ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Լիբանանի նախագահական ընտրութեան օրակարգը թեւակոխեց նոր փուլ, երբ ընդդիմութեան առաջադրած թեկնածուին իր համաձայնութիւնը պաշտօնապէս յայտնեց Ազգային ազատ հոսանքը:
Թեկնածուի շուրջ կայացած այս առաջադրումի միաւորումը այլ երանգ կը պարփակէ իր մէջ: Նախագահական աթոռը քրիստոնեայ թիւով մեծագոյն համայնքին առանձնաշնորհուած է: Այս ձեւով քրիստոնեայ քաղաքական դաշտի յենասիւները կազմող գլխաւոր ուժերը, որոնք այլապէս քաղաքականօրէն հակոտնեայ դիրքերու վրայ են, կը համաձայնին նոյն թեկնածուն առաջադրելու:
Միանշանակ պէտք չէ ընկալել երեւոյթը: Եթէ Լիբանանեան ուժերը Մուաուատի թեկնածութիւնը առաջադրելէ ետք կը հակին դէպի Ժիհատ Ազուր, քաղաքական ուղեգիծի կտրուկ փոփոխութիւն չէ, որ կը կատարեն:
Տարբեր է պարագան Ազգային ազատ հոսանքին, որ հիմա կը միանայ Ազուրը առաջադրողներուն: Ազուրը հիմնականին մէջ առաջադրուած է ընդդիմութեան կողմէ: Ընդդիմութիւնը ըստ էութեան նախորդ վարչակարգին դէմ գոյացած եւ ձեւաւորուած ընդդիմութիւն է: Վարչակարգը դիմագծուած է Ազգային ազատ հոսանքով: Այստեղ ոչ միայն շրջանային ուժերու եւ գլխաւոր խաղցողներու ուղղութեամբ հակասութիւնները սուր էին, այլ նաեւ ներլիբանանեան խնդիրներու:
Ազուրի բնութագիրը աւելի կապուած է ելեւմտական դաշտին հետ: Իր քաղաքական յետագիծը եւս` իբրեւ ելեւմուտքի հարցերու երբեմնի նախարար: Աւելի մասնակի` սերտօրէն առնչուած նախկին վարչապետ ու նախարար Սինիորայի, այլ խօսքով` հարիրիական վարչակազմին:
Միջազգային նախապայմանները Պէյրութին ուղղուած, թէկուզ պատրուակային, իբրեւ առանցք ունին վարչակառավարման բարեփոխումները, արտաքին պարտքի ահագնացումի պատճառ հանդիսացած մսխումներու կասեցման եւ պետական պիւտճէի վերականգնման միջոցներու որդեգրումը: Պիւտճէական բացերու գոյացման եւ աստղաբաշխական գումարներու կուտակման երեւոյթները կապուած են այդ օրերուն գործած ֆինանսական համակարգին հետ:
Լիբանանի բազմաբնոյթ ճգնաժամերէն ամէնէն շատ զգալիները ֆինանսականը եւ տնտեսականն են: Թեկնածուին ասպարէզն ու մասնագիտութիւնը կը կապուին այդ ոլորտին հետ: Իր զբաղեցուցած ներկայ պաշտօնը` եւս: Ան կը գործէ Միջազգային դրամական ֆոնտի միջինարեւելեան գրասենեակին մէջ: Միջազգային դրամական ֆոնտը կարեւորագոյն հաստատութիւններէն է, որ ֆինանսական պաշարումի ենթարկած է Լիբանանը` անդամալուծելով դրամատնային համակարգը:
Նման կերպարի առաջադրումը ուղերձ ունի` ապապաշարման առումով: Բայց այստեղ չ՛աւարտիր միտքերու շարունակականութեան տրամաբանութիւնը:
Ֆրանսան, որ նախագահի ընտրութեան օրակարգով ամէնէն ներգրաւուածը կը թուի, կատարեց շատ կարեւոր յայտարարութիւն` իշխանամէտ շրջանակներու առաջադրած թեկնածուն` Ֆրենժիէն չբացառելու իբրեւ ընտրելի նախագահ: Դիւանագիտական ըսելաձեւով` նախընտրելի է Ֆրենժիէն, քան նախագահի դատարկ աթոռը, կ՛ենթադրէ, որ չկայ վեթօ Ֆրենժիէի անունին նկատմամբ: Աւելի՛ն. կրնայ ըլլալ համաձայնութիւն` Ֆրենժիէի անունին շուրջ:
Լիբանանեան քաղաքական մշակոյթին ծանօթները կը գիտակցին, որ հազիւ մեծամասնութիւն գոյացնելով կարելի չէ նախագահ ընտրել, յատկապէս նման պայմաններու մէջ: Նման քայլ մը, նոյնիսկ եթէ կարելիութիւնը ստեղծուի, ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ յետցնցումային իրավիճակներ խոստանալով:
Խորհրդարանի նախագահին փոխանցած թեկնածուէն ակնկալուած յատկանիշները չեն սահմանափակուիր լիբանանեան առաջադրանքներով: Պըրրի կը խօսի արաբական շրջանակներու կողմէ ընդունուած եւ հաւաստիութիւն, վստահութիւն ամբարած ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին:
Ազգային Ազատ հոսանքի դիրքորոշումը անպայման չ՛երաշխաւորեր ուրեմն Ազուրի ընտրութիւնը: Կրնայ նպաստել Ֆրենժիէ-Ազուր երկուութեան սրացման եւ երրորդ թեկնածուի ուղղութեամբ հաւանականութեան դուռ բանալուն: Հետեւաբար` Ֆրենժիէի բացառման:
Լիբանանի մէջ պաշտօնական առաջադրումները եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու քուէագումարը բաւարար չէ նախագահ ընտրելու: Նման բարդ պայմաններու մէջ, միայն համալիբանանեան համախոհութիւնն է, որ կրնայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ: Մանաւանդ որ փաթեթային-համապարփակ համաձայնութիւնը օրակարգային է, եւ հազիւ գոյանալիք ու դիւրաբեկ մեծամասնութիւն մը չի կրնար առարկայացնել թղթածրարին նոյնքան բարդ միւս գլուխները:
14 յունիսին ճշդուած է խորհրդարանի նիստ: Կարճ ժամկէտ է այդ բոլոր համաձայնութիւնները գոյացնելու: Տարածաշրջանային ուժերու միջեւ տակաւին չեն երեւար արագ հանգուցալուծումի առաջնորդող շարժումներ: