ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Ծանօթ լրագրող Իսմայիլ Սայմազ «Հալք» կայանի համացանցի էջին վրայ հրատարակած է գրութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Անիի պատմական մզկիթը պաշտամունքի համար բանալու հարցին։
Ան կը գրէ հետեւեալը․ «Հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաքը պատմութեան մէջ ենթարկուեցաւ Բիւզանդիոնի, վրացի իշխաններու, սելճուք թուրքերու եւ մոնկոլներու արշաւանքներուն։ Անին բոլոր այդ շրջաններէն հետքեր կը պարունակէ։ Մայր եկեղեցիներ, հեթանոսական տաճարներ, բաղնիքներ, իջեւաններ եւ երկու մզկիթներ։ Այդ մզկիթներէն մէկը կը կոչուի Ապու Մուհամմերան, որուն միայն աշտարակէն բեկորներ մնացած են։ Երկրորդը Ապու Մանուչէր մզկիթն է, որ կառուցուած է սելճուքներու կողմէ արշաւանքէն ետք՝ 1072ին, Ապու Մանուչէր պեկի կողմէ։ Անիկա կը համարուի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ առաջին թրքական մզկիթը։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագիծ համարուող Արփաչայ գետի եզրին խոր ձորի մը վրայ կառուցուած է անիկա եւ որքան ալ անհաւատալի թուի, կը պատրաստուի պաշտամունքի վերաբացուելու։ Մշակոյթի նախարարութեան, գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան նախարարութեան եւ «Սերհատ» հաստատութեան միջեւ ստորագրուած արձանագրութեան միջոցաւ պատմական մզկիթը փոխանցուեցաւ Կարս քաղաքի կրօնից տեսչութեան։ Առաջին անգամ, նախորդ տարուան Օգոստոսին ազան հնչեց հոն։ Այժմ կը սպասուի կրօնից տեսչութեան կողմէ սոյն արձանագրութեան վաւերացումը եւ իմամի մը նշանակման»։
Սայմազ ապա իր յօդուածը կը շարունակէ Կարսի կուսակալ Թունճէր Էօքսիւզի այս մասին տուած բացատրութիւններով. «Անի այցելողները յայտնած էին մզկիթի մը կարիքին մասին։ Այսպէս, թէ՛ զբօսաշրջիկներուն, թէ՛ տարածքի բնակիչներուն եւ թէ պաշտօնէութեան պաշտամունքի կարիքները ապահովուած պիտի ըլլան։ Իսկ բուն նպատակն է՝ Անատոլիոյ առաջին թրքական մզկիթը դարձեալ կենդանացնել»։
Սայմազ, մեկնաբանելով կուսակալին այս բացատրութիւնը՝ իրաւացի չի գտներ Անիի աւարկները այցելող զբօսաշրջիկին մզկիթի մը կարիքը զգալու վարկածը։ Ան դիտել կու տայ, որ Անիի աւերակներուն կից Օճաքլը գիւղը արդէն մզկիթ մը ունի։ Պաշտօնէութիւնը այդ գիւղի բնակիչներէն են եւ եթէ պէտք ունին կրնան այս գիւղի մզկիթէն օգտուին։ «Նշեմ որ Ապու Մանուչէր մզկիթը նամազի աղօքթ ընելէ առաջ անհրաժեշտ եղած «ապտեսթ»ի՝ այսինքն ձեռքերը եւ ոտքերը լուալու յարմարութիւնները չունի», կը գրէ ան, ազդարարելով, թէ անապահով հիմեր ունեցող կառոյցը կրնայ վնասուիլ, եթէ ներկայ վիճակին մէջ գործող մզկիթի վերածուի։