Վարուժ Թէնպէլեա – ՀԱՅ ԵՄ
(Ծննդեան 150ամեակին առիթով)
Դիւրին չէ խօսիլ մեծ հայուն, մեծ արուեստագէտին եւ մեծ մարդուն մասին։
Դիւրին չէ խօսիլ Կոմիտասի մասին։
Ամբողջ հայ ժողովուրդի տառապանքը անձնականացուցած, երգի ու երաժշտութեան ճամբով անոր ազգային լինելութեան ձգտումը իր հոգիին հետ միաձուլած մարդուն՝ անանձնական գլխագիր մարդուն մասին՝ մարդկային բառերը բաւարար պիտի չըլլան տալու ամբողջական իմաստ մը։
Առաքեալ մը չէ՞ արդեօք Կոմիտաս վարդապետը։
Մեր ազգային գոյապայքարին անքակտելի օղակներէն մէկը՝ անկասկա՛ծ։
Կոմիտասը ունեցաւ տեսիլքը եւ խոր իմացութիւնը երաժշտական գիտութեան, համարձակօրէն ընդգծելու, որ միջազգային երաժշտութիւն չկայ, երաժշտութիւնը ազգային լեզու է եւ ամէն ազգ ունի ի՛ր երաժշտութիւնը։ Կոմիտաս իր այս համոզումը փաստեց գիտութեամբ եւ այդ գիտութիւնը անցնելով իր բիւրեղ ու առհաւական հոգիէն, ան կենսաւորեց հայ երգը եւ երաժշտութիւնը ու հիմը դրաւ հայ ազգային գիտական երաժշտութեան։
Կոմիտասը դարձաւ հայ երաժշտութեան Մաշտոցը։ Մաշտոցը ստեղծեց միջոցը հայ միտքի յաւերժացման, Կոմիտասը հայ հոգիին տուաւ դէպի յաւերժութիւն սլանալու ոգեղէն տառերը։
Կոմիտասն ալ Մաշտոցի նման հայացուց ազգը՝ տալով անոր արժանապատուութիւն, ինքնավստահութիւն եւ ուրոյն դիմագիծ։ Եթէ Մաշտոցը հայ ժողովուրդին տուաւ հայ մտքի լեզուն ու հայ հոգիի բանալին, Կոմիտասը մտաւ հայ հոգիէն ներս եւ հայութեան տուաւ հայ հոգիի լեզուն, եւ այդ՝ այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ ստրկատիրութեան բարդոյթներէն տառապող մեր ժողովուրդը շատ բան կորսնցուցած էր իր ազգային արժանապատուութենէն ու աղաւաղուած էր անոր հոգին։
Սուրբ մը չէ՞ արդեօք Կոմիտաս վարդապետը։
***
Ամեակներուն կապուած անուն մը չէ Կոմիտասը։ Ան միաձուլուած է հայօրէն ապրող բոլոր մարդոց հանապազօրեայ սնունդին հետ։ Եթէ ամեակներու առիթով զինք յիշելու պարտադրանքը յաճախ կը զգացուի, առաջին հերթին անիկա է առիթը վերահաստատելու մեր երախտագիտութիւնը հանդէպ մեծ հայուն, իսկ երկրորդ հերթին՝ կոմիտասեան նարօտը զետեղելու հայ նորահաս սերունդներու գլխուն, իբրեւ սրբատառ սաղաւարտ՝ այլասերող հողմերուն դէմ։
Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած յարգանքի մեծագոյն արտայատութիւնը պիտի ըլլայ հանապազօրեայ ունկնդրել զինք եւ ունկնդրելով անպայման որ բան մը պիտի փոխուի մեր հոգիներուն մէջ։ 150ամեակի մեր երկրորդ տուրքը պիտի ըլլայ կարդալ անոր մասին եւ կարդալով ծանօթանալ անոր գաղտնիքին, մարդկային մեծութեան ու այդ ճամբով՝ անոր անկրկնելի արժէքին:
Կարդալով Կոմիտասի մասին եւ ունկնդրելով զինք՝ կրնանք մտնել հայ երաժշտութեան տաճարէն ներս, ուր «Անտունի»ներու եւ «Հոռովել»ներու ղօղանջով հողը եւ հայը կը վերածուին աղօթքի ու աղօթքը՝ պայքարի։
Ունկնդրել Կոմիտասը եւ ճանչնալ անոր ստեղծագործութիւնները կը նշանակէ հայ երգն ու երաժշտութիւնը նաեւ գործածել իբրեւ վահան հայ ժողովուրդին սպառնացող վտանգներուն դէմ։
Մերօրեայ հայ սերունդրերը մանաւանդ պարտաւոր են ճանչնալու Կոմիտասը եւ հաղորդուելու անոր երաժշտութեամբ։ Կոմիտասի երգն ու երաժշտութիւնը հայ հողին աւիշը կը ներարկեն մանաւանդ օտար երկինքի տակ ապրող հայութեան։
Կոմիտասով մենք կրնանք զօրանալ։
Կոմիտասով նաեւ կրնանք յաղթե՛լ։