ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անուններ կան, որոնք ազգ մը կը ներկայացնեն:
Անուններ ալ կան, որոնք ճակատագրական են եւ մեզ կը թարգմանեն:
Կան նաեւ անուններ, որոնք թէ՛ մեր հոգիին եւ թէ՛ մեր լեզուին կը պատկանին:
Այս անունները մեզմէ աւելի կանուխ ծանօթ են ամէն բանի, անոր համար եկան եւ կերտեցին մեր էութիւնը, խորութեամբ եւ նոյնքան ալ պայծառութեամբ միաժամանակ դաշնաւորեցին մեր ձայնն ու ըսելիքները եւ դարձան ոչ միայն անձ, այլեւ` հայութեան նոր օր, նոր կեանք եւ ազգի վերածնունդի սատարող նոր կամք:
Ահա այդ անուններէն մեծագոյնը` ԿՈՄԻՏԱՍ վարդապետ:
Անուն մը` պարզ եւ խորունկ: Մեր ժողովուրդի էութենէն փրթած անուն մը: Գիտակից: Մեծ հայ մը` ամէն բանէ առաջ եւ մեծ տաղանդ: Մինակը իր ժողովուրդը կերակրեց երգով ու աղօթքով:
Շատ մօտ է մեզի այս շքեղ անունը: Հարազա՛տ: Արդա՛ր: Շատ լսած եւ խօսած ենք անոր հզօր կերպարանքին մասին: Ան իբրեւ ջերմ հաւատացող մը իր ազգին արժէքներուն` մեզի հայ երգը սորվեցուց: Քիւթահիացի այս որբ տղան յանուն ազգին երգեց, սորվեցուց ճանչնալ հայը գիւղացին, սէրը, բնութիւնը: Այլ խօսքով, ան դարձաւ մեր էութեան ձայնը: Եղաւ անոնցմէ, որոնք շուտ կը կերտեն իրենց դէմքը:
Եղաւ մեծ հայրենասէր: Ինք կանուխէն չափած էր աշխարհն ու մեծութիւնը, որովհետեւ հայ մտքի եւ հոգիի լոյսը դարձուցած էր մեր աղօթագիրքը:
Իր տեսած հայ գիւղացին եւ հայ գեղջուկը ուրիշ էին: Մենք չէինք տեսած, ոչ ալ կրնայինք տեսնել: Ինք ե՛ւ կը տեսնէր ե՛ւ կը խօսէր ե՛ւ կ՛երգէր: Իր շունչը բերաւ` խառնելու մեր կեանքին եւ նոր հորիզոններ բանալու մեր աչքերուն առջեւ:
Մէկ խօսքով` հրաշք մը, տաղանդի պայծառ եւ միագիծ տեսքով, ստեղծագործ միտքով, որ հայութիւնը իր անձին ու տաղանդին մէջ ոչ միայն խտացուց, այլեւ հասցուց համամարդկային մակարդակի:
Վերջապէս` ազգային անկրկնելի փառք:
Բնութիւնը զինք օժտած էր վարպետութեամբ եւ ըրած էր զինք իշխան, ոչ մէկ բառով բացատրելի: Մեծի խորհրդանիշ:
Գիտենք: Ինք պտտեցաւ, հաւաքեց, շրջեցաւ, փետեց, երազեց, աղուոր եւ ազատ: Արձագանգեց հայ մշակի երթին: Հայաստանի եւ հայութեան համար յեղաշրջեց հայ կեանքը: Յուսահատ չեղաւ, որովհետեւ ինք լաւատեղեակ էր, որ իջած էր պայքարի լուրջ տեսիլքով, իրական, հաստատ եւ տրամաբանական:
Կոմիտաս վարդապետ:
Մեծ էր մտքով, հոգիով եւ արտայայտութեամբ: Իրեն չափ փայլ ունեցող թերեւս չունեցաւ իր ժողովուրդը: Ինք ծնած էր Հայաստանի եւ հայոց պատմութեան համար: Ինք իր անմահ ձայնով դարձաւ մեծ ուսուցիչ` մեծ տեսիլքներու: Երաժշտական վէմ:
Սքանչելի տառապող մը: Ազնուական եւ միաժամանակ` որբ ռամիկ մը, հայ ժողովուրդի ներքին ձայնին յաւիտենական ունկնդիր: Մութին մէջ լոյս որոնող: Նայեցաւ ժողովուրդին, քան` ժողովուրդի տէրերուն:
Արարատեան դաշտին մէջ նորութիւն ձայնեց, համակրանք ներկայացուց եւ սառած խաւարի դէմ մարտի ելաւ:
Ինք` համաշխարհային երաժշտութեան հասնող իբրեւ բարձրագոյն գագաթ, իր մէջ պահեց ազգի ջերմութիւնը, իր անձը որոնեց եւ ապա խառնեց հանճարին: Երգեց հայ ժողովուրդը` իբրեւ սէր, խռովք եւ խոյանք: Չարչարեց իր միտքը` իբրեւ երազի եւ երգի ուխտաւոր, եւ` մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ տեւական խմորուող զգացումներու ձայնով:
Միտքէն աւելի սիրտն էր, որ իր վանկերուն եւ յանգերուն մէջ սէր զետեղեց, խօսք զետեղեց: Սէր, երկիր, հող, մշակ: Իրական առասպելական բանաստեղծ ու նաեւ` պարզ հոգեւորական: Այս գիտուն, տաք աշակերտէն ետք հայը ուրիշ մը չծնաւ: Երգեցինք ու միշտ պիտի երգենք:
Ինք տարբեր էր` իբրեւ մարդ հոգեւորական եւ ժողովուրդի ամբողջութիւն: Ինք ուրիշ էր: Շատ ուրիշ` հաւատքի մէջ, ազգի մէջ, կեանքին մէջ: Թոքերուն մէջ իր ամբողջ ուղեղն ու սիրտը բրդող վանական մը, որ այսքան ընդարձակ կարողութեամբ վախճան չունեցաւ:
Հայ երգի մեծ հնարիչ, մնայուն յաճախորդ եւ մշտարթուն մասնագէտ, որ իր աղօթքին մէջ երգեց հայուն բառերով, պոռթկումով, սիրով, աստուածային բառերով, անվախճան սիրով ու դարձաւ ամենապաշտելին:
Հայաստանի գաւառներուն մէջ պտտող նշանակալից բարի վարդապետ: Բացառիկ մարդ, սաստիկ մտածումներու տէր` ներքին ու չտեսնուած, գտաւ, իր մտքին մէջ հիւսեց: Իր գործիքները եղան` հայուն ցաւը, սէրը, վիշտը, ուրախութիւնը: Միտք, սիրտ, հոգի եւ ոգիի հրդեհումներով:
Կոմիտաս` վանքերու երկրին մէջ մեծ վանական: Եղաւ ու չկան իրեն չափ եւ հաւասար մարդիկ: Հայաստանը երբեք չունեցաւ իր նմանը, իրեն չափ խորունկ բարձունք, հոգեկան արօտավայր եւ սքանչացում:
Իր ժողովուրդը իր տաղանդին մէջ կ՛ապրի երգին ջերմութիւնը, որուն հաւասարը չկայ ուրիշ ազգի մէջ, պարապ տեղ մի՛ փնտռէք:
Մեր երաժշտութեան, երգին եւ ձայնին Մեսրոպ Մաշտոցը, եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ` Հայ Ժողովրդական Երաժշտութեան Մեծ Լուսաւորիչը: Իրեն կը պարտինք վերջապէս այս կեցուածքը, որ հայկական է, հայուն է եւ ազգային է: Իր ազգը իրեն տուած է հարուստ նիւթ, եւ որ միայն հայութեան կը պատկանի: Անոր համար հայու ոգին բազմապատկուեցաւ: Բառ դարձաւ: Դարձաւ ձայն եւ երգ ու հայութեան անջնջելի ճակատագրին մէջ խոր ընդարձակ եւ կիզիչ հեռուները իրար կապող խորունկները միացնող կամուրջ: Զինք երգեցինք եւ տակաւին կը շարունակենք…
Հանճարեղ եւ մեզ բոլորս զիրար միացնող վարդապետ: Հայ երգի քրմապետ, որ խոր կնիք դրաւ եւ յարատեւօրէն հերկեց մեր տոհմական դաշտերը:
Մեր մեծութիւնն ու հպարտանքն է այս վարդապետը: Ազգային հպարտութիւն: Հերոս: Ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի կերտիչ: Ու հաստատապէս` քսաներորդ դարու Մաշտոց եւ նոյնքան ալ` Հայ Ժողովրդական Երաժշտութեան Մեծ Լուսաւորիչը, որ երգեց հայ ժողովուրդի վիշտն ու ուրախութիւնը` հայրենաշունչ ոգիով ու նոյն այդ ոգիով ներշնչուեցաւ ու ներշնչեց:
Ստեղծեց հայ երաժշտութեան կրօնը ու դարձաւ յօրինող, խմբավար, երգիչ:
Եւ որովհետեւ հանճարի լոյսը կը կրէր իր անձին մէջ, ան պեղեց հայ շինականի հոգին եւ հասաւ մեր մշակոյթի արմատներուն: Դուրս հանեց, զտեց եւ մաքրեց մեր ինքնութիւնը բնորոշող դարերու ժանգէն:
ԿՈՄԻՏԱՍ վարդապետ` Աստուածատուր Հրաշք մը: Որբէն ծնունդ առնող մեծ հանճար: Սլացիկ եւ ուրոյն դպրոց: Իր բնածին տաղանդով, շնորհով, աստուածատուր ձիրքով եւ յատկութեամբ ու կարողութեամբ մեր երաժշտութեան պատմութեան մէջ ինքնայատուկ ոգի եւ նկարագիր դնելով` ստեղծեց եւ վերստեղծեց ազգային մեր ինքնութիւնը:
Հանճարեղ վարդապետ մը, որ իր քրտինքով ակօսեց մեր երաժշտութեան անդաստանին մէջ ու կարողացաւ իր ժողովուրդի հոգիներուն մէջ արձագանգել ու մինակը մտաւ հայ երաժշտութեան մեծ դռնէն:
Եւ սակայն նաեւ` տարաբախտ վարդապետ մը, որ իր ստեղծագործ միտքով նաեւ դարձաւ հայ երաժշտութեան անկիւնադարձը` իր անձը դարձնելով մեր կեանքի յենարանը:
Ո՛վ որ կ՛ուզէ իր ժողովուրդի բարի, սիրոյ, պարզ, խաղաղ, միամիտ դէմքը տեսնել, առանց Կոմիտասի` չի կրնար: Որովհետեւ Կոմիտաս մեր ձայնն է: Հայու ձայնը եւ հայ ըլլալու եւ մնալու բարձր գիտակցութիւնը:
Այսօր դարձեալ մեծ յարգանքով եւ երկիւղածութեամբ կը կենանք իր դեռ չաւարտած վաստակին առջեւ:
Էականը. ի՞նչ աւելցուցած ենք իր աւանդին, իր կտակին եւ իր պատգամին:
Բայց… անկախ այս բոլորէն` բիւր յարգանք իր յիշատակին: