Երան Գույումճեան
Սփիւռքի օտար ափին վրայ դուն տքնեցար տի՛ւ ու գիշե՛ր
Հայ դպրոցի սուրբ յարկին տակ աճեցնելու մատղաշ ծիլեր,
Գուրգուրացիր անոնց վրայ որ մեծնային առողջ, արի,
Բողբոջն էին անոնք կանաչ մեր հին ծառին արմատախիլ…
Ո՞վ նկատեց լուռ մաշումդ հոգենուէ՛ր, հայանուէ՛ր,
Ո՞վ կրցաւ իր սրտին խորէն երախտիքի խօսք մը ըսել,
Համբոյր մը տալ քու ճակատիդ որ լուսարծարծ կանթեղ մըն էր
Եւ ամոքել սիրտդ միայնակ որ հե՛ւք առ հե՛ւք լուռ կը հատնէր…
Լո՛յս հունտերը զորս ցանեցիր տուին բերքեր մտքի՛, սրտի՛
Արդար հունձք մը պարգեւեցին քու քրտնաջան աշխատանքիդ:
Եւ այդ ըլլա՛յ բերկրանքն անմար տարիներու քու վաստակիդ,
Խոնարհումի՛ն հետ միասին հոգիներուն երախտագին: