Մաթիկ Էպլիղաթեան
Արդէն առկայ է Սուրիահայ Սփիւռքը, որ ամէն տեղ է եւ ինքզինք կը ներկայացնէ իր աշխուժութեամբ, երէկ Շաբաթ 17 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի արուարձանի՝ ՏԷՍԻՆԻ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒՅԹԻ ՏԱՆ, «24 ԱՊՐԻԼ 1915» փողոցին վրայ գտնուող կեդրոնին (հիմնուած 1932-ին), ՀՐԱՆԴ ՍԱՄՈՒԷԼ սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՇՈՒԿԱՅ
MARCHE DE NOEL:
Համաշխարհային թոհուբոհին եւ տնտեսական ծանր կացութեան մէջ, ամանորի առեւտրական մթնոլորտը պաղ ըլլալով հանդերձ, Հալեպահայ վաղեմի ընկերներու եւ բարեկամներու հաւաքը կը ջերմացնէ մեր հոգիները ու կը մեղմացնէ կարօտախտը:
Վերի նկարին մէջ, ձախէն՝ Արա Պուտաքեան, Սագօ Գունտաքճեան «Քանարիա արեւելեան ուտեստեղեն», Շանթ Հարպոյեան (ներկայ էր նաեւ իր ազնիւ տիկինը Մարալ Թուխմանեանը իր ձեռային աշխատանքներով), Մաթիկ Էպլիղաթեան ԿԻԼԻԿԻԱ հրատարակչատան գիրքերով:
Սրտագին շնորհակալութիւն այս ձեռնարկը կազմակերպող Տէսինի պատասխանատուներուն, որոնք առանց ակնկալութեան սիրայօժար կը հիւրընկալեն ու կազմակերպեն տարեկան այս շուկան, բոլորիս էիութեան մէջ վերականգնելով արեւելքի հասկացողութեամբ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏԱՆ մթնոլորտը: