«Ձեր նախագահութիւնը ես անուանած եմ կորսուած տասնամեակ»։ Այդ մասին, ըստ News.am-ի, Ազգային ժողովի մէջ, վարչապետի թեկնածութեան քննարկման ժամանակ, ըսած է «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեան։
Ան յիշած է 2008-ին Սերժ Սարգսեանի տուած խոստումները եւ հատ-հատ անդրադարձած անոնց։ «2008-ի կեղծ ընտրութիւններու եւ Մարտ 1-ի իբրեւ արդիւնք նախագահ ընտրուած Սերժ Սարգսեանը կը խոստանար կատարել շարք մը բարեփոխումներ, ներառեալ՝ երեւակայական բարեփոխումներ։ Ի՞նչ ունինք տասը տարի անց։ Ներդրումները աշխոյժ կերպով քաջալերելու համար մեր երկիրը պիտի ըլլայ մրցունակ։ Մեր երկիրը հազիւ կը յայտնուի հարիւրեակի մէջ»,- ըսած է Թանդիլեանը։
«Դուք ըսած էք՝ Հայաստանի մէջ պէտք չէ ըլլայ մէկը, որ ապահովագրուած չէ կեանքի եւ աղքատութեան վտանգներէն։ Աւելի քան մէկ միլիոն աղքատներու մասին խօսիլը արդէն նորութիւն չէ։ Հարիւր հազարաւոր մարդիկ բժիշկի կը դիմեն միայն ծայրայեղ պարագաներու, կը մահանան անհասանելի բժշկութեան պատճառով։ Տասը տարուան մէջ արտագաղթածներուն մեծ մասը մարզերէն են, իսկ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ մնացած են թոշակի սպասող ծերերը»,- նշած է ընդդիմադիր պատգամաւորը։
Անոր խօսքով, իշխանութիւններուն սիրած Doing Business վարկանիշին մէջ Հայաստանը կը զիջի նոյնիսկ ԵԱՏՄ գործընկերներուն, Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհը կառուցուած է միայն 5 տոկոսով, մինչդեռ պէտք է կառուցուած ըլլար յաջորդ տարի։ «Կազելապատ Երեւանի փոխադրամիջոցի համակարգը կը յիշեցնէ վաղ միջնադար, իսկ մարզային փոխադգրամիջոցի մասին խօսիլ չարժէ անգամ»,- ըսած է Թանդիլեանը։
Որեւէ խոստում չէ կատարուած դպրոցներու բարեփոխման հարցով։ «Կարեւորը այդ դպրոցներուն մէջ քուէատուփ դնելն է, ի՞նչ դպրոց, ի՞նչ երեխայ»,- նշած է Թանդիլեանը։ Ան նշած է, թէ Սարգսեանը խոստացած էր աղքատութեան մակարդակը դարձնել 12 տոկոս, իսկ իրականութեան մէջ անիկա 32 տոկոս է։ «ՀՀԿ անփոխարինելի թեկնածուին առաջնորդութեամբ նոյնիսկ չէք կրցած հասնիլ անթիւ-անհամար խոստումներու կատարման։ Դուք եւ ձեր կուսակցութիւնը համատարած ընտրակաշառքի եւ վարչական միջոցներու միջոցով եկած էք իշխանութեան։ Համաձայնած ենք, որ որեւէ անձի՝ երրորդ ժամկէտի երթալը անթոյլատրելի է։ Եթէ ես ըլլայի ձեր փոխարէն, թերեւս պիտի կատարէի տուածս խոստումը՝ որեւէ պաշտօնի չյաւակնելու մասին։ Մարդիկ ատիկա չեն մոռցած, ատիկա ձեր խոստումն էր»,- ըսած է Թանդիլեանը։