ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, Չորեքշաբթի 19 Յունիսի երեկոյեան «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիա-Հայաստան Գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանի «Գոյութեան Մարտահրաւէր. Սուրիոյ հայութիւնը 2011-2018» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ընդմէջէն գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուեցաւ հայ եւ արաբ հանրութեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի ներկայացուցիչ Ժիրայր Ռէյիսեան, շէյխ Ապտըլ Ռահման Հասուն՝ ներկայացուցիչ Սուրիոյ Մուֆթի Ահմատ Պատր Ալտին Հասունի, Ահմատ Եասին՝ ներկայացուցիչ Հալէպի նահանգապետ Հասան Տիապի, Ճորճ Պախաշ՝ Հալէպի նահանգապետի քարտուղար, Հասան Քաատէ՝ ներկայացուցիչ Հալէպի Նահանգային խորհուրդի նախագահ տոքթ. Մաատ ալ Մատլաճիի, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, հալէպահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ, քահանայ հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը:
Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Մարինա Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեան, իսկ արաբերէն՝ լրագրող Քինանա Ալլուշ:
Գիրքին ներկայացումը կատարեց կրթական մշակ Արա Մութաֆեան, որ գիրքին հարուստ բովանդակութեան ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ պատերազմի տարիներուն հայութեան խաղաղարար դերը Սուրիոյ մէջ:
Գեղարուեստական յայտագիրով Աւօ Ալեքսանեան (կիթառ) նուագեց «Ախպէրս ու Ես»ը, իսկ Անժելա Սէմէրճեան-Յակոբեան (դաշնամուր) «էլեկիա»ն:
Ապա խօսք առաւ գիրքին հեղինակը՝ գործարար եւ ուսումնասիրող Լեւոն Զագի Ետալեան: Ան դիտել տուաւ, որ սուրիահայուն համար, աշխարհի որ անկիւնը որ գտնուի ան, Սուրիան կը մնայ հայրենիք եւ ծննդավայր:
Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ կատարուեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը:
Սրբազան հայրը իր հովանաւորած առաջին ձեռնարկին ուրախ առիթով՝ արտասանեց իր սրտի խօսքը՝ նախ արաբերէնով, ապա հայերէնով: Ան յուսադրեց ներկաները՝ խոստանալով թափ տալ սուրիահայութեան նիւթական, ոգեղէն եւ մտաւոր վերականգնումին:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Աւարտին հեղինակը մակագրեց ներկաներուն նուիրած իր գիրքերը, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: