Աշխարհի ամենահեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւններէն մէկուն` հոլանտական «Edison Music Award»-ի մէջ, լաւագոյն ժողովրդական ալպոմ անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչցուեցաւ Կիւրճիեւի անուան ժողովրդական նուագարաններու (գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեան) խումբին ձայնասկաւառակը (Music of Georges I.Gurdjieff` The Gurdjieff Folk Instruments Ensemble, Levon Eskenian):
Ձայնասկաւառակը թողարկուած է գերմանական ECM records-ի կողմէ. Կը տեղեկացնէ edisons.nl-ը:
«Edison Award»-ի մրցանակին արժանացած են Սթիւի Ուունտըր, Էրիք Քլէփթըն, Ռոպի Ուիլեըմզ, դասական երաժիշտներէն Եւկենի Քիսին, Վալերի Կերկիեւ, Քլաուտիօ Արաուն, իսկ մեր հայրենակիցներէն` Շառլ Ազնաւուր: