Գաւառի պետական համալսարանը Հոկտեմբերի 26-ին հիւրընկալած էր Հալէպի Կոմիտասի անուան կամերային նուագախումբը, որ հոն կը գտնուէր «Ֆրիտիոֆ Նանսեն» հիմնադրամի նախագահ Ֆելիքս Պախչինեանի հրաւէրով: Այս մասին կը հաղորդէ armenpress.am կայքը:
Համերգը նուիրուած էր ՀՀ վաստակաւոր մանկավարժ, գաւառի պատուաւոր քաղաքացի, Գաւառի պետական համալսարանի հիմնադիր տնօրէն, փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Հրանտ Յակոբեանի 85-ամեակին:
Համերգային ծրագրի ժամանակ հնչեցին հայ եւ համաշխարհային դասականներէն երաժշտական կատարումներ:
Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կոմիտասի անուան կամերային նուագախումբի անունէն ԳՊՀ տնօրէն, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր Ռուզաննա Յակոբեանին շնորհուեցաւ յուշամետալ: Հալէպահայերը այցելեցին նաեւ ԳՊՀ հնագիտական եւ պատմագիտական թանգարան:
«Ստեղծուած իրավիճակում շատ կարեւոր է մեր հայրենակիցներին ջերմ ընդունելը, չէ որ սիրիահայերը պարզապէս սփիւռք չեն, բաւական է յիշել միայն Սիրիայում գտնուող Տէր Զօրը»,- նշած է Պախչինեան:
Կոմիտասի անուան կամերային նուագախումբը կազմաւորուած է 2006 թուականին եւ արդէն 6 տարիէ կը գործէ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան հովանաւորութեան տակ:
Նուագախումբը Յովհաննէս Մուպայէթի գլխաւորութեամբ ելոյթներ ունեցած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի կարգ մը քաղաքներու մէջ, իսկ 2011 թուականէն սկսած է հանդէս գալ նաեւ Հայաստանի մէջ: