ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ համայնքին ուղղութեամբ 2 Նոյեմբերի օրուան երկրորդ կիսուն, հակառակորդի բանակի առաջատար ստորաբաժանումները հրաձիգներով անկանոն կրակ բացին։ «Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Արցախի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ խօսնակ Սուրէն Սարումեան:
Ան նշեց, որ, ըստ նախնական տուեալներու, տուժողներ չկան՝ աւելցնելով, որ դէպքին մասին տեղեակ պահած են Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը:
Միւս կողմէ, Արցախի Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ համայնքի քառուղիին վրայ, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ընկերակցութեամբ, Ատրպէյճան հայկական կողմին փոխանցեց արցախեան 3րդ պատերազմին զոհուած 11 անձերու աճիւնները:
Անոնց ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք:
13 Նոյեմբեր 2020-էն այսօր, որոնողական աշխատանքներու եւ դիերու փոխանակման իբրեւ արդիւնք հաստատուած են ընդհանուր 1697 աճիւններ, որոնց մէջ նաեւ՝ քաղաքայիններու: