Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի ծիրէն ներս, կազմակերպութեամբ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, տեղի ունեցաւ Կլոր Սեղան, ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2013, երեկոյեան ժամը ութին, Միութեան «Ահրամճեան» կեդրոնի սրահէն ներս, ուր քննարկուեցաւ «Միջին Արեւելքի Հայագաղութներու ճակատագիրը Այսօր» անուն այժմէական նիւթը:
Միջոցառման ներկայ էին Միութենական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ հայկական հարցերով մտահոգ բազմատասնեակ մտաւորականներ, տնօրէններ, կրթական մշակներ, արուեստագէտներ եւ «Խօսնակ»ի բարեկամներ:
Վերոյիշեալ՝ «Միջին Արեւելքի Հայագաղութներու Ճակատագիրը Այսօր» նիւթի քննարկման մասնակցելու համար հրաւիրուած էին լիբանանահայ երեք հանրածանօթ մտաւորականներ՝ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետ եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան, «Էրեբունի» Կայքէջի սեփականատէր Ահարոն Շըխըրտըմեան, եւ Էշրէֆիէի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Հայր Վարդան Գազանճեան: Իսկ միջոցառման համադրումը կատարեց «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան:
Հետաքրքիր երեկոն սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի քայլերգներով: Ապա, խմբագրական կազմի անդամ Տիկին Անժէլ Միսիսեան կատարեց երեկոյեան բացումը ու կարեւորեց օրուաՆ նիւթը, անդրադառնալով անոր այժմէականութեան ու նամանաւանդ Միջին Արեւելքէ ներս վերջին տարիներուն ծայր առած «Արաբական գարնան», աւելցնելով, թէ ան աւելի շատ եղաւ տխուր աշուն մը, քան թէ ակնկալուած ու ժողովրդավարութիւն խոստացող յուսացուած գարունը:
Իր բացման խօսքէն ետք Տիկին Միսիսեան հրաւիրեց օրուայ մասնակիցները, որպէսզի հերթականօրէն քննարկեն 7 հարցումներէ բաղկացած հրատապ նիւթը, սակայն մինչ այդ, ան առաջարկեց ներկաներուն, որպէսզի դիտեն Հալէպի Հ.Բ.Ը.Միութեան Շրջանակային Յանձնաժողովին կողմէ պատրաստուած «Վերադարձիր Հալէպ» անուն 8 րոպէանոց տեսաերիզը, ուր կ’երեւէր երբեմնի համով-հոտով «Երազային Հալէպ»-ը, անոր կենսունակ արեւելեան տաքուկ բարքը, հայկական խանդավառ առօրեան, միութենական ծլող ու աճող հայաշունչ մթնոլորտը: Եւ ապա, յանկարծ… փոխուեցաւ երէկի աղուոր պատկերը եւ փոքր պաստառի վրայ երեւցան չար ձեռքերու կողմէ հրահրուած զէնքերու ու ռումբերու ջրհեղեղը եւ թնդանօթներու որոտումը, որոնց արդիւնքով գետնի հաւասար կ’ըլլային շէնքեր եւ կը շարունակուէր քանդումն ու հրկիզումը, քարտէսէն հեռացնելով շէներ ու աւաններ… միաժամանակ պատճառելով մահ ու մահուան սարսափ..:
Խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան նախքան քննարկում, խնդրեց ներկաներէն, որպէսզի մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուի թուրքի եաթաղանին զոհ գացած մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ տիրող դէպքերու պատճառով նահատակուած մեր հայ հայրենակիցներու յիշատակը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց պատերազմի ու նամանաւանդ քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքը, աւելցնելով, թէ լիբանանցին շատ լա՛ւ գիտէ՝ թէ ի՛նչ կը նշանակէ պատերազմ, նամանաւանդ քաղաքացիական պատերազմ ու եղբայրասպան կռիւներ:
Արդարեւ, դիտելէ եւ ապրելէ ետք տխուր, բայց տպաւորիչ տեսաերիզը, սկիզբ առաւ յայտարարուած «Կլոր Սեղան»ի յայտագիրը: Օրուայ երեք մասնակիցներ՝ Շահան Գանտահարեան, Ահարոն Շըխըրտըմեան ու Հայր Վարդան Գազանճեան հերթականօրէն պատասխանեցին կատարուած հարցադրումներուն, իւրաքանչիւրը յայտնելով հարցի նկատմամբ իր ունեցած տեսակէտը, միշտ հաւասարակշիռ ու տրամաբանուած, ու հարցերը իրենց ճիշդ պարունակին մէջ տեղադրելու տրամադրութեամբ:
Անոնց յղուեցան հետեւեալ հարցումները.
1.- Վերջին մի քանի տարիներուն ծայր առած «Արաբական Գարուն»ը ինչպիսի ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ հայկական գաղութներու, ու նամանաւանդ մեր ապագայ համազգային ծրագիրներուն վրան:
2.- Միջին Արեւելքէ ներս կեանքի կոչուած յետ եղեռնեան հայագաղութներու կենցաղն ու իրավիճակը, (ԼԻԲԱՆԱՆ, ՍՈՒՐԻԱ, ԻՐԱՔ, ԻՐԱՆ, ՅՈՐԴԱՆԱՆ, ԵԳԻՊՏՈՍ), այսօրուայ դրութեամբ ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն: Կը խորհի՞ք, թէ հորիզոնի վրայ կայ յոյսի նշոյլ՝ վերադառնալու նախկին իրավիճակին:
2.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք վերեւ նշուած գաղութներէն վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին դէպի Արեւմուտք կատարուած գաղթերը: Ճի՞շդ էին այդ շարժումները, թէ սխալ: Իսկ արդեօ՞ք Արեւմուտք հաստատուելով մենք կրնանք պահել մասնաւորաբար լեզու եւ ինքնութիւն՝ այսօրուայ համաշխարհայնացման պայմաններուն մէջ:
4.- Գիտենք, թէ «Արաբական Գարուն» կոչուած փոթորիկը, լման երկու տարի հարուածելէ ետք Սուրիան, տակաւին հոն կը տիրէ անորոշութիւն եւ մեր հայահոծ գաղութները՝ Հալէպ, Դամասկոս, Քամիշլի, Լաթաքիա եւ Հոմս, կ’ենթարկուին ցնցումներու: Այսօրուայ տիրող կացութեան առջեւ, ինչպիսի՞ առաջարկներ կարելի է ընել, սատար հանդիսանալու համար հայագաղութներուն:
5.- Սուրիոյ մէջ կատարուած բոլոր խժդժութեանց պարագային, ինչպէ՞ս կը գնահատէք մեր դարաւոր թշնամիին՝ թուրքին գործօնը: Ան ի՞նչ կը հետապնդէ այս բոլորի մէջ:
6.- Տարիներ շարունակ երգեցինք Հայրենիք ու Հայաստան… ու երազեցինք Ազատ-Անկախ Հայաստան: Հիմա որ հասած ենք այդ երազին, ի՞նչ յանձնարարական ունիք Միջին Արեւելքի հայութեան: Համաձա՞յն էք որ անոնք այլեւս վերջնականօրէն տեղափոխուին Հայաստան, թէ մտածեն գաղթելու համար հեռաւոր ափեր..:
7.- Կը մօտենանք Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ի՞նչ կը սպասուի Հայաստանամերձ հայագաղութներէն:
Պէտք է արձանագրել, որ բոլոր մասնակիցներու մօտ կար աննախապաշար մտահոգութիւն, եւ բոլորն ալ կը շեշտէին «խոշոր խաղ»ի պատճառով Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ ծայր առած հսկայ հրդեհը, անոր բոցերուն մինչեւ օրս կատարած վնասները, մահուան սպառնալիքի առջեւ կանգնած հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներու ճակատագիրը, տեղահանուած քաղաքացիներու անտիրական վիճակը, քանդուած ու թալանուած տնտեսութիւնները, փլատակ ու հրկիզուած քաղաքներն ու գիւղերը… այրուած ու քանդուած հազարաւոր մարդկանց բնակարաննները, գործատեղիները, խանութները, եւ այս բոլորը՝ զուտ քաղաքական շահի հետեւանքով, որ կը ներկայանար «Արաբական Գարուն» յորջորջուած հովանոցի կիրթ լոզունգին տակ:
Մասնակիցներ, մանրամասնօրէն թուեցին Միջին Արեւելքէ ներս կատարուող խժդժութեանց ու տեղաշարժերու յայտնի ու անյայտ պատճառներն ու ծրագիրները, ապագայ հեռանկարները, գործադրուող նպատակները, ակնկալուած քարիւղային հաշիւները: Այս բոլորի մէջ էականը սակայն մեզի համար, առաջին հերթին՝ հայ զանգուածներու ճակատագիրն էր, որոնք տարիներու վրայ ապրելէ ետք խաղաղ ու հանգիստ՝ արաբական վերոյիշեալ երկիրներու մէջ, եւ շարունակաբար բոլոր գաղութներէ ներս կառուցելէ ետք եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, եւ իրագործելէ ետք մշակոյթ ու արուեստ, ահա կ’ենթարկուէին նոր զրկանքներու, նոր տեղահանութեան ու մինչեւ իսկ առեւանգման ու սպանութեան:
Այս բոլորի մէջ անշուշտ, ուշագրաւ էր Սուրիոյ հայաշատ ու ազգային իմաստով մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող Հալէպ քաղաքի եւ հոն ապրող բազմահազար հայերու ճակատագիրը, անոնց հասնելու եւ օժանդակելու աշխարհացրիւ բոլոր հայերու համահայկական ջանքերն ու ճիգերը՝ սկսեալ Հայրենիքէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն ու մասնաւորաբար Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն, հասնելու համար ամենահեռաւոր գաղութները, գնահատելով բոլորի կատարած ազգանուէր նպաստը եւ դերը:
Մասնակիցներ, նկատի առած Միջին Արեւելքի որոշ երկիրներու հայագաղութներու առօրեան, անոնց ապրած անշնչելի եւ անտանելի պայմանները, կարեւորութեամբ անդրադարձան Միջին Արեւելքէն դէպի արեւմուտք կատարուող մերթ պարտադիր եւ մերթ ալ ազատ պայմաններու տակ կատարուող արտագաղթերու մասին, (նախապէս ու ներկայիս), բաղդատական մը ընելով հայապահպանութեան խիստ կարեւոր հարցին մասին, միշտ աւելցնելով, թէ ճիշդ էր որ արեւմուտքէ ներս մեր հայ զանգուածներուն կը սպասէր կեանքի ապահովութիւն, սակայն նոյնժամանակ ինքնութեան ու մշակոյթի կորստեան տեսանելի մեծ վտանգ մը:
Այս բոլորի կողքին, մասնակից երեք մտաւորականներու արտայայտութեանց մէջ ուշագրաւ էր շատ բնականաբար Սուրիոյ տարածքէն ներս մեր ոխերիմ թշնամիին՝ թուրքին խաղցած տխուր դերը, երբ կը ջանար սատար հանդիսանալ կողմի մը, քաջալերելով ամէն տեսակ արհաւիրք եւ իր յիշաչար կողմնակալութեամբ նպաստելու համար հալէպահայութեան տեղահանութեան ու աքսորին, որուն համար կը ծախսէր մեծաքանակ գումար եւ կը խրախուսէր զանազան երկիրներու արմատական վարձկան զինեալ տարրեր, իւղ թափելով այրող կրակին վրայ, մոռցած բարի դրացնութիւն, իր նոր օսմանականութեան ծրագրին ու գաղափարախօսութեան գետին ապահովելու սին նկրտումով:
Պէտք է շեշտել, եւ սա ուրախալի երեւոյթ է բնականաբար, որ անոնք՝ մասնակիցներ, դատապարտելէ ետք թրքական տխուր գործօնը, գնահատեցին Հայաստան-Սփիւռք սերտ գործակցութիւնը, Հայաստանի պետութեան Սուրիական տագնապի ժամանակ սուրիահայութեան օժանդակելու դրական քայլը, եւ հայրենիքէ ներս գտնուող մօտաւորապէս վեց հազար հայերէն որոշ զանգուածներուն տուն ու տեղ, աշխատանք ու զբաղում տրամադրելու, եւ հոն ապաստան գտած դպրոցական տարիքի աշակերտներուն դպրոց ու ուսում ջամբելու նպատակի ծառայող ակնկալուած տրամադրութիւնը:
Գալով տագնապահար մեր հայրենակիցներուն, այս պարագային գէթ սուրիահայ որոշ քաղաքներու հայ բնակչութեանց դէպի Հայաստան կամ Արցախ մնայուն ու կազմակերպեալ ներգաղթի մը ծրագրին, անոնք յայտնեցին, թէ կը ցաւին, որ Հայաստան ներկայ շրջափակեալ պայմաններու մէջ չունի անհրաժեշտ հնարաւորութիւնը՝ կազմակերպուած ձեւով ազգայիններ ընդունելու, միշտ նկատի առած Հայաստանէ ներս տիրող աշխատանքի եւ բնակարանի պայմանները: Անոնք յոյս ու փափաք յայտնեցին նման տագնապներու արագ լուծումը եւ զանգուածներու անհրաժեշտութեան պարագային վերջնական հաստատումը Հայաստանէ եւ Արցախէ ներս:
Ազգային իմաստով խիստ կարեւոր ու այժմէական սոյն նիւթը աւարտեցաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընդառաջ հայասատանամերձ գաղութներու առնելիք ապագայ քայլերու շուրջ հարցադրումով: Մասնակիցներ, գնահատեցին ցարդ կատարուած միասնական աշխատանքը, փափաք յայտնելով, որ շարունակուի՛ սկսուած ազգանուէր գործը, եւ սա ոչ միայն հայաստանամերձ գաղութներու պարագային միայն, այլ բոլոր անկիւններու մէջ եւ մեր ժողովուրդը այլեւս ժամանակն է որ անցնի՛ աւելի գործնական ու լուրջ քայլերու, պահանջատիրութեան իրաւունքը համադրելու եւ միջազգային ատեաններէ ներս իրաւական քայլերու դիմելու, եւ ամբողջական թղթածրարով մը ներկայանալու անհրաժեշտութեան:
Երեկոն վերջ գտաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրին մասնակիցներուն՝ Շահան Գանտահարեանին, Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին եւ Ահարոն Շըխըրտըմեանին ու ներկաներուն յայտնած շնորհակալութեամբ: