“Գալիֆորնիա Գուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Շուրջ երկու տարի աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը հետեւի Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական դաժան պատերազմին` խորապէս ցաւելով եւ մտահոգուելով մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան եւ գոյատեւման համար:
Ցաւօք, մի քանի տասնեակ անմեղ հայեր սպաննուած կամ վիրաւորուած են հրազէնային կրակոցներէն եւ ռմբակոծութիւններէն, իսկ շատերն էլ` առեւանգուած:
Հայկական տուներ, եկեղեցիներ ու դպրոցներ կողոպտուած, վնասուած կամ այրուած են: Հազարաւոր ընտանիքներ իրենց կեանքը փրկելու համար խուճապահար փախած են Հայաստան կամ հարեւան այլ երկրներ:
Երբ վերջին ամիսներուն իրավիճակը ահազանգային տարողութիւններու հասաւ, Հայաստանի կառավարութիւնն ու Սփիւռքի համայնքերը վերջապէս սկսան ծրագիրներ մշակել սուրիահայերուն օգնելու համար:
Հակառակ բարի մտադրութիւններուն` այս ջանքերը խիստ անբաւարար էին եւ շատ ուշացած: Մինչ օրս համակարգուած եւ համապարփակ ծրագիր չէ մշակուած այս ահռելի մարդկային ճգնաժամը յաղթահարելու համար: Ստորեւ կը ներկայացուի երեք հիմնական աշխատանք, որ համայն հայութեան անմիջական ուշադրութեան եւ աջակցութեան կարիքը ունի:
1) Դրամահաւաք. տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ են հարկաւոր Սուրիոյ մէջ գտնուող հայերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Լիբանանի, Յորդանանի եւ այլուր ապաստանած սուրիահայերու հրատապ կարիքները հոգալու համար: Այդ նիւթական միջոցները կրնան ձեռք բերուիլ օտար եւ հայկական աղբիւրներէ:
Օտար աղբիւրները կը ներառեն` Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսը, ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID), ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը (UNHCR), միջազգային բարեգործական կազմակերպութիւնները եւ այլ կառավարական գործակալութիւններ:
Հայկական աղբիւրները կը ներառեն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, խոշոր հայկական կազմակերպութիւնները եւ ձեռնարկութիւնները, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարները: Միջոցներ կարելի է ձեռք բերել նաեւ լայն հասարակութենէն` յատուկ ձեռնարկներու, զանգուածային փոստային առաքումներու, ինչպէս նաեւ հեռուստամարաթոններու միջոցով:
Շատ ցաւալի է, որ ՙՀայաստան՚ համահայկական հիմնադրամն ու անոր շրջանային մարմինները ճիշտ չգնահատեցին սուրիահայերու ծայրայեղ տագնապալից իրավիճակը, որ իր արտայայտութիւնը գտաւ ՙգոհաբանութեան՚ հեռուստամարաթօնի այս տարուայ հասոյթի ընդամէնը 10 տոկոսը անոնց յատկացնելու աններելի որոշման մէջ: Հայ հասարակութեան շրջանակէն ներս ան խիստ վրդովում յառաջացուց ՙՀայաստան՚ հիմնադրամի հանդէպ: Դեռ ուշ չէ այդ որոշումը վերանայելու եւ հեռուստամարաթօնի ամբողջ` 100 տոկոս հասոյթը յատկացնելու սուրիահայերուն` երկրէն ներս, թէ դուրս փախստականներ գտնուողներուն:
Հեռուստամարաթօնի նուիրատուները պէտք է յատուկ պահանջեն, որ իրենց նուիրատուութիւններու 100 տոկոսը նպատակաուղղուին սուրիահայերու օգնութեան: Այլապէս անոնք կրնան նուիրատւութիւններ ընել Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտի համահայկական յանձնախումբին, որ վերջին շաբաթներու ընթացքին հիմնադրուած է շարք մը երկիրներու մէջ: Ֆոնտը իր հաւաքած նուիրատւութիւններու 100 տոկոսը պիտի ուղարկէ Սուրիոյ մէջ գործող համահայկական մարմնին:
Վերջին օրերին շատ սրտաճմլիկ հեռաձայններ ստացած եմ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներէն, որոնք յուսահատօրէն կ’աղերսեն աշխարհասփիւռ հայութեան օգնել իրենց, քանի դեռ ուշ չէ: Անխղճութիւն կ’ըլլայ միայն փշրանքներ տալ մեր հայրենակիցներուն, որոնց կեանքը ամէն վայրկեան վտանգի տակ է:
Սուրիահայութեան ողբերգական ճակատագիրը այս օրհասական պահուն պէտք է արժանանայ բոլոր հայերու առաջնահերթ ուշադրութեան, քանզի անիկա կենաց-մահու հարց է: Մնացած բոլոր խնդիրներն ու ծրագիրները այժմ պէտք է մէկ կողմ դրուին:
2) Լոպպինկ. Հայաստանի կառավարութիւնը, հայկական կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ազդեցիկ անհատները պէտք է յորդորեն մեծ տէրութիւններուն, հարեւան պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ճնշում գործադրել բոլոր պատերազմող կողմերու վրայ` խուսափելու Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական կորուստներ պատճառելէն: Եթէ նման խնդրանքները անարդիւնաւէտ ըլլան, ապա պէտք է դիմել աւելի խիստ միջոցներու օրինախախտներուն դէմ` դադրեցնելով ֆինանսական եւ ռազմական օգնութիւնը, եւ զիրենք մեղադրելով պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ: Անհրաժեշտութեան պարագային կարելի է ցոյցեր կազմակերպել այն երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ, որոնք կ’աջակցին քաղաքացիական զոհերու պատասխանատուներուն:
3) Համակարգում. պէտք է ստեղծել համահայկական կառոյց ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի համար ստեղծուած յանձնաժողովի նմանութեամբ, սուրիահայերու համար միջոցներ հայթայթելու եւ լոպպինկի համաշխարհային ջանքերը համակարգելու նպատակով: Այդպիսի կառոյցի անդամները պէտք է ըլլան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի գլխաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Համակարգող յանձնաժողովը պէտք է ունենա ամբողջական դրոյքով աշխատող աշխատակազմ` անհրաժեշտ աշխատանքները ժամանակին եւ արհեստավարժօրէն իրականացնելու համար: Համահայկական կառոյցը պէտք է համագործակցի Սուրիոյ մէջ ներհամայնքային յանձնախումբի հետ, ապահովելու համար հանգանակուած միջոցներու նպատակային օգտագործումը:
Պարզ է, որ Սուրիոյ մէջ տիրող զգայուն իրավիճակի պատճառով, ոչ բոլոր գործողութիւնները կրնան հրապարակային ըլլալ: Այնուհանդերձ, Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւնները որոշ բացայայտ եւ յատուկ քայլեր պէտք է ձեռնարկեն` հաւաստիացնելու համար սուրիահայերը, որ անոնք ձգուած չեն իրենց ողբերգական ճակատագրի քմահաճոյքին, որ աշխարհասփիւռ հայերը խորապէս կը ցաւին անոնց բարօրութեան համար, եւ հնարաւոր ամէն ինչ կ’ընեն այս օրհասական պահուն նրանց նեցուկ կանգնելու համար:
Թարգմանեց` Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց` ԵՌԱԳՈՅՆ-ը