Յակոբ Չոլաքեան
Մինչ ժողովուրդս իր հօտը լքած, տունը հրկիզած, պայուսակը ուսած ինկած է այնյայտութեան ճամբաներուն վրայ՝ իր կորուսեալները փնտռելով ու հեռաանալով,
Տեսէ՛ք.
Դիմատետրը, մամուլը, եթերը կը յորդին լկտիութեամբ, զազրախօսութեամբ, անպատասխանատուութեամբ, անբարոյութեամբ եւ մասամբ նորին…
Թոյնը կ՛ողողէ մեր հրապարակները քաղաքական գործիչներու բերանով, կոյր, անհեռատես, բանսարկու ու գրգռիչ ելոյթներով եւ մասամբ նորին…
Այս ի՜նչ Արշակաւան է, Աստուա՛ծ իմ, այս ի՜նչ Սոդոմ եւ Գոմոր, այս ի՜նչ անէծք…
Ասո՞ր արժանի էր լոյսի, վերելքի եւ խաղաղութեան ձգտող ժողովուրդս…:
Եւ հիմա՝
«Ես աւերակացս ո՞ւմ թագաւորեմ…»
……………………………………………………………..
Սո՛ւրբ Ներսէս Շնորհալի, անյայտ գերեզմանիդ լոյս իջնէ.
– Իմաստութիւն հօր Յիսուս, տո՛ւր ինձ իմաստութիւն զբարիս խորհել եւ խօսել եւ գործել առաջի քո յամենայն ժամ: Ի չար խորհրդոց, ի բանից եւ ի գործոց փրկեա՛ զիս. եւ ողորմեա՛ քո արարածոց եւ ինձ բազմամեղիս: