Հաղորդագրութիւն Թիւ 1
«Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման միջոցներ որդեգրելու նպատակով կայացած ընդլայնուած խորհրդակցական նիստէն բխած Շտապը կազմուեցաւ հետեւեալ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներէն.
ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն – Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն – Յակոբ Սիմոնեան
ԱՖՀԻԼ – Յակոբ Լատոյեան
Երեսփոխանական գրասենեակ- Ռաֆֆի Մարգարեան
Շտապի պատասխանատու – Աւետիս Կիտանեան
Ճգնաժամի անմիջական հետեւանքներու յաղթահարման ձգտող ծրագիրներու գործունէութեան ընթացքին շտապի կազմին, ըստ անհրաժեշտութեան, կը ներառուին ընկերաբժշկական տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հաղորդագրութիւն Թիւ 2
|«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը հանդիպում մը ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի, Ճինիշեան հիմնարկի, Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէններուն հետ: Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Շտապի պատասխանատուն է նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան:
Յետ քննութեան եւ յառաջիկայ զարգացումներու առ ի կանխազգուշական նախապատրաստութեան` որոշուեցաւ, որ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոնը, Ճինիշեան հիմնարկն ու Գարակէօզեան հաստատութիւնը կը գործեն ներկայ փուլի համապատասխան կշռոյթով` միշտ նկատի ունենալով ժողովուրդին առողջապահական անվտանգութիւնը:
Առ այդ որոշուեցաւ.
1.- Կեդրոնները կը գործեն առաւօտեան ժամը 8:30-12:30:
2.- Կեդրոնները կ՛ընդունին առողջապահական անմիջական եւ անյետաձգելի պարագաներ` տուեալ ժամանակամիջոցին:
3.- Խուսափելու համար անտեղի շրջագայութենէ եւ վարակումի առիթ տուող խճողումներէ, ընթացիկ առողջապահական խնդիրներ ունեցող պարագաները կրնան հեռախօսի ճամբով խորհրդատուութիւն ստանալ կամ ժամադրութիւն ապահովել` հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն.
ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոն – 01-253793, 01-253794
Ճինիշեան հիմնարկ – 01-261008
Գարակէօզեան հաստատութիւն – 01-263030, 01-241633
Երեսփոխանական գրասենեակ – 03-273800
Յառաջիկայ օրերուն Շտապը նոր նախաձեռնութիւններու մասին համապատասխան տեղեկութիւններ կը փոխանցէ:
«ՔՈՐՈՆԱ»-Ի ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ՇՏԱՊ