ՆՈՒԱՐԴ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ- ՄԱՏՈՅԵԱՆ
Հալէպ …
Հեքիաթային Քաղաքը
Զարմանալի է Հալեպահայութեան
Կենսունակութիւնը
Հեքիաթ է ու պատմութիւն Հալէպ քաղաքը:
Հող մը, որ կը խորհրդանշէ հայութեան հարիւրամեայ
հոգեկաՆ անցեալ մը ամբողջ:
Հայութիւնը՝ իր վիշտերով ու տենչանքներով,
իր յոյսերով ու երազներով:
Հոն՝ ուր Առաքեալներու ոտնահետքերով սրբացած
հողին վրայ, հրաշքով յարութիւն կ՜առնէին Հայոց Եղեռնէն
ճողոպրած հայու բեկորներ:
Այն հողն է՝ որ դարձաւ բռնագաղթուած հայութեան
վերընձիւղման խորհրդանիշ:
Սուրիական հողին հանդէպ սէրն ու կապուածութիւնը կու գայ
մեր անցեալէն:
Սէր մը, որ անցեալին կը պատկանի, կ՜ապրի մեզի հետ ու
երբեք չի խամրիր:
Սէր մը, որ փոխանցուեցաւ սերեւնդէ սերունդ, դառնալու
հայելին երախտապարտ ժողովուրդի մը անպարփակ
հոգեբանութեան:
Ահա թէ ինչու, չի խամրիր պատերազմի արհաւիրքն
ու դառնութիւնները ճաշակած Հալեպահահութեան
կենսունակութիւնը:
Ժողովուրդ, որ պատերազմի բոցերուն մէջ մնաց անվախ
ու անվեհեր, միշտ պատնէշի վրայ:
Ժողովուրդ, որ պատերազմի թոհուբոհին մէջ,
պատմական այս հողին կառչած, միակամ ու միահամուռ
ոյժերով, բոլորանուէր զոհաբերումով,
կրցաւ դիմակայել պատերազմի բոլոր տեսակի
դժուարութիւնները, շնորհիւ իր անկոտրում կամքին:
Ժողովուրդ, որ կը տագնապէր ու կը տառապէր իր
կորուստներով, բայց չէր յուսահատեր:
Իր կիսաւեր քար ու քանդ եղած տուներուն փլատակներուն
մէջ, կը փնտռէր խաղաղ տարիներու քաղցր յուշերն ու անմոռանալի
յիշատակները:
Բայց երբեք չփորձեց նետուիլ յոռետեսութեան գիրկը:
Ի զուր չէ, երբ կ՜ըսեն հեքիաթային քաղաք է Հալէպը:
Զարմանալի չէ, երբ աշխարհի տարբեր ծայրամասերու մէջ
մարդիկ կ՜ապրին երազային Հալէպի քաղցր յուշերով:
Որովհետեւ՝ աւանդական այս քաղաքը իւրայատուկ է, իր բնատոհմիկ
յատկանիշներով, իր աւանդութիւններով ու աւանդոյթներով:
Իւրայատուկ է Հալէպը, ժողովուրդին պարզ ու համեստ կենցաղին
մէջ թաքնուած իր ուժեղ ազգային ոգիով, որ միշտ պատրաստ է
զոհաբերելու յանուն ազգին ու հայրենիքին:
Այսօր, վերականգնումի յոյսով ու հաւատքով համակուած
Հալեպահայութիւնը, կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու
այն ճշմարիտ ու անհերքելի իրողութիւնը թէ՝
Աղէտները չեն կրցած ու չե՜ն կրնար
ընկճել հայու հոգին…:
Հալէպ