Լիբանանահայ երաժիշտ Լեւոն Իսկէնեանի կողմէ հիմնուած «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը, որ արժանացած է «Էտիսըն» մրցանակին եւ համաշխարհային երաժշտական աշխարհի բարձր գնահատանքին, 1 եւ 2 օգոստոս 2015-ին երկօրեայ տարբեր ծրագիրներով հանդէս պիտի գայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ: Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութիւնը կրող եւ «Զեքի Նասիֆ» երաժշտական ծրագիրին կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Լիբանանեան-հայկական բարեկամութեան ընկերակցութեան եւ «Զեքի Նասիֆ» երաժշտական ծրագիրին:
«Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը հիմնադրուած է 2008 թուականին, Հայաստան եւ կը կրէ 19-20 դարու աշխարհահռչակ հայ ազգի փիլիսոփայ, երաժիշտ ու երգահան Գէորգի «Կիւրճիեֆ»-ի անունը:
Համոյթին հիմնադրութեան, անոր գործունէութեան, համերգներուն, պատրաստած ձայնասկաւառակներուն եւ շաբաթավերջին տեղի ունենալիք համերգներուն մասին տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեանին հետ:
Լիբանանի մէջ կայանալիք համերգներուն մասին խօսելով` Լեւոն Իսկենեան ըսաւ. «Երկար տարիներ երազած եմ Լիբանանի մէջ համերգ ունենալ, շատ ուրախ եմ, որ առաջին համերգս իմ խումբովս` «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթով պիտի ներկայանամ եւ վերջապէս առիթ պիտի ունենամ լիբանանցի եւ լիբանանահայ լսարանին հետ կիսուելու մեր երաժշտական աշխարհը»: Ան յայտնեց, թէ 1 օգոստոսին պիտի հնչեն Կիւրճիեֆի դաշնամուրային գործերուն հիմամբ կատարուած իր փոխադրութիւնները, որոնց հիմքը հայկական է: «Մարդիկ հաւանաբար լսած են ձայնասփիւռէն Կիւրճիեֆի ստեղծագործութիւնները, ծանօթ են անոնց, բայց վստահ պատկերացում չունին խումբին մասին: Պիտի նուագենք Կիւրճիեֆի հայկական, կովկասեան, արաբական, ասորական, քրտական, յունական ստեղծագործութիւնները` հայկական նուագարաններով», հաստատեց ան: Ան աւելցուց, որ 2 օգոստոսին միմիայն Կոմիտաս պիտի հնչէ, պիտի պանծացուին Կոմիտասի յայտնի ստեղծագործութիւնները: Իսկապէս «Կիւրճիեֆ» համոյթը իր 11 երաժիշտներով եզակի երեւոյթ է, որովհետեւ կ՛ընդգրկէ հայկական ժողովրդական բոլոր նուագարանները: Կոմիտասի դաշնամուրային, երգչախմբային, վոքալ տարբերակները միշտ ալ առիթ ունինք լսելու, բայց Կոմիտասի գործերը հայկական ժողովրդական նուագարաններով գրեթէ չեն ներկայացուած: Լեւոն Իսկենեան խօսքի աւարտին ըսաւ. «Յոյսով եմ, որ մեծ թիւով լիբանանահայեր ներկայ կ՛ըլլան եւ կ՛ըմբոշխնեն հայկական մաքուր ու գեղեցիկ երաժշտութիւն»: