Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Սկովտիա` մասնակցելու կլիմայի հարցերով ՄԱԿ-ի 26-րդ խորհրդաժողովին:
Միքաթիի կ՛ընկերակցի կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասին եւ Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատա:
Խորհրդաժողովին ընթացքին Միքաթի Լիբանանի խօսքը պիտի արտասանէ այսօր:
Կլասկոյի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին Միքաթիին դիմաւորեցին Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը:
խորհրդաժողովին մասնակցելու կողքին, վարչապետ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Վերջինս հաստատեց, որ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական կայունութեան:
Միքաթի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին եւ Քուէյթի վարչապետ Սապահ Ալ Խալետ Սապահի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին Միքաթի շեշտեց Ծոցի երկիրներու գործակցութեան խորհուրդին հետ Լիբանանի մտերիմ յարաբերութիւնները պահպանելու, ինչպէս նաեւ որեւէ բացթողումի լուծումը գործակցութեամբ եւ եղբայրական ոգիով ապահովելու յանձնառութիւնը:
Սապահ շեշտեց, որ Քուէյթ նախանձախնդիր է միշտ զօրակցելու Լիբանանին` աւելցնելով սակայն, որ միաժամանակ Քուէյթ յանձնառու է պահպանելու Ծոցի երկիրներու գործակցութեան խորհուրդին միասնականութիւնը:
Իր կարգին, Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի յայտնեց, որ ինք մօտիկ ապագային Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը պիտի գործուղէ Լիբանան` քննարկելու համար Լիբանանին օժանդակելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Ծոցի երկիրներ տագնապը լուծելու կարելիութիւնները:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Սանչեզ շեշտեց Լիբանանի նկատմամբ Սպանիոյ զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Շարլ Միշելի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանին մատուցուելիք օժանդակութիւնները:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ:
Ճորճիեւա հաստատեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին` զայն իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն դուրս բերելու համար:
Ան նշեց, որ գործակցութեան ծրագիրը առիթ մըն է, որ պէտք է յաջողցնել, որովհետեւ անիկա գործունէութեան արտօնուած եւ կարելի միակ դուռն է:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Անկելա Մերքելի հետ:
Պէտք է աւելցնել, որ Միքաթի խորհրդաժողովին զուգահեռ ամերիկեան եւ եւրոպական զօրակցութիւն ստացաւ` պահելու Լիբանանի կայունութիւնն ու կառավարութեան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ յայտարարութիւններու պատճառով Սէուտական Արաբիոյ հետ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապը լուծելու կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ նախքան իր մեկնումը, Միքաթի երէկ առաւօտեան կառավարութեան յատուկ ուաթսափ խումբին մէջ գրած էր հետեւեալը. «Սիրելինե՛րս, Աստուած միայն գիտէ, թէ որքա՛ն ուրախ եմ այս հիանալի խմբակով, ինչպէս նաեւ ուրախ եմ մեր ուղին յաջողցնելու նպատակով ձեր ցուցաբերած լուրջ աշխատանքով: Չեմ ուզեր ձեզմէ գաղտնի պահել այն իրականութիւնը, որ նախապէս տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիէն պահանջեցի ազգային իր զգացումը գերադասել, սակայն պահանջիս առումով գործնական քայլեր չառնուեցան, հետեւաբար պէտք է իմանաք, որ կը գտնուինք անդունդի եզրին: Եթէ չգիտնանք այս հարցին արագ լուծում ապահովելու ձեւը, ապա պիտի իյնանք տեղ մը, որ բոլորին կողմէ անբաղձալի է… Աստուած վկայ է, որ ձեզ այս մասին տեղեկացուցի»:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանատան Պաշտօնէութիւնը Փոխադրուած Է Լիբանանէն
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան պաշտօնէութիւնը կիրակի գիշեր լքեց դեսպանատունը եւ վերադարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նախապէս իր տուած որոշումը, որ կ՛արգիլէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բնակիչներուն Լիբանան ուղղուիլ, ինչպէս նաեւ իր դիւանագիտական անձնակազմը տուն կը հրաւիրէ, պիտի լրացուի այլ որոշումով մը, որուն շրջագիծին մէջ Լիբանան գտնուող Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացիները պէտք է փութան տուն վերադառնալ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին` աւելցնելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր բոլոր կարողութիւնները կը դնէ Լիբանանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիները տուն փոխադրելու նպատակով: