Հօրս եւ իր ընկերներուն բարեկամական զրոյցներու ընթացքին
արտայայտուած խօսքերէն եւ միտքերէն է…: Կիրակի կէ-
սօրէ ետքերու մեր տան մէջ Պէյրութ` հայրս եւ իր բարեկամն
երը կը զրուցէին մշակութային եւ ազգային շատ մը նիւթեր:
Բոլորն ալ հոգեպէս եւ մտքով ծանրաբեռնուած` ազգային մեր
մտահոգութիւնները իրենց գլխաւոր օրակարգ, կը զրուցէին եւ
կը վիճաբանէին…: Եթէ այս մէկն ալ իրենց մէկ նիւթերէն էր`
թեկուզ քիչ մը կարօտով` բայց որուն մէջ անպայմանօրէն
յուզում եւ տրտմութիւն խառնուած` անոնք հայուն ճնշուած եւ
պարտադրուած «ճակատագիրը» կ՛որոնէին…:
Եթէ մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներուն
ներկայ կ՛ըլլայի հօրս եւ իր բարեկամներուն հաւաքներուն,
բայց նաեւ մտիկ կ՛ընէի իրենց զրոյցները, եթէ նոյնիսկ ամէն
ինչ չհասկնալով այդ տարիներուն` μայց մտքիս ու հոգիիս մէջ
տեղ մը ««բոյն» կը շինէին այդ բոլորը` երեւի որպէսզի անդրա-
դառնամ անոնց երբ մեծնայի ու սկսէի ատակ դառնալու այդ
բոլորին…:
Եւ այդպէս ալ եղաւ…: Ժամանակի ընթացքին սկսայ սորվիլ
եւ հասկնալ հայուն` իմ պատմութիւնս…: Ցեղասպանութիւնը եւ
անոր արհաւիրքը…: Հօրս եւ իր բարեկամներուն զրոյցին եւ
կատակ-յուզումին բովանդակութիւնը: Թէ ինչո՞ւ համար «հայը
Հալէպ կը ծնի, Պէյրութ կ՛ապրի եւ Ամերիկա կը մեռնի…»: Եւ թէ
հօրս պատմութիւնն ալ մէկ փոքր օղակն էր այդ կատակ-յուզումին:
Հալէպ չէր ծնած` եւ իր պատմութիւնը սկսած էր ատկէ
առաջ…: Շատ մանուկ տարիքին, հազիւ նորածին, հայրս
ծնողացը հետ Այնթապէն եկած էր Հալէպ…: Հասակ առած ու
սորված էր «Երազային Հալէպի» մէջ` որմէ ետք անցած էր
Պէյրութ` իր կեանքը շարունակելու…: Համալսարան, ասպա-
րէզ, ընտանիք եւ մշակութային-երաժշտական ճոխ կեանք:
Բայց հայրս չհասաւ Ամերիկա մահանալու…: Մնաց ու մահա-
ցաւ եւ թաղուեցաւ Պէյրութի մէջ` իր կատակ-յուզումը
չամբողջացնելու տեսլականով…: Բայց այս տեսլականը
իւրաքանչիւր հայուն «ոդիսականն » է…: Ցեղասպանութիւնը
ապրած, հայրենի հողը ու տունը կորսնցուցած եւ Սփիւռքի այլ
գաղութները իր տուն-տուները շինած (մէկը միւսին ետեւէն, եւ
թերեւս արագ-կամաց հերթականութեա՞մբ): Ու տակաւին`
նոյնինքն սփիւռքեան ««հոս-հոն» հողերուն մէջ վերջացնելու
երկրային կեանքը…՞: Ես պիտի հասկնայի «կատակ-յուզում»ը
հօրս եւ իւրաքանչիւր հայուն, թէ ինչո՞ւ էր, որ ««Հալէպ կը ծնին,
Պէյրութ կ՛ապրին ու Ամերիկա կը մեռնին…»:
Բայց եւ այնպէս` կեանքը շարունակուեցաւ ու տակաւին…:
Մէկ կողմէ անհատական, միւս կողմէ ընտանեկան ու տակաւին
ազգային-միութենական եւ եկեղեցական, հոս թէ հոն, մէկ գա-
ղութէն միւսը, հայը շինեց ու շարունակեց ապրիլ-վերապրիլ`
որովհետեւ հաւատաց մէկ գերագոյն իրականութեան` Ազգա-
պահպանումին…:
Եւ թէ Հալէպ ծնաւ կամ այլ` հայը առաւ այդ երկրին դրոշմը,
կնիքը ու նկարագիրը` շինեց ու շէնցուց: Եւ թէ անցաւ Պէյրութ
կամ այլ` դարձեալ ըրաւ նոյնը…: Ու եթէ տակաւին Ամերիկա
կամ ուրիշը` դարձեալ նոյնն է, որ կը շարունակուի` ազգա-
պահպանումի եւ հայապահպանումի տեսլականը: Եւ այս
տեսլականը անգամ մը եւս ապրեցայ 18 Հոկտեմμեր 2012-ին`
Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ազգային վարժարանին մէջ…:
75 հայ մանուկներ եւ պատանիներ: Մանկամսուր,
մանկապարտէզ եւ նախակրթարան եւ մինչեւ 6-րդ դասարան:
Խումբ մը նուիրեալ հայ ուսուցիչներ եւ Զարմինէ Պօղոսեանը
տնօրէնուհի…: Նիւ Եորքի նման այս հսկայ քաղաքին մէջ, ուր
կեանքը ու անոր յառաջացուցած «հեւքը» քեզ կրնայ մինչեւ իսկ
շնչահեղձ ընել` շատ հաւանաμար կը փորձուիս մտածելու եւ
ըսելու. «Ինչո՞ւ համար է այս փոքրիկ հայկական վարժարանը
այս հսկայ քաղաքին մէջ…»:
Զարմինէն եկած էր Հալէպէն…: Իրեն համար հայակերտումը
եւ ինքնութեան պահպանումը վեր է ամէն զոհողութենէ եւ սա-
կարկումներէն…: Հալէպի ազգային շունչով մեծցած ու դաստի
արակուած` ան կը շարունակէ նոյն ուժգնութեամբ եւ խան-
դավառութեամμ նոր սերունդ «հայ» մեծցնել…: Եւ հայուն
սփիւռքեան կեանքի երթն է այս…: Զարմինէն Նիւ Եորքի մէջ
նաեւ կ՛ապրի Հալէպի սէրը` եւ այսօր նաեւ ռմբակոծումը,
ժողովուրդին վախը, իր ապրած փողոցներուն հրկիզումը…:
Եթէ աչքերուն մէջ կայ կարօտ, բայց նաեւ զսպուած արցունք`
քանի Հալէպը որպէս ծննդավայր կարեւոր հիմք է իր կեանքին…:
«Ամուսինս եւ ես կը մտածէինք Հալէպ վերադառնալ
հանգստեան կոչուելէն ետք…»: Զարմինէին «Երազային
Հալէպին» իրականացող -չիրականացող երազն է այս…:
Երբ կը մտնեմ փոքր դպրոցի տարբեր դասարանները` կը
փորձուիմ հարց տալ ես ինծի թէ արդեօ՞ք Սրբոց Նահատակաց
Ազգային վարժարանի առաքելութիւնը Նիւ Եորքի մէջ կրնայ
նմանիլ Աստուածաշունչի Դաւիթի եւ Գողիաթի անհաւասար
ուժերու մենամարտին…:
Հուրի Ղուկասեանը կու գայ Պէյրութէն եւ հայերէնի ու հայոց
պատմութեան ուսուցիչն է…: Երբ լսեցի հայ պատանիին հայե-
րէն արտասանութիւնը եւ թէ ինչպէս անոնք սորված էին հայ
ժողովուրդի պատմութիւնն ու անոր կազմաւորումը` անդրա-
դարձայ այն իրականութեան, որ Դաւիթը` իր անհաւասար
մենամարտին եւ ուժին ու կարողականութեան մէջ` նաեւ յաղթ
եց Գողիաթին…:
Բայց հայուն փորձը այս չէ՞ արդեօք…: Անհաւասար «մենա-
Մարտ» ու «պայքար»ի իր պատմութեան շատ մը հոլովոյթն
երուն մէջ…: Ու այս անհաւասար ճակատներուն վրայ` եթէ
հայը պարտուեցաւ` բայց դարձեալ ոտքի ելաւ…: Եթէ կործա-
նեցաւ` նորէն շինեց: Եւ եթէ մեռաւ` առիթը ստեղծեց, որ յա-
ջորդները ապրին ու շարունակեն…: Եւ այս բոլորը կրցաւ ընել
հայը` քանի հաւատաց հայապահպանումի տեսլականին: Ինքնութ
եան կանչը իր սրտին ու հոգիին մէջ, հայուն անհաւասար
մենամարտը կը շարունակուի…: Բայց նաեւ Նիւ Եորքի մէջ…:
Զարմինէն եւ իր փոքր «գումարտակը»` Հուրին, Անին, Մա-
րոն եւ Քրիսթինը` Հալէպէն, Պէյրութէն, Երուսաղէմէն ու տա-
կաւին… Նիւ Եորքէն` կը շարունակեն նուիրումով այս անհա-
ւասար «մենամարտը»…:
Բայց հայուն գոյապայքարի մէկ մեծ մարտահրաւէրն է այս:
Նոյնիսկ երբ Հալէպ (կամ այլ) կը ծնի, Պէյրութ (թէ ուրիշ տեղ)
կ՛ապրի եւ Ամերիկա (ու տակաւին) կը մեռնի…:
Հայուն կատակ-յուզումն է այս իրականութիւնը: Թէ պէտք է
շարունակել ապրիլ «հայկական կեանքը» Հալէպ, Պէյրութ,
Ամերիկա թէ այլ տեղ…:
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ