Անցնող շաբթուան ընթացքին, իսլամական ծայրայեղական կազմկերպութեան մը զինեալները խուժեցին հիւսիսային Իրաք: Այսօր անոնք մօտեցած են Պաղտատի մատոյցները: Կարգ մը աղբիւրներ կը հաւաստեն, թէ թրքական իշխանութիւնները նախօրօք տեղեակ պահուած էին ներխուժումի ծրագիրէն: Զինեալները թրքական հողերու վրայ պահողն ու սնողը, Թուրքիայէն քաղաքական ապաստանութիւն խնդրած, Իրաքի նախկին փոխվարչապետ Թարէք Ալ Հաշիմին է: Տակաւին վերջերս, Հաշիմի կը յոխորտար, թէ նախախնամութիւնը իրեն վերապահած էր դառնալու «Իրաքեան Գարուն»ին կերտիչը: Սակայն թրքական հիւպատոսարանին վրայ յարձակումը եւ թուրք քաղաքացիներ պատանդ վերցնելու իրողութիւնները, անգամ մը եւս եկան համոզելու, թէ ծայրայեղականները անկառավարելի են ամենուրէք…:
Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը ժամանակէ մը ի վեր մնայուն քննադատութեան կ’ենթարկէ Էրտողանը՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ հովանաւորելու, ծայրայեղական վարձկաններ երկրին հողերուն վրայ ընդունելու եւ զանոնք մարզելու պատճառով:
Փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ պատասխանելով Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կռուող իսլամիստներուն օժանդակելու պատճառով՝ վարչապետ Էրտողանի հասցէին կատարուող քննադատութիւններուն, յայտնեց թէ չէր խորհեր, թէ Էրտողան «գիտակցաբար» օժանդակութեան ձեռք մեկնած ըլլար իսլամիստներուն: Արընչի օգտագործած «գիտակցաբար» եզրաբանութիւնը բաւական հետաքրքրական էր…: Գիտակցաբար կամ՝ ոչ, Թուրքիա այսօր կ’ապրի իր հողերուն վրայ ծայրայեղականներու դէմ առ ճակատումի սարսուռը: Թերեւս այս հարթութեան վրայ պէտք է դիտել ծայրայեղականներու հոսքը Իրաք եւ ոչ՝ իբրեւ Իրաքը բաժնելու ծրագիր: Քեսապէն փախուստ տուող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն առջեւ թրքական սահմանները փակ պահելու որոշումը մեծագոյն ապացոյցն է, թէ Էրտողանի կառավարութիւնը վճռած է երկիրը փրկել կրօնամոլ որջերու սպառնալիքէն:
Մեր ժամանակներէն երկու տարի առաջ, արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլու յայտարարեց, թէ Պաշշար Ասատի տապալումը շաբաթներու հարց էր..: Այդ օրերուն Թուրքիա սերտօրէն կը գործակցէր ամերիկեան եւ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւններուն հետ: Արեւմտեան գրեթէ բոլոր պետութիւնները Թուրքիոյ ճանապարհով առատ զէնք կ’ուղղարկէին այսպէս կոչուած Սուրիոյ «ազատ բանակ»ին: Այդ օրերուն Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կ’երեւակայէր, թէ իրեն պիտի ընծայուէր արաբական աշխարհի մէջ ստեղծուելիք նոր վարչակարգերու հովանաւորութիւնը: Տաւուտօղլու, առանց ամչնալու կը յայտարարէր, թէ արաբները կարօտցած են օսմանական տիրապետութիւնը…: Իր հաշուարկներուն մէջ որքան սխալած էր Տաւուտօղլուն…: Այսօր փոխուած են պայմանները: Ինչո՞ւ այս ստիպողական շրջադարձերը:
Ծայրայեղականներու ներխուժումը հիւսիսային Իրաք, ռազմավարական- քաղաքական նոր զինակցութիւններ յառաջացուց Միջին Արեւելքին մէջ: Պարզապէս հետեւեցէք վերջին քանի մը օրերու շրջանային զարգացումներուն. Պաղտատ յայտարարեց, թէ մոռնալով անցեալի տարակարծութիւնները, պատրաստ է գործակցելու հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար կառավարութեան հետ : Քիրքուքը, որ մինչ վերջերս կռուախնձոր դարձած էր Պաղտատի եւ Արպիլի միջեւ, Պաղտատի հաւանութեամբ ամբողջութեամբ անցաւ քիւրտերու հակակշիռին տակ: Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութինը նոյնպէս օժանդակութեան ձեռք մեկնեց Քիւրտիստանի ինքնավար կառավարութեան: Արպիլի քրտական իշխանութեան եւ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան միջեւ ձիւնհալը աշխարհագրական բաց սահմաններով տարածութիւն մը ստեղծեց հիւսիսային Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ:
Անգարա, անտեսելով Պաղտատի հետ վերջին տարիներու տարակարծութիւնները, իր զօրակցութիւնը յայտնեց Նուրի Մելիքիի կառավարութեան եւ Իրաքի հողային ամբողջականութեան: Անգարային ձեռնտու չէ Իրաքի բաժանումը: Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ, մոռնալով նախկին նախագահ Մոհամմէտ Մորսիի հետ սերտ յարաբերութիւնները, նոր էջ բանալու շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Ապտէլ Ֆաթահ Սիսիին: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ ռազմավարական գործընկեր կը մնայ Էրտողանի կառավարութեան հետ: Սակայն ամենաուշագրաւ փոփոխութիւնը արձանագրուեցաւ Թեհրան- Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն մէջ: Յանկարծ, պարզուեցաւ, թէ երկու պետութիւնները կը գտնուէին խրամատին միեւնոյն կողմը..: Երկուքն ալ պիտի օժանդակեն Նուրի Մելիքիի կառավարութեան:
Երեւութապէս, Իրաքը բաժնելու, քաղաքացիական պատերազմի ուրուական մը կը շրջի Իրաքի երկնակամարին վրայ: Սակայն խորքը՝ նոր զոհերու եւ վնասներու գնով, Միջին Արեւելքը ծայրայեղական հոսանքներէն ձերբազատելու շրջանային ծրագիրի մը գործադրութիւնն է:
Նոյն այս մտահոգութեամբ, շրջանային եւ արեւմտեան պետութիւններ սկսած են հետզհետէ համոզուիլ, թէ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայութիւնը կայունութեան միակ գրաւականը պիտի ըլլայ Սուրիոյ պարագային: Նոր կացութեան թելադրութեան տակ, Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ հաւնաբար դանդաղ քայլերով վերատեսութեան ենթարկեն Սուրիոյ վարչակարգին հանդէպ իրենց կեցուածքը: Կը պատկերացնէի՞ք երեք ամիսներ առաջ՝ Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա եւ Իրան միեւնոյն խրամատին մէջ պայքար մղէին Ալ Քայիտայի եւ անոր արբանեակներուն դէմ: Ծայրայեղականներու սպառնալիքը շրջանային եւ միջազգային ահազանք մը ստեղծած է ամենուրէք:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ, վերջերս իսլամական աշխարհին մասին խօսելով, բաւական յատկանշական զուգահեռ մը կատարեց: Ան յայտնեց, թէ իսլամական աշխարհը կը վերադառնայ դէպի « Մութ Դարերը»: Միջին Արեւելքը հարուածող իշխանատենչութեան եւ կրօնական անհանդուրժողութեան պայքարը, միջնադարեան Եւրոպան սկսած է յիշեցնել Կիւլին: Բնականաբար աւելի կանուխ կարելի էր զգաստանալ եւ Շրջանը խնայել արիւնահոսութեան նոր ալիքներէն: Բայց…: Պիղատոսներուն թիւը անկասկած պիտի աւելնալ վաղը..:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ