Սուրիական տագնապին եւ պատերազմին մէջ հայ համայնքին կրած կորուստներուն եւ վնասներուն մէջ առանձին տեղ կը գրաւէ Հայ ծերանոցը:
Արդարեւ, Հալէպ քաղաքի ամբողջական ազատագրումէն ետք եւ Հայ ծերանոցի շրջանը պետութեան հակակշռին տակ մտնելէն ետք, հայ երեք համայնքապետները եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները յատուկ այցելութիւն մը տուին Հայ ծերանոց եւ «Արեւիկ» կեդրոնի քանդուած շէնք, կիրակի, 25 փետրուար 2018-ի կէսօրին: