Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը կը հաղորդէ, թէ Սուրիոյ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու Ընտրութեան դատական բարձրագոյն յանձնախումբի հաղորդագրութեան հիման վրայ, ճշդուեցան նահանգային եւ քաղաքային խորհուրդները, ինչպէս նաեւ նահանգներու վարչական միաւորներու կազմերը:
Արդարեւ, Սուրիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքով Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի թեկնածու Մարիա Գաբրիէլեան, իսկ Հալէպ նահանգի շրջակայքի վարչական միաւորին մաս կազմեց Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի թեկնածու Ներսէս Պարսումեան: