Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
- «Արարատ» (26 ապրիլ 2021)
*** «Վարակումի եւ մահերու թիւերը ականատես կը դառնան նուազումի»:
«Կառավարութեան կազմութիւնը ականատես կը դառնայ խոչընդոտումի»:
—Քիչ մը զարմանքով կը կարդամ այս երկու օրինակները, ուր «ականատես դառնալ»-ուն վերագրուած են նշանակութիւններ, որ ան չէ ունեցած երբեք: Արդարեւ, առաջինին մէջ պէտք եղածը «հակամէտ են» կամ «հակում ունին» բայերէն մէկն է, իսկ երկրորդին մէջ «կը հանդիպի» կամ «առարկայ կը դառնայ» բայերէն մէկը: Այս նշանակութիւններէն ոչ մէկը ունեցած է «ականատես ըլլալ» բայը: Յստակ է, որ այստեղ կը գործէ օտար ու խորթ ազդեցութիւն մը, սակայն չեմ յաջողիր ճանչնալ այն օտար լեզուն, որուն հետեւողութեամբ գրուած են ասոնք:
***Բանակը հաղորդագրութեան մէջ նաեւ հաղորդեց, որ ձերբակալած է…
—Այս անախորժ կրկնաբանութենէն կարելի էր դիւրաւ խուսափիլ. օրինակ՝
«Բանակը հաղորդագրութեան մէջ նշեց նաեւ, որ ձերբակալած է…
* * *
Ստորեւ գրողական երեք շնորհաւորելի բարեմասնութիւններ.
ա)«Լիբանանի քաղաքայիններուն՝ ներառեալ լիբանանահայութիւնը, դիմագրաւած խնդիրներով հանդերձ, ոգեկոչուեցաւ նահատակներուն յիշատակը»:
—Ուշագրաւը այստեղ լիբանանահայութիւնը ուղղական հոլովի ճիշդ կիրարկութիւնն է ներառեալ դերբային հետ, որ չէ ազդուած քաղաքայիններուն բառի սեռական հոլովէն, ինչպէս կը պատահի սովորաբար:
Ներառեալ եւ բացառեալ՝ երկուքն ալ ուղղական հոլով լրացում կը պահանջեն, սակայն երկուքն ալ շատ մեղանչուած ու չարչրկուած կիրարկութիւն ունին մեր մէջ:
բ)«Պատարագը մատուցուեցաւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը ներկայացնող պատուիրակութեան…»:
—Այս պարագային մէջ բառի կիրարկութիւնն է, որովհետեւ սովորաբար ականատես կ’ըլլանք մօտ զզուելի օտարաբանութեան, որ քաղցկեղի մը պէս փակած է արդի հայերէնին՝ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս, ուր մրցանաիշ կոտրելու ամէնօրեայ հեւք մը կայ:
գ) «Յարաբերութեան ոչ-յարիր լեզու…նաեւ՝ ոչ-բաղձալի…»:
—Այստեղ ուշագրաւը «ոչ» ժխտական մասնիկի հետ միութեան գծիկի ճիշդ կիրարկութիւնն է, որուն շատ քիչ անգամ եւ շատ քիչերէ կարեւորութիւն կը տրուի:
Ծանօթ.—Այստեղ կ’ուզեմ մէջբերել «Ժամանակ»-ի մէկ ճիշդ կիրարկութիւնը եւս. «Աշխարհի վրայ ամէն կողմ պէտք է միասնաբար դիրք գրաւեն ատելութեան դէմ՝ ներառեալ հակաիսլամականութիւնը, հակաքրիստոնէութիւնը եւ հակասեմականութիւնը» («Ժամանակ», 6-5-2021): Կ’ակնարկեմ ընդգծուած երեք բառերու հոլովին՝ ներառեալ-ի կից:
Եւ սխալ կիրարկութիւն մը՝ հայրենի մամուլէն («Առաջին լրատուական»).
«Հարցումն անդրադարձել է նաև մի շարք այլ խնդիրների, ներառեալ կորոնավիրուսի դէմ պայքարին»:
Պէտք է ըլլայ պայքարը: Լրագրողը մոլորաած է խնդիների տրական հոլովէն:
- «Հայրենիք» (28 մայիս 2021)
***Տեղի ունեցած էր 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ ռուսերը հեռացած էին Կովկասէն:
—Երանի ռուսերը իրենց հետ տանէին «իբրեւ հետեւանք»-ն ալ, եւ արեւմտահայերէնը ձերբազատէր այս քստմնելի օտարաբանութենէն եւ պարզապէս ըսէր՝ հետեւանքով:
***Պատմութեան էջերուն ոսկի մելանով արձանագրուեցան սխրանքները:
—Ոսկի տառերով-ը գիտէի, սակայն առաջին անգամն է, որ կ’իմանամ, թէ ոսկի մելան ալ գոյութիւն ունի բնութեան մէջ: Այս մելանը ի՞նչ գրիչով կը գործածուի…
*** Յամառատու է ժողովուրդին
—Այսինքն՝ համարատու…
***նէօ-լիպերալ
—Պէտք է ըլլայ նէոլիպերալ:
***Օրհասական օրեր կ՛ապրինք
—«Օրհասական պահեր»-ն ալ բաւարար են սպաննելու համար…
3.«Մարմարա» (31 մայիս 2021)
***ըսի ըսաւ…կամաց կամաց
—«Մարմարա»-ն գրողական զառամախտէ սկսած է տառապիլ՝ մոռնալով միութեան գծիկները՝ ըսի-ըսաւ, կամաց-կամաց:
***ի՞նչպիսի—ինչպէ՞ս (նոյն էջի վրա)
—Ասոնք կը գտնուին նոյն նախադասութեան մէջ:
Երբ ինչպէ՞ս կը գրենք, ինքնաբերաբար պարտէինք գրել նաեւ ինչպիսի՞:
Նոյնիսկ ի՞նչպէս գրողները անդին կը յօժարին գրել ինչպիսի՞…
Ի՞նչ…ինչպէ՞ս…ինչպիսի՞…ա՛յս է արդի հայերէնի յարացոյցը:
***Մեծ ռէյթինկ բերող դրուագներ էին ասոնք…
—Կ’ակնարկուի պաղեստինցի փոքրիկներու՝ հակաիսրայէլեան ցոյցերուն:
Մեր ակնկալութիւնն էր, որ «Մրմարա» ինք պայքարէր օտարաբանութեանց դէմ, իսկ այս չարագուշակ ռէյթինկ-ը բոլորովին ուրիշ բան կ’ըսէ եւ … կը յուսահատեցնէ:
- «Ակօս» (28 մայիս 21)
***Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս ըլլալով կը նշուի հայ իրողութեան մէջ:
—Մայիսը յաղթանակներու ամիս ըլլալուն կը նշուի հայոց մէջ:
***Պատուաստուած կը համարուին, այն քաղաքացիները…
—Այս ստորակէտը ի՞նչ գործ ունի ենթակային եւ ստորոգիչին միջեւ:
***Միշտ զարմացած եմ, թէ ինչո՛ւ «Ակօս»-ը ասքան շատ տառասխալով կը տպուի: Չիմացութեան հարց չկայ, անշուշտ, եղածին պատասխանն ալ կը խուսափի…
—Հրամեր էք՝ չըլլար, հաշւոյն, արդիւնաւետ, հենելով, խանուդներ, յետաքննութիւն, կառավան: Փոխանակ՝ չ’ըլլար, հաշուոյն, արդիւնաւէտ, յենելով, խանութներ, հետաքննութիւն, կարաւան:
Չհաշուած աւելի ծանր սխալներ, որոնք այլեւս պէտք է սրբագրուած ըլլային.
—Յետ այսու… որ պէտք է ըլլայ այսուհետեւ, այդուհետեւ, այնուհետեւ:
Արեւելահայ նախարարներուն ու երեսփոխաններուն մենաշնորհն է այս սխալը: —Տարուեցաւ հոգեւոր արարողութիւն, զոր տեսասփռուեցաւ Աթոռոյս կայքէջէն։
Ուրեմն պոլսահայերը տարուեցա՞ւ կ’ըսեն արարողութեան, փոխանակ ըսելու տեղի ունեցաւ: Չեմ զարմանար. հանդիպած եմ քշուեցաւ ըսողի ալ…կը մնայ որ ուրիշ մըն ալ ըսէ՝ «քշելով տարուեցաւ հոգեւոր արարողութիւն». լեզուն ոսկոր կ’ունենա՞յ:
Եւ յետոյ՝ զոր հայցական է, պէտք եղածը որ ուղղականն է, ենթակայի հոլովը: