Յակոբ Չոլաքեան
Կրնա՞ն մարդիկ զզուանք զգալ իրենց ազգային ինքնութենէն: Կրնա՞ն անկէ փախչիլ, թիկունք դարձնել իրենց անցեալին ու ներկային, կրնա՞ն ազգային բոլոր կապերը խզել, մարդ կրնա՞յ ուրանալ իր ինքնութիւնը, կրնա՞յ իր ինքնութենէն թաքնուիլ:
՛՛Կը հրաժարիմ հայութենէս՛՛: Եկէք այս պահուն հարցը չկապենք Կարապետ Փոլատեանի յայտնի վէպին հետ, որուն գլխաւոր հերոսին համար հեղինակը կրնայ նկատի ունեցած ըլլալ մէկ ուրիշ գրող՝ ՛՛Նահանջը առանց երգի՛՛ վէպի հեղինակ Շահան Շահնուրը:
Հոս հարցը այդ արտայայտութեան շրջանառութեան մէջ գտնուելու փաստն է: Այս օրերուն յաճախ կը լսեմ զայն ու կը փորձեմ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ մարդիկ այդպէս կ՛ըսեն.-
– Ստորակայութիւ՞ն. այդ զգացումը մեզի համար եղած է օտար. այո՛, մեր պարտութիւնները եղած են ահաւոր, մեր կորուստները՝ անհաշիւ, բայց մենք երբեք չենք ընկճուած, գլուխ չենք ծռած թշնամիին առջեւ:
– Անկախ պետութեան կայացման մէջ մեր ունեցած անճարակութի՞ւնն է հաւանաբար. այո՛, ամօթ զգացած ենք անոր համար, բայց հոն եւս մենք տեղատուութիւն ու փախուստ չենք նկատած, պայքարած ենք աւելի լաւին հասնելու համար: Հայրենաթողութիւնը հայութենէ հրաժարիլ չէ տակաւին. փաստ, որ հեռացածները, մոռցած իրենց վիրաւորանքը, այսօր աւելի լիաբուռն օգնած են ու կը շարունակեն օգնել հայութեան եւ Հայաստանին:
Եթէ այս բոլորը կրակէ շապիկ են հայու ինքնութեան վրայ, հայը չէ հրաժարած իր ինքնութենէն, շարունակած է պայքարիլ, պայքարիլ, պայքարիլ լաւ օրուան ու մեծ յաղթանակի յոյսով:
Հապա ինչո՞ւ, ի՞նչն է պատճառը, որ հայ մարդը թքած ունի իր ինքնութեան վրայ: Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը, համատարած ողբերգութիւն է. մարդկային կորուստ, հողային կորուստ, անյայտ կորածներ, չվերադարձուող գերիներ, գաղթականներ, տունդարձի անյետաձգելի խնդիրներ, սահմանին վրայ մեզի սպառնացող թշնամիներ, տնտեսական, ընկերային անկումի մօտալուտ վտանգներ, համավարակ… թուումով չեն վերջանար: Ասոնց մէջ ասոնց համար հայ մարդը այսօր անհատապէս անզօր կը զգայ բան մը ընելու, ոչ թէ որովհետեւ չի կրնար իր ուժերը հաւաքել կամ չ՛ուզեր, այլ որովհետեւ կայ բան մը, որ ամօթ պատճառելէ աւելի կը զզուեցնէ զինք, կը պժգացնէ զինք ու կը հեռացնէ, եւ ատիկա մեր մէջ հիմա տրամաբանական ամէն սահման անցած անհանդուրժողութիւնն է, զիրար բանսարկելու, տարբեր ամբաստանութիւններով զիրար մեղադրելու կատաղի մոլուցքը, որ լեցուցած է մեր մամուլը, եթերը, դիտատետրը, մտած է ամէն մարդու մէջ ինչպէս խենթացնող թոյն, ու քաղաքական գործիչէն սկսեալ մինչեւ կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, արուեստագէտները, գիտութեան մարդիկ, մարդոց բոլոր տեսակները, Սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք, մինչեւ իսկ զինուորականներն ու հոգեւորականները մաղձ կը թքեն իրարու վրայ, կին թէ մարդ ամենէն անբարոյ որակումներով կը ճչան իրարու երեսին, կը սպառնան թշնամական ամենէն զզուելի միջոցներով պատժելու, կործանելու, ոչնչացնելու զիրար…
Եւ այս բոլորը կ՛ընեն մեր կորուստները, մեր նահատակները, մեր գերիները, մեր ազգային արժէքները, մեր սգաւոր մայրերն ու հայրերը շահարկելով…
Ասկէ աւելի զզուելի բան չի կրնար ըլլալ…
Ինչպէ՞ս համոզել այս մարդը, ինչպէ՞ս ըսել, թէ չ՛արժեր հայութենէ հրաժարիլը, այդ կրակէ շապիկը մեր ուսերէն դէն շպրտելը…