ԵՐԵՒԱՆ.– «Հայաստանի հանրային ռադիօ»ի ձայնադարանը համալրուած է Կոմիտաս վարդապետին 145ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձայնասկաւառակով, որ կը ներառէ հայերէն եւ անգլերէն թուայնացած լսատեսողական տուեալներ: Սկաւառակին մէջ կան Կոմիտասի լուսանկարներ եւ մատիտանկարներ, վարդապետի կատարմամբ պահպանուած ձայնագրութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երաժշտական երգչախումբերու կոմիտասեան ստեղծագործութիւններու լաւագոյն կատարումներ:
Այս ծրագիրը իրականութիւն դարձած է «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ «Պրոլայթինգ» ընկերութեան համագործակցութեան շնորհիւ։
Այս ինքնատիպ հաւաքածոն կարեւոր է ոչ միայն որպէս սերունդներուն փոխանցուող մշակութային արժէք, այլ նաեւ որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ ներկայացուող կոչնակ՝ ուղղուած ամբողջ աշխարհին: Հաւաքածոն նախատեսուած չէ վաճառքի համար: Թուայնացուած ալպոմը պիտի տրամադրուի աշխարհի հռչակաւոր համալսարաններու գրադարաններուն: Ձայնասկաւառակը ապագայ սերունդներուն ուղղուած պատգամ է՝ պահպանելու եւ տարածելու մեզի հասած մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը:
«Մեր երաժշտական լեզուի համար Կոմիտասն արեց նոյնը, ինչ դարեր առաջ Մաշտոցն արեց մեր խօսակցական լեզուի համար: Սա Պարոյր Սեւակի խօսքերն են: Ժամանակն է, որ պատշաճ մակարդակով եւ հետեւողականօրէն աշխարհին ներկայացնենք հանճարեղ հայի ստեղծած երաժշտական գանձերը: Կոմիտասեան հարուստ ժառանգութեան ընտրանին Հայոց Եղեռնի հարիւրամեայ տարելիցին ներկայացնելն ունի բարոյական մեծ խորհուրդ: Պէտք է ոչ միայն խոնարհուենք, ակնածանք տածենք Կոմիտասի նկատմամբ, այլեւ նրա ապրած կեանքի տիրական ներկայութեան օրինակով, փորձենք նպաստել ազգի միասնականութեանը, ազգային նպատակների իրագործմանը՝ ապրելով եւ գործելով այնպէս զուսպ, հետեւողականօրէն ու մտածուած, ինչպէս դա մեզ պարտադրում են նրա թողած ժառանգութիւնն ու կերպարը», յայտնած է «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Ծրագիրը կեանքի կոչելու համար «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ը յատկացուցած է 25 միլիոն դրամ, իսկ «Հայաստանի հանրային ռադիօ»ի ոսկէ ձայնադարանը համալրելու ընդհանուր ծրագիրի համար՝ աւելի քան 64 միլիոն դրամ: