ՏՈՔԹ.ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1.Օդակայան-օդանաւակայան
Ասոնցմէ առաջինը յատուկ է արեւմտահայերէնին, երկրորդը՝ արեւելահայերէնին:
Առաջինը ունի կառուցային այն մեծ առաւելութիւնը, որ ան կազմուած է չորս վանկէ, մինչ երկրորդը՝ վեց վանկէ. տարբերութիւնը՝ երկու վանկ, ինչ-որ ահագին բան է մէկ բառի սահմանին մէջ: Բայց ահա եւ ասոր հակառակ՝ արեւելահայերը կը կառչին իրենց ունեցածին, որ արեւմտահայ յաճախորդներ եւս սկսած է գտնել, օրինակ՝ Սագո Արեանը իր «Քապուլի պատճառով…» յօդուածին մէջ կը գրէր օդանաւակայան:
Ինչո՞ւ ուրեմն այս անհեթեթ կառչումը:
Օրին առարկուեցաւ, թէ օդակայան պարզապէս կը նշանակէ «օդի կայան», իսկ յիշեալ տարածքը օդի մէջ գտնուող կայան չէ. շատ յստակ՝ ան օդանաւերուն ծառայող կայան է, կայանատեղի է:
Ուրի՞շ…ուրիշ որեւէ առարկութիւն չկայ, արդէն չէր կրնար ալ ըլլալ:
Օդակայան-ը անպայման օդի կայան հասկնալը պարտադիր չէ. աւելի քան հարիւր տարի է կը գործէ այս բառը, եւ ոչ մէկ արեւմտահայ, ի՛նչ տարիքի ու կրթութեան ալ պատկանի ան, իբրեւ «օդի կայան» չէ ըմբռնած զայն այն պարզ պատճառով, որ աչքը բացած օրէն նկատած է այդ եզրին յատկացումը օդանաւերու կայանատեղիին ու այդպէս ալ տպաւորուած ու սորված է: Բառերը, վերջին հաշուով, ունին ա՛յն իմաստը, որ մե՛նք կը դնենք անոնց մէջ: Որքա՜ն բառեր անհեթեթ պիտի հնչէին, եթէ ըստ բաղադրիչներու դատէինք ու մեկնաբանէինք զանոնք: Առնենք իմաստասէր եզրը. ըստ բաղադրիներու ան կը նշանակէ «իմաստ սիրող»,− բան մը կը նշանակէ՞ այս, ո՛չ, չի նշանակեր. անմիտ, անհեթեթ հնչիւնախումբ մը: Բայց ահա մենք կ’ուզենք, որ ան նշանակէ…«իմաստութիւն սիրող», − եւ սա իր կարգին ամբողջութեամբ չի բացատրեր «իմաստասէր» եզրը. իմաստասէր-ը՝ իմաստութիւն սիրողը չէ: Ամէն մարդ ալ իմաստութիւն կը սիրէ, սակայն եւ այնպէս ամէն մարդ իմաստասէր չէ:
Պղատոն, Արիստոտէլ կամ Յակոբ Պալեան չէ:
Հետեւաբար, արեւելահայն ալ, որդեգրելով օդակայան-ը, պիտի հեշտութեամբ ճանչնար անոր ետին գտնուող հասկացութիւնը, ինչպէս իր արեւմտահայ հայրենակիցը կը ճանչնայ զայն: Մանաւանդ որ այս եզրը առաջինը չէ, ուր մտնող բաղադրիչը կրճատուած է, այսինքն՝ օդանաւը «օդ» եղած է: Շատ ուրիշ բառեր իրենց կարգին գեղագիտական կրճատումով կազմուած են հայերէնի մէջ. օրինակ՝ մենք կ’ըսենք թագուհի, սակայն կը հասկնանք թագաւորուհի եւ ոչ թէ «էգ թագ» (թագ+ուհի): Կամ թէ կ’ըսենք կարուհի, եւ կը հասկնանք կարողուհի եւ ոչ թէ էգ կար (կար+ուհի): Մարտիկ-ը պզտիկ մարտ “պատերազմ” չենք հասկնար: Ասոնք բոլորը լեզուական տնտեսումի, բայց նաեւ բարեհնչական, գեղագիտական թելադրանքով յառաջացած, իրականացած ու ըմբռնելի վերացարկումներ են, որոնք ոչ մէկ շփոթ կը յառաջացնեն հայերէն սորվողներուն մտքին մէջ:
Շփոթ չէր կրնար յառաջացնել օդակայան-ը եւս:
Եւ հայերէնը կը խուսափէր մէկ անճոռնի կառոյցէ, որ օդանաւակայան-ն է:
Ինչպէ՜ս ալ բերաննին չի յոգներ այսպիսի բառ մը արտասանելու առթիւ:
* * *
Եւրոպական մեզի ծանօթ բոլոր լեզուները՝ ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, սպաներէն, փորթուկալերէն, ռուսերէն իրենց եզրը կազմած են օդ ( aer- կամ air-) եւ port (նաւահանգիստ) կամ drome արմատներով: Թեթեւօրէն կը տարբերի գերմաներէնը, որուն համար բառս luft (թռիչք) platz (տեղ) է՝ թռիչքավայր, եթէ կ’ուզէք:
Ուրեմն ոչ մէկը տուեալ հասկացութիւնը ձեւաւորելու համար օգտագործած է օդանաւ բառը: Եւ այսպէս ստացուած բառերը որեւէ ատեն որեւէ շփոթի տեղիք չեն տուած թէ՛ այդ լեզուն կրողներուն, թէ՛ զայն իբրեւ օտարական կիրարկողներուն:
Արեմտահայերէնը հետեւած է ահա ա՛յս ոսկեայ աւանդոյթին:
Մի՛այն արեւելահայերէնն է, որ օդանաւ հիմքով կազմած է իր ծանծաղ եզրը:
Այս բոլոր օրինակներս կը ծառայեն անգամ մը եւս հաստատելու, որ եզրերու ընտրութեան կամ յառաջացումին մէջ տուեալ հասկացութեան ամբողջական ու անմիջական թելադրականութիւնը միշտ կարելի ու նաեւ փնտռուած չէ եղած: Եւ լեզուն ստիպուած է յաճախ ըսել բան մը եւ հասկնալ… ուրիշ բան: Օրինակ՝ ըսած է օդանաւահանգիստ (airport[1]) եւ հասկցած ցամաքային այն տարածքը, ուր օդանաւերը էջք ու մեկնարկ կը կատարեն:
Այդպէս է նաեւ մեր օդակայան-ը, որ այնքան կոկիկ է ու ճաշակաւոր:
2.Մերին Պոլիսը
***«Մարմարա», դուք հասկցէք՝ Ռոպեր Հատտէճեան, տառադարձական նոր մրցանիշ մը կտրած է ի դէմս Քիյեւ-ին, որ գրած է ճի՛շդ այսպէս՝ Քիյեւ, ինչպէս արդէն կը գրէր Ալիյեւ եւ Ռիյատ: Դուն հազար ըսէ, հազար աղբիւրէ ջուր բեր, թէ հայերէնը կը մերժէ «իյ» հնչիւնական հերթականութիւնը եւ իր ծոցին մէջ չէ ունեցած որեւէ բառ, որ «իյ» բովանդակէր,− ան իր գիցտածէն մազ մը իսկ չի շեղիր, անշուշտ այն տրամաբանութեամբ, թէ՝
−Ես հայերէնը նո՞ր պիտի սորվիմ… ան ալ ձեզմէ՞ պիտի սորվիմ…
Ո՛չ, նոր պիտի չսորվիս, սակայն պիտի անդրադառնաս, որ գիտցածդ մաշած է, զառամած է եւ նորոգութեան կը կարօտի, ինչպէս բոլորս կը կարօտինք ու միշտ կը կարօտինք: Ինչ որ Հատտէճեան չէ ըրած, եւ իր սխալ սորվածէն մազ չէ փոխած անցնող տասնամեակներուն:
***«Չենք կրնար տարուիլ ազգակործան շարժումներու հրահրած թակարդին, ընդ հակառակը, պէտք է ի զուր բերել այդ դաւադրական ջանքերը» («Ակօս», 21-5-215):
Բան մը հասկցա՞ք…
Ինչ-որ «ազգակործան թակարդ» մը լարուած է տեղ մը…իսկ մնացեա՞լը, ի՞նչ կ’ուզէ ըսել «Ակօս», ի՞նչ պատգամ կը յղէ ընթերցողներուս: Դուք ի՞նչ կը մտածէք այս մասին:
Հարցը կնճռոտողը «ի զուր բերել» բառակապակցութիւնն է, որ այստեղ դարձուածային արժէք ունենալ կը թուի եւ որը, սակայն, հայերէն չէ եւ բան մըն ալ չի նշանակեր: Կը մնայ, որ ընթերցողը ենթադրութիւններ ընէ, ինչպէս կ’ընենք համրերուն հետ «խօսելու» առթիւ:
Եւ փորձենք լուծել այս առեղծուածը:
«Ակօս»-ի նպատակակէտը «ի դերեւ հանել» ասոյթն է, որուն հաւանաբար անծանօթ է կամ ալ այս պահուս չէ յիշած: Ուրեմն պարբերութեան պատգամն է՝ «ի դերեւ հանել այն ազգակործան թակարդը», որ լարուած ըլլալ կը թուի ազգին կամ անոր մէկ հատուածին առջեւ. այդ մէկ հատուածը պոլսահայութիւնն է, անշուշտ:
Որ է… հայութեան սերուցքը:
Սերուցք մը, որ, ցաւօք, սկսած է…այլասերիլ:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Ոչինչ կ’արգիլէ, որ port բառը կայան հասկնանք. վերջին հաշուով նաւահանգիստն ալ կայան մըն է: