ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յաճախ եղայ աշխարհին մէջ լիլիփուտներու,
ուր ամէն ինչ փոքր էր, մանրուք:
Ճղճիմ, անազնիւ, կուզ հոգիներով
մանր արարածներ,
որոնք կարծր, պինդ առասաններով
կը կապկպէին ամէն արարած,
որ իրենցմէ վեր, բարձր էր հասակով,
կը ձգտէին զայն
հաւասարեցնել իրենց չափերուն,
եւ պէտք էր վարպետ Հուտինի ըլլալ
այդ լարերէն ողջ դուրս գալու համար:
Լիլիփուտներու ողջ հայրենիքը
տան յետնամասի պարտէզը, բակն էր,
ուր կրնային բանջարեղէն աճեցնել
եւ խաղողէն արաղ քաշել,
ատկէ անդին` երկրորդական,
անապահով եւ զիջելի վայրեր էին…
Դեռ պէտք էր իրենց
անորակ, ռապիզ երգերը լսել,
բեմերու վրայ եւ հանդէսներու
համար արտադրուած
զգացական լէյլումները գնահատե՜լ:
Տակաւին ոմանք
լիլիփուտեան բարբառն փողոցի,
խառնած լեզուին մեր կենդանի,
կը փորձէին ներկայացնել
նոր առօրեան…
Հոս կեդրոնն էր այս բոլորին,
հակասական, ողբեգական մանրաշխարհ մը,
մեծ տեսիլի, հերոսութեան հակադրուող:
Միջավայր մը,
որ անցեալին ունեցած էր
զոհողութեան, նուիրումի մեծ թռիչքներ,
սակայն հիմա վերածուած էր
հոգի ծախած, խեղճ ու կրակ աստուածներու խնկարկուի…
Սակայն գիտեմ, որ այս վայրերուն մէջ,
մարդանման, բայց այլասերած
եահուներու կողքին ապրող,
հուհնհնիմներու` խօսող ձիերու բիլ աշխարհը կար,
որոնք ազնիւ թռիչք ունէին
ու ազնիւ հոգի,
գիտէին կռուիլ, անվերջ պայքարիլ եւ ստեղծագործել…
եահուները փախցուցի՞ն զիրենք,
մութ նկուղներո՞ւ մէջ բանտարկեցին
կամ աքսորեցի՞ն…
Երբ վերադարձայ շրջապատս սովորական,
չեմ ըսեր, որ ամէն ինչ լաւ էր,
հոս եւս կային լիլիփուտներ եւ եահուներ,
որոնք նոյնպէս սորված էին
բեմերու վրայ արտասանել,
խօսքեր, որ իրենք իսկ չէին հաւատար,
դեռ լիլիփուտեան շքանշան զարդասեղներով
զարդարուիլ եւ հաճոյանալ,
եւ խանդավառ ծափահարել
ինչ որ պատահէր
լիլիփուտներու հայրենիքին մէջ…
Յաճախ կը խորհիմ` աւելի լաւ չէ՞
հուհնհնիմներու խումբին պատկանիլ,
քան յաջողակ եահու ըլլալ: