Իտալացի լրագրող Ֆլավիա Ամապիլէի յօդուածը, որ տպագրուած է իտալական La Stampa պարբերականին մէջ, որոշ կրճատումներով կը ներկայացնէ NEWS.am-ը:
«Արմեն Մազլումեանը դադար տուաւ եւ չարագոյժ լռութիւնը տարածուեցաւ շուրջ բոլորը. Հալէպի Պարոն փողոցը, որ կը գտնուի քաղաքի կեդրոնը, միշտ աշխոյժ եղած է, ուր օր ու գիշեր շատ մարդ եղած է: Այսօր այդ փողոցը բացարձակապէս անվրդով է, բացառութեամբ շրջակայքին տեղի ունեցող մասնաւոր բախումներուն եւ մերձակայքին գտնուող կառավարութեան հաւատարիմ ուժերու շտապ-բնակարանէն լսուող աղմուկին: Վերջինները եկած են թաղամասը պաշտպանելու համար:
«Պարոն» հիւրանոցը կը գտնուի փողոցի միջին հատուածին մէջ: Ան հիմնած է Արմէն Մազլումեանը` ներկայ սեփականատիրոջ պապը: Նոյնինքը, հիւրանոցն ալ իր անունը տուած է փողոցին: «Պարոն» հիւրանոցի պատմութիւնը կ’արտացոլէ Սուրիոյ պատմութիւնը եւ իւրաքանչիւր մարդ կը նայի հիւրանոցի ապագային` հասկանալու համար երկրին ապագան: Ան մշակոյթի եւ իշխանութեան վայր եղած է: Թ. Է. Լոուրենսը երբեք չէր քնանար ուրիշ տեղ, երբ կը վերադառնար հնագիտական պեղումներու նուիրուած ճանապարհորդութիւններէ, իսկ իրականութեան մէջ անոր այցելութիւնները կապուած էին Միջին Արեւելքի մէջ հետախոյզի եւ զինուորական խորհրդականի իր դերին հետ:
Անոր այցելութիւնները յիշեցնող յուշանուէրները կը գտնուին «Պարոն» հիւրանոցի դահլիճին մէջ: Հիմա այդ դահլիճը փակ է, պատուհանները կոտրուած են՝ մէկ շաբաթ առաջ փողոցին մէջ նետուած նռնակի պայթիւնի հետեւանքով:
Արդէն երկու տարի անցած է այն ժամանակէն, երբ ինչ-որ մէկը կ’այցելէր հիւրանոց, որպէսզի տեսնէ արաբական ապստամբութիւնը ղեկավարել ցանկացող անգլիացիին ձեռագիրը:
Հիւրանոցին անկիւնը դրուած բազկաթոռին վրայ նստած Ակաթա Քրիստին 1930-ական թուականներուն գրած է իր «Սպանութիւն Արեւելեան ճեպընթացին»-ը: Վերջին տարիներուն մարդիկ աշխարհի տարբեր ծայրերէն կու գային այստեղ, որպէսզի զգան այդ սենեակին յատուկ մթնոլորտը:
Նախորդ դարու ճանապարհորդներու եւ հնագէտներու ամենայայտնի հիւրանոցը այսօր փակ է, իսկ պատուհանները` կոտրուած: «Ոչ ոք երբեք փորձած է յարձակիլ մեր վրայ: Կառավարութեան հաւատարիմ ուժերը կը պաշտպանեն փողոցը»,- կ’ըսէ Արմէն Մազլումեան: Բայց ո՞վ զայն պիտի պաշտպանէ պայթումներէն: Ով հնարաւորութիւն ունէր, արդէն քանի ամիս առաջ փախած է, երբ սահմանները բաց էին, իսկ փողոցները` անվտանգ: Արմէնը մնաց, հիւրանոցը ամբողջութեամբ կախուած է իրմէ: Անոր հայրը` Գոգոն, որ «Պարոն»-ը վերածած է Միջին Արեւելքի ամենահրաշալի հիւրանոցներէն մէկը, արդէն մահացած է: Արմէնի 92-ամեայ մայրը` Սալլին, որ 1945 թուականին փախած է Լոնտոնի մէջ պայթող ռումբերէն, ազատ եւ անվտանգ վայր գտնելու ճանապարհին յայտնուած է Հալէպ, ուր յոյս ունէր նոր կեանք սկսելու, չկասկածելով, որ կրկին մղձաւանջի ականատես պիտի ըլլայ, որմէ փախած էր 60 տարի առաջ:
Այս օրերուն դիւրին չէ ապրել այս տխուր քաղաքին մէջ, որ ժամանակին Մետաքսի ճանապարհի ամենագլխաւոր առեւտրային կենտրոններէն մէկն էր: Սալլին արդէն երկար ժամանակ դուրս չի գար: Արմէնը լուրջ հիւանդութիւններ ունի, իսկ դեղերը սպառուելու վրայ են: Ան նոյնպէս դուրս չի գար, քանի որ ան այլեւս չի կրնար պայթումներու ժամանակ վազել դէպի անվտանգ վայր: Տղայ մը կ’օգնէ անոր սնունդ հայթայթելու հարցով՝ տակաւին քանի մը բաց խանութներէ: Արմէնը դժուարութեամբ կը բարձրանայ երկրորդ յարկ, ուր կը գտնուին հիւրանոցի ամենաշքեղ սենեակները՝ զարդարուած 20-րդ դարի սկիզբին իր մեծ հօր կողմէ ձեռքբերած ձեռագործ գորգերով:
Ասոնք այն սենեակներն են, ուր մնացած են Շառլ Տէ Կոլը եւ Ռոքֆելլըրը եւ այն սենեակները, ուր Ցեղասպանութեան ժամանակ փրկուած են հազարաւոր հայեր: Այստեղ պահուած են կարեւոր փաստաթուղթեր, որոնց օգնութեամբ հնարաւոր է Հայոց Ցեղասպանութեան պատկերին վերականգնումը: