Յունուար 11-ին Ժընեւի «Բատիման տէ ֆողս մօտրիս» (Bâtiment des Forces Motrices) երաժշտասրահին մէջ «Սէր առ Հայաստան» խորագիրի ներքոյ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ ակորտէոնահար Ռիչարդ Կալիանոյի եւ Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբի` խմբավար Վահան Մարտիրոսեանի ղեկավարութեամբ բացառիկ համերգը` նուիրուած «Կոմիտաս Զուիցերիա – Հայաստան» (KASA – Komitas Action Suisse-Arménie) բարեգործական միութեան գործունէութեան 20-ամեակին: Համերգին ներկայ էր ՄԱԿ-ի մէջ Զուիցերիոյ Համադաշնութեան մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Վալենտին Զելվեգերը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն, երեկոյի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքն ուղղեց Զուիցերիոյ Համադաշնութեան մէջ ՀՀ դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաջեան` նշելով, որ երեկոյի խորագիրը` «Սէր առ Հայաստան», պատահական չէ ընտրուած. համերգի գեղարուեստական խորհուրդն ու անզուգականութիւնն արտայայտելէ զատ, այն կը խորհրդանշէ հայ-զուիցերական ամուր բարեկամութիւնը, որն առաւել ամրապնդուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենադժուար պահերուն Զուիցերիոյ ժողովուրդին կողմէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերուած բացառիկ համերաշխութեամբ:
Յասմիկ Տոլմաջեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց նաեւ, որ «Կոմիտաս Զուիցերիա – Հայաստան» միութիւնն իր կարեւոր նպաստը բերած է ինչպէս հայ-զուիցերական միջմշակութային կապերու խորացման, այնպէս ալ` հայ եւ զուիցերացի ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան առաւել ամրապնդման` երկու տասնամեակ շարունակ Հայաստանի մէջ ամենատարբեր բնագաւառերուն մէջ իրականացուող բազմաթիւ ծրագիրներու միջոցով:
Հայաստանի մէջ ծաւալած երկարամեայ գործունէութեան համար դեսպանորդ Տոլմաջեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ԿԱԶԱ-ի հիմնադիր նախագահներ Մոնիկ եւ Տարիօ Պոնտոլֆիներին, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն:
Համերգին հնչեցին Կոմիտասի, Ա. Խաչատրեանի, Ա. Վիւալտիի, Ա.Պիացոլայի, Յ.Ս. Պախի ստեղծագործութիւնները: Ժընեւի մէջ գործող «Ալտարես» հիմնադրամի աջակցութեամբ կազմակերպուած այս բարեգործական համերգի հասոյթը պիտի ուղղուի ԿԱԶԱ-ի ծրագիրներու իրականացման Հայաստանի մէջ: