Հաղորդագրութիւն Թիւ 10
«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը լիբանանահայ հայրենակիցներուն կը կատարէ հետեւեալ փոխանցումները.
Ա) Հականեխիչ դեղերու փաթեթներու բաժանումի առաջին փուլէն ետք (3000 հատ), անցնող երկու օրերուն բաժնուեցաւ նաեւ 1500 փաթեթ եկամտազուրկ եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն: 4500 փաթեթի բաժանումով կ՛աւարտի հականեխիչ դեղերու ծրագիրը:
Բ) Համաձայնաբար եւ գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երեքշաբթի կէսօրին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը 300 տարեց հայորդիներու բաժնեց տաք ճաշ: Այս օժանդակութիւնը պիտի կատարուի շաբաթական երկու անգամ:
Գ) Բարեսիրական եւ ընկերաբժշկական կեդրոնները ներդաշնակութեամբ կը շարունակեն գործել եւ իրենց ծառայութիւնները մատուցել կարիքաւոր պարագաներու:
Դ) Համայնքային կեդրոնները եւ այլ միութիւններ, իրենց կարգին, կա՛մ կանխկին դրամով կամ սննդեղէնի փաթեթով կը հասնին կարիքաւորներուն:
Ե) Յառաջիկայ օրերուն Շտապը պիտի բաշխէ սննդամթերքի 2000 կտրօն` յատուկ ճշդուած վաճառատուներէ գնում կատարելու համար:
Զ) Կարեւորութեամբ դարձեալ կը նշենք, որ բաշխումը կը կատարուի մեր տեղեկութեանց սահմաններուն մէջ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ հեռաւոր կամ մօտակայ շրջաններու մէջ գտնուող հայորդիներ կարիքի պարագային դիմեն մեր կեդրոնները կամ Շտապի թէժ գիծին, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ իրենց:
Է) Նկատի ունենալով, որ կարգ մը հիւանդապահներ անհրաժեշտութիւն ունին ներկայ փուլին բնակելու առանձին յարկաբաժիններու մէջ, անոնց աշխատանքը դիւրացնելու համար Շտապը նաեւ դիմեց յարկաբաժիններու ապահովման:
Հաղորդագրութիւն Թիւ 11
Շտապի Ծառայողական Գործին Ցարդ Նուիրուած Է
88.100.000 Լ.Ո. Եւ 31.840 Տոլար
Որքան Տանք, Աւելիով Օգնելու Կարող Կը Դառնանք
Մեկնելով երկրի տնտեսական-ելեւմտական տագնապի առկայութենէն, «Քորոնա»-ի ճգնաժամային Շտապը իր աշխատանքներուն լաւագոյն ընթացքին համար ընդհանուր հանգանակութեան չէ դիմած: Այսուհանդերձ, ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ կը յայտարարենք, որ ազնիւ հայորդիներ իրենց նուիրատուութիւններով կը մասնակցին ընդհանուր աշխատանքին:
Այս առիթով կը յայտարարենք, որ ցարդ գոյացած է 88.100.000 լիբանանեան ոսկի եւ 31.840 տոլար:
Ստորեւ` նուիրատուներուն ցանկը եւ նուիրուած գումարները:
1.- Լիբանանեան ոսկիով
– Ազգային Առաջնորդարան 20.000.000 լ.ո.
– Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն 13.500.000 լ.ո.
– Ժաք Պարսումեան 3.000.000 լ.ո.
– Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեաններ 5.000.000 լ.ո.
– Ազգային մը 10.000.000 լ.ո.
– Ազգային մը 1.000.000 լ.ո.
– Տէր եւ տիկին Արա եւ Վարդի Գէորգեան (Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար) 2.000.000 լ.ո.
– Հայուհի մը 100.000 լ.ո.
– Պետրոս Թորոսեան 3.000.000 լ.ո.
– Վաչէ Սաղըրեան 6.000.000 լ.ո.
– SALTEK հաստատութիւն 5.000.000 լ.ո.
– Հրանդ եւ Փաթիլ Խտըրլարեան 300.000 լ.ո.
– Ազգային մը 5.000.000 լ.ո.
– Տէր եւ տիկին Ստեփան Տէր Պետրոսեան 3.000.000 լ.ո.
– Կարէն Աբրահամեան 1.500.000 լ.ո.
– Ազգային մը 5.000.000 լ.ո.
– Մոսին Չաւտարեան 2.000.000 լ.ո.
– Ուզունեան ընտանիք 1.000.000 լ.ո.
– Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան 1.000.000 լ.ո.
– Դրօ Մանտալեան 600.000 լ.ո.
– Ազգային մը 100.000 լ.ո.
2.- Ամերիկեան տոլարով
– Ազգային մը 10.000
– Նազարէթ Պարսումեան 500 $
– Ազգային մը 2500 $
– Ազգային մը 5000 $
– Ազգային մը 3000 $
– Սերժ Նալպանտեան 1000 $
– Jewellery Dikran 500 $
– Մարք եւ Ռանա Սէյֆ Աւետիքեան 500 $
– Դոկտ. Ռուբէն Ավշարեան 1000 $
– Գէորգ Բնթիքեան 100 $
– Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան 1000 $
– Րաֆֆի Գէորգեան 540 $
– Ոսկերչական հաստատութիւն մը 4000 $
– Կապի Ջննոզեան 500 $
– Հրայր Պօղոսեան 1000 $
– Տոքթ. Իշխան Եղիայեան 700 $