ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Արշիլ Կորքիի նուիրուած «They Will Take My Island» 30 վայրկեան երկարութեամբ ֆիլմին անդրանիկ առցանց ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Մեթ» թանգարանի (MetLiveArts) նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, 26 յունուարին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ։
Ֆիլմը արտադրուած է համագործակցութեամբ յօրինող Մերի Գույումճեանի եւ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի, իսկ անոր երաժշտութիւնը կը կատարեն «Ճեք» եւ «Սիլվանա» քառեակները։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար կամ նշեալ ժամուն եւ անկէ ետք ֆիլմը ձրիաբար դիտելու համար այցելել www.metmuseum.org/events/programs/met-live-arts/fy21-they-will-take-my-island կայքէջը։