Այսօր, 12 Ապրիլ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ հանդիպում մը ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստին հետ:Հաւաքին նաեւ ներկայ էին Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:
Հանդիպումին քննութեան առարկայ դարձաւ Մեսրոպեան-Կիւլպէնկեան գործակցութեան վերսկսման կարելիութիւնները եւ ծրագիրները: Պրն. Կրէկուար Գալուստ ներկայացուց դպրոցի կրթական ու ազգային գործուէնութիւնը եւ անդրադարձաւ նոր ծրագիրներուն, շեշտելով, որ վարժարանը կը գտնուի 75-ամեակի սեմին:
Մեսրոպեանի տնօրէնը յաջողութիւն յայտնեց դոկտ. Փանոսեանին, անոր նոր պաշտօնի ստանցման առիթով, եւ մաղթեց, որ ենթական կ՛արձանագրէ նուաճումներ եւ ձեռք բերումներ:
Իր կարգին, Կիւլպէնկեան հաստատութեան հայկական բաժնի վարիչ-տնօրէնը յայտնեց գործակցութեան պատրաստակամութիւն, եւ նշեց, որ Մեսրոպեանի մէջ մեծ, ճիւղաւորուած եւ կազմակերպուած աշխատանք կը կատարուի:
Դոկտ.Ռազմիկ Փանոսեան իր այցելութեան ընթացքին շրջագայեցաւ վարժարանին մէջ ու ծանօթացաւ վարժարանի կառոյցին, բաժանմունքներուն եւ գործունէութեան:
Այս առիթով, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը իր երախտագիտական զգացումներն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանէն, որ բծախնդրութեամբ կը կատարէ իր առաքելութիւնը, անոր մաղթելով վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ