կ’ուզեմ ողջունել այգը մահուան:
Ուր եւ երբ շատ յաճախ փոխանակելի են. օրինակ՝
–Գայցեն աւուրք, ուր մանկութեան անկցի տիոցս իմ գեղ դալար:
–Գայցեն աւուրք, երբ մանկութեան անկցի տիոցս իմ գեղ դալար:
Ուր եւ երբ բառերուն յաճախ կ’ընկերանայ «որ» թարմատարը, որ ոչ մէկ պաշտօն ունի, աւելորդաբանութիւն մըն է, առաւել եւս՝ թրքաբանութիւն, որ սակայն շատ խոր հաստատուած է աշխարհաբարի երկու ճիւղերուն մէջ հաւասարապէս. կարելի է ազատօրէն ջնջել զայն:
—Ուր որ պարտականութիւնդ կանչէ, հոն պարտիս երթալ:
—Երբ որ Մովսէս ձեռքերը վեր կը հանէր, Իսրայէլ կը յաղթէր:
***որքան, որչափ հոմանիշներ են, ազատօրէն կը փոխարինեն զիրար:
Կը կիրարկուին վերջադաս եւ նախադաս: Գերադաս նախադասութեան մէջ ընդհանրապէս կը գտնենք այնքան եւ որչափ զուգադիր բառերը. օրինակ՝
–Վերցուր այնքան, որքան պէտք է քեզի:
—Որքան ունիս դու փրփուր, սիրտս այնքան խոց ունի բիւր:
***ինչպէս, ինչպիսի. կը կիրարկուին վերջադաս եւ նախադաս. ասոնց յաճախ կը զուգադրուին այնպէս, այնպիսի կամ նոյնպիսի:
–-Աշխարհի մէջ այնպէս կ’ապրիմ, ինչպէս դուք կ’ապրիք երբեմն թատրոնի մէջ:
—Ինչպէս դուք կ’ապրիք երբեմն թատրոնի մէջ, այնպէս ալ ե՛ս կ’ապրիմ աշխարհի մէջ:
Ինչպէս նկատելի է, վերջադաս բաղադրիչին մէջ հարկ եղաւ վերականգնել ես դերանունը, այլեւ օժտել զայն ալ շաղկապով:
—Այնպիսի փորձանք մըն էր, ինչպիսին տեսնուած չէր մինչ այդ:
—Ինչպիսի վերաբերում որ ցոյց տաս, նոյնպիսին պիտի գտնես իրենց կողմէ:
* * *
Ստորեւ իբրեւ նմուշ կը բերուի յարաբերական բարդութեան ծաւալուն օրինակ մը:
«(1)Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ
Եւ (2)մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ,
(3)Չքնաղ երկիրն մեր Արմէնիոյ
Երբ փայլէ իւր քաղցրիկ օրեր,
(4)Երբ որ ծիծառն իր բոյն դառնայ,
(5)Երբ որ ծառերն հագնին տերեւ,−
Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,
(1)Աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ»:
Գողթան երգերէն մինչեւ Ռուսինեան պէտք է երեք հազար տարի անցնէր, որպէսզի հայու մտածողութիւնը,− իմա՝ լեզուն,− կարենար ընդգրկել այսպիսի բարդութիւն մը:
Բերուած ութեակը բարդ ստորադասական նախադասութիւն մըն է, որ օժտուած է՝
–մէկ գլխաւորէ՝ «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա»,
–գլխաւորը կանխող հինգ նախադաս յարաբերական ստորադասներէ, որոնք ցոյց կու տան, թէ բանաստեղծը ճիշդ ե՞րբ կը ցանկայ տեսնել Կիլիկիան,
–մէկ վերջադաս յարաբերական ստորադասականէ՝ «աշխարհ որ ինձ ետուր արեւ», որ որոշիչն է գլխաւորի Կիլիկիա յարաբերեալին:
Այսպիսիները կը կոչուին «բարդ տարաստորադասական նախադասութիւն»:
Սա այնպիսի կուռ կառոյց մըն է, որուն ոչ մէկ տողը, ոչ մէկ բառը կրնանք տեղափոխել՝ առանց քայքայելու խօսքային ամբողջ շէնքը:
[1] Գրաբարի մէջ սոովորական է յարաբերական դերանունով սկսող նախադասութեան նախադաս կիրարկութիւնը. օրինակ՝ «Որ նստիսդ ի քերովբէս». «Որում խնդրէ ի քէն՝ տո՛ւր»: