Յաջողութեամբ աւարտելէ ետք Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով քանդուած եւ վնասի ենթարկուած բնակարաններուն արձանագրութեան առաջին փուլի աշխատանքները, Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը կը ծանուցէ, թէ Շաբաթ, 29 Օգոստոս եւ Երկուշաբթի,31 Օգոստոս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ յետ միջօրէի ժամը 4-ը, ներքեւը նշուած եկեղեցիներուն մէջ, Վերականգնումի Մարմինի անունով կամաւորներ պիտի արձանագրեն Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին աջակցութեան կարիքը ունեցող, բնակարանային վնասներ կրած հայրենակիցներուն անունները:
1- Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցի, Զալքա 2- Ս. Գէորգ եկեղեցի, Հաճըն
3- Հայ Աւետարանական եկեղեցի, Մարաշ 4- Ս. Յակոբ եկեղեցի,Էշրէֆիէ
Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին