Freedom House-ը հրապարակած է «Nations in Transit 2022» տարեկան իր զեկոյցը, որուն մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին։
Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ 2004էն սկսեալ, նախապէս մենատիրական երեք երկիրներ՝ Մոլտովա, Քոսովօ եւ Հայաստան, քայլեր իրականացուցած են ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղութեամբ եւ դարձած են «փոխանցական վարչակարգեր»։
Հայաստան, ըստ Freedom House-ի զեկոյցին, ընդհանուր ցուցանիշով յառաջընթաց արձանագրած է եւ առաւելագոյն 7 կէտէն ապահոված է 3,04 կէտ, նախորդ տարուան 2,96ին փոխարէն։ Հայաստան յառաջընթաց արձանագրած է զեկոյցին կողմէ հետազօտուող քանի մը ոլորտներու մէջ, ներառեալ՝ ժողովրդավարական կառավարման, ընտրական գործընթացի եւ դատաիրաւական համակարգի զարգացման եւ անկախութեան մէջ, սակայն նահանջած է անկախ մամուլի ոլորտին մէջ։
Տոկոսային ցուցանիշով, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման մակարդակը եղած է 34 տոկոս, նախորդ տարուան 33 տոկոսին դիմաց։
Ըստ Freedom House-ի՝ նշեալ երկիրները, որոնք անցում կատարած են մենատիրական կառավարման ձեւէն, «տակաւին չեն համապատասխաներ ժողովրդավարական չափանիշներուն»։
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը նկատէ, որ, օրինակ, Հայաստանի մէջ «2018ին քաղաքացիները օգտագործեցին բողոքի շարժումը եւ մրցակցային ընտրութիւններու շարքը, որոնցմէ վերջինը իրականացաւ 2021ին՝ վճռականօրէն վերջ դնելով «Հանրապետական» կուսակցութեան բազմամեայ կառավարման։ Այդ ժամանակուան առաջնորդները փոխարինուեցան քաղաքական գործիչներու նոր սերունդով մը, որ, հակառակ նկատելի թերութիւններու, հիմնականին մէջ յանձնառութիւն ունի դէպի ժողովրդավարութիւն եւ հանրային շահ»։
Հայաստան, ըստ զեկոյցին, յետ-խորհըրդային երկիրներէն կը զիջի միայն Ուքրանիոյ, Վրաստանի ու Մոլտովայի, իր ետին թողելով Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւնները, Պելոռուսը, Ռուսիան եւ Ատրպէյճանը։