Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Անոնք, որոնք կ՛ընտրեն չարեաց փոքրագոյնը,
կը ձգտին մոռնալու, որ ընտրած են չարիքը:
ՀԱՆՆԱ ԱՐԵՆՏ
Վերջապէս հայկական Կոստանդնուպոլիսը յաջողեցաւ ընտրել իր պատրիարքը, որուն անվերապահօրէն յաջողութիւն կարելի է մաղթել, որպէս հովիւ մնացորդացի: Միաժամանակ մաղթել`որ հասկնալի դժուար եւ անբաղձալի պայմաններու մէջ գործող պատրիարքը իր դիւանագիտական ընտրանքներուն մէջ չընէ բաներ եւ չըսէ խօսքեր, որոնք հայ ժողովուրդի պատմական եւ ընդհանուր շահերուն եւ ըմբռնումներուն դէմ ըլլան:
Պատրիարք Սահակ Մաշալեանի խօսքերը, որոնց արձագանգեցին հայկական լրատուամիջոցները, ուշադրութեամբ պէտք է կարդալ եւ գնահատել: Թուրքիոյ հայերուն դժուարութիւնները եւ հալածանք խնայելու կեցուածքը չ՛արդարացներ պատմական իրողութիւնները սահմանափակել, անտեսել հետեւանքները եւ մանաւանդ` հայ ազգային համապարփակ իրաւունքը: Այս մասին մտածեցի, ուզեցի հայրենահանուածի եւ իրաւազրկուածի ժառանգի անհանգստութիւնս յայտնել նորընտիր պատրիարքի խօսքերուն առիթով: Թող ինծի չվերագրուի նորընտիր պատրիարքին գործը դժուարացնելու եւ Թուրքիոյ հայերու կեանքը խանգարելու միտում:
Ուշադրութեամբ կարդացի պատրիարքին խօսքը:
«Իբրեւ Թուրքիոյ հայեր` մեզի ցաւ կը պատճառէ, որ 100 տարի առաջ այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած ցաւալի դէպքերը այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կ՛օգտագործուին իբրեւ ռազմավարական, տնտեսական, քաղաքական ճնշման միջոց:…Մենք կ՛ուզենք, որ այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած խնդիրին մասին այս հողերուն վրայ ապրող մարդիկ խօսին»:
«100 տարի առաջ այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած ցաւալի դէպքեր»… Այսինքն` հինցած եւ միայն ցաւալի դէպքեր: Ի՞նչ հասկնալ: Քանի մը հոգիի քի՞թը արիւնած են: Ո՛չ ջարդ, ո՛չ տեղահանութիւն, ո՛չ հայրենահանում: Կը հասկնամ, որ պատրիարքը խուսափի նման բառերու գործածութենէն, բայց նաեւ չըսէ հարիւր տարի առաջ պատահած ցաւալի դէպքեր, զորս հիմա կարելի է անգիտանալ` որպէս անցեալի մանրուք: Ինչ որ փորձած է ընել եւ ըսել, դիւանագիտական ճապկում չէ: Չեմ ուզեր որակում տալ:
Իսկ յիշուած «այս հողերը», ուր պատահած են «ցաւալի դէպքեր»-ը, աշխարհագրական եւ պատմական անուն ունէին եւ ունին:
Թէ այդ ցաւալի դէպքերը այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կ՛օգտագործուին իբրեւ ռազմավարական, տնտեսական, քաղաքական ճնշման միջոց, բացատրութեան կարօտ հաստատում մըն է: Ցեղասպանութեան զոհերուն յաջորդները եւ հայրենահանուածներու սերունդները ինչպէ՞ս կրնային եւ ո՞ւր կրնան, պատրիարքին թելադրած ձեւով, այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած խնդիրին մասին այս հողերուն վրայ այլեւս չապրող մարդիկ խօսիլ:
Ցեղասպանութեան զոհերը եւ հայրենահանուածները զրկե՞նք իրենց ցաւին եւ կորուստին մասին խօսելու իրաւունքէ:
Պատրիարքը մտահոգուած է, քանի որ «այս նպատակով ասպարէզ բերուած «հայկական թեզը» այնպիսի զգացողութիւն կ՛առաջացնէ, որ մենք պարզապէս կ՛օգտագործուինք: Ասիկա բարոյական չեմ համարեր: Հարցը քաղաքական կողմ ունի: Անիկա մեկնաբանելու հարցը քաղաքական գործիչներուն գործն է: Ես քաղաքական գործիչ չեմ»: Պատրիարքը անուն չի տար հայկական թեզին, հայ չեղող ընթերցողը ինքնիրեն հարց պիտի տայ, թէ ի՞նչ է այդ հայկական թեզը: Լաւ պիտի ըլլար, որ այդ թեզը սահմանուէր, նոյնիսկ եթէ, նոյնիսկ ապա պիտի քննադատուէր: Թէ պարզապէս օգտագործուած ըլլալու զգացողութիւն յառաջացած է, պէտք է այդ օգտագործման ալֆան եւ օմեկան ճշդել: Օրինակ, հեռաւոր Ուրուկուէյը ի՞նչ շահ ունի մեզ օգտագործելէ, ի՞նչ ընելու համար, որո՞ւ դէմ:
Եթէ ճիշդ է, որ պատրիարքը քաղաքական գործիչ չէ, ինչո՞ւ ան հրապարակ կու գայ պատմական ծանրակշիռ իրադարձութիւնները նսեմացնելու եւ փոքրացնելու ճապկումով` զանոնք համարելով ցաւալի դէպքեր, այսինքն մանրուքներ` բաղդատած կարեւորին: Ո՞ր կարեւորին: Ի՞նչ եղած է ծաւալը այդ ցաւալի դէպքերուն, ո՞ւր պատահած են անոնք:
Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը, իր ստեղծուած օրէն, սոսկ ծիսական կեդրոն չէ եղած, եղած է քաղաքական կառոյց` զայն ստեղծած սուլթանին կամքով:
Պատրիարքի խօսքին մէջ պարբերութիւն մը կայ, ուր իրարու հետ չառնչուող հարցեր կողք կողքի դրուած են:
Կարդանք` հոն եղած միտքերը թուագրելով.
- Իբրեւ հայ համայնք` մենք ընդելուզուած ենք Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ:
- Մենք 100 տարի առաջ տեղի ունեցածը յիշելով` մոռցանք, մոռնալով կը յիշենք: Ասիկա Պոլսոյ հայ համայնքին ընտրութիւնն է:
- Մենք ընտրած ենք այստեղ ապրիլը: Եւ այդ հանգամանքը մեզի սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերէն տարբեր կը դարձնէ:
- Քաղաքական հարցերը, որոնք կը ծաւալին Թուրքիոյ հայ համայնքէն դուրս, կամայ թէ ակամայ մեր վրայ ալ ազդեցութիւն կը ձգեն: Նման հարցերու հրահրումը Թուրքիոյ մէջ կ՛աւելցնէ ատելութեան խօսքը:
Ի՞նչ պէտք է հասկնալ «ընդելուզուած»-ով. համա՞յնքը ընդելուզուած է, թէ՞ ընդելուզուած են անհատները` որպէս երկրի քաղաքացի:Որո՞ւ եւ որո՞նց համայնքը: Պետութիւնը տարբերութիւն կը դնէ՞ Թուրքիա բնակող հայերուն եւ երկրի միւս բնակիչներուն միջեւ, ինչ կը վերաբերի ընկերային, կրօնական, քաղաքական եւ համայնքային իրաւունքներու եւ ազատութեանց: Այս մասին պէտք է լսել Թուրքիոյ Ազգային ժողովի անդամ Կարօ Փայլանի յայտարարութիւնները, օրինակ, երբ ան կ՛ըսէ, որ հանրապետութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր ո՛չ մէկ նոր եկեղեցի կամ դպրոց կառուցուած է:
«100 տարի առաջ տեղի ունեցածը» ի՞նչ բան է, ան անուն ունի՞: Ինչպէ՞ս ընդելուզուիլ. ինքնապարտադրուած, կամ պարտադրուած, մոռացումո՞վ, երբ այդ մոռացումը յիշելը օրէնքով նախատեսուած յանցանք է: Այս մոռացումը «Պոլսոյ հայ համայնքին ընտրութիւնն է» ( ՞ ՞), թէ՞ մոռնալու պատադրանք:
Ինքնատիպ միտք է այն`, որ հայը տարբեր կը դառնայ ըստ իր աշխարհագրական ապրած վայրին: Ուրեմն Թուրքիա ապրող հայը «սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերէն տարբեր» հայ է… Եթէ այդպէս մտածենք, աշխարհասփիւռ հայերը իրարմէ բազմահազար մղոններով հեռու, բազմապատիկ տարբեր են:
Այս պարագային ինչպէ՞ս պէտք է սահմանել հայը եւ հայ ազգը, անոնք իրականութեան մը կը համապատասխանե՞ն, թէ՞ տիեզերական միգամածի կը նմանին:
«Թուրքիոյ հայ համայնքէն դուրս» ծաւալած հարցերու հրահրումը ինչո՞ւ պիտի աւելցնէ ատելութեան խօսքը, եթէ անոնք հետամուտ են ճշմարտութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի վերականգնման: Ընդհակառակն, իբրեւ ընդելուզուած համայնք` նախանձախնդիր պէտք է ըլլալ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ անցեալի սխալներու սրբագրութեան, որպէսզի ընդելուզուած համայնքի եւ զայն ընդունող համայնքի յարաբերութիւնները ըլլան անկեղծ, ազատ, պայծառ միտքով եւ դէմքով:
Ի՞նչ ըսած էր Հրանդ Տինք, ի՞նչ կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ազգային ժողովի անդամ Կարօ Փայլան:
Ի հարկէ, քաղաքական դժուար եւ անցանկալի պայմաններու մէջ ապրող պոլսահայութիւնը եւ դեռ Թուրքիոյ տարածքին ասդին-անդին գոյատեւող «մնացորդաց»-ը Հայաստանի, Ֆրանսայի, Ամերիկաներու եւ այլ երկիրներու հայերու ազատութիւնը չունին: Բայց այդ չի նշանկեր, որ ան կոչ պէտք է ընէ` յիշելով մոռնալու եւ մոռնալով յիշելու, այսինքն ընդունելու ստեղծուած կացութիւնը որպէս վերջնական… Այն ատեն` ինչո՞ւ պատրիարքութիւն, լեզու, եկեղեցի, դպրոց եւ թերթեր պահել եւ ընդելուզուիլը չհասցնել իր տրամաբանական ու գործնապաշտական եզրայանգումին:
Պատրիարքը կ՛ըսէ, որ ինք քաղաքական գործիչ չէ:
Բայց որպէս եկեղեցիի եւ համայնքի գլուխ, պէտք է ունենայ իր չըսելիքը գիտնալու իմաստութիւն:
Եւ մանաւանդ չընել այնպէս, որ սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերէն տարբեր ըլլլայ հայ ազգային պատմամշակութային փառայեղ անցեալ ունեցող եւ հովի ու փոթորիկի դիմացած հայկական Պոլիսը եւ ընդհանրապէս` մնացորդացը:
Այս ընել` վասն մէկութեան, ո՛չ տարբերութեան, եկեղեցիի եւ ազգի:
18 դեկտեմբեր 2019, Նուազի-լը-Կրան