Հայաստան- Հալէպահայ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեան, Կիրակի, 16 Օգոստոս 2015-ին, պիտի դասախօսէ Երեւանի մէջ: Նշենք, որ Գաբոյեան պիտի խօսի «Սփիւռք՝ գրական եւ մշակութային հասկացողութիւն» թեմայով եւ դասախօսութիւնը պիտի կայացուի Երեւանի In Sane սրճարանին մէջ: Նշենք, որ Գաբոյեան վերջերս կը գտնուէր Ռումանիա, ուր մասնակցեցաւ բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնի մը ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ ու ապա Մոսկուայի մէջ ներկայացուց իր խմբագրած « Հողը կը խօսի» ցեղասպանութեան զոհ գացած գրողներուն անգլերէն թարգմանուած գործերուն ժողովածուն: